«Արևելքը» գրում է.
«Թրքական հետախուզական ծառայութիւնը իր սուրիացի վարձկաններուն հրաման տուած է շարժելու դէպի Ատրպէյճանին միացած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի խորքը, կը հաղորդէ Militarist Telegram ալիքը:
Տարածաշրջանին մէջ նոր բախումներու պարագային իր մարդիկը ունենալու ցանկութեան հետ միասին թրքական հետախուզութիւնը կը նախատեսէ նաեւ բնակեցնել 10 նոյեմբերի պայմանագրով հայ բնակչութեան կողմէ լքուած տարածքները: Այդպէս, «Սուլթան Մուրատ» ջոկատի զինեալները (հիմնական թուրքմէններ) ոչ միայն պարգեւատրում կը ստանան այնտեղ մնալու համար, այլ նաեւ` նիւթական օգնութիւն եւ սարքեր` իրենց ընտանիքներուն Սուրիայէն տեղափոխելու համար:
Տեղեկութիւններ կան, որ թրքական հետախուզութիւնը նոյնիսկ գրասենեակ բացած է Աֆրինի մէջ` այդ նպատակներով մարդոց հաւաքագրելու համար: Այնուամենայնիւ, փափաքողները դեռ քիչ են, քանի որ Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուածներու յուղարկաւորութիւնները դեռ կը շարունակուին»։