Գրելու այս պարտքը վիշտոտ վիշապի պէս վիզիդ կը փաթթուի եւ ամէն տարի կը դառնայ աւելի ծանր եւ դժուարին:Հողին տուած հոտին, անոր ուշացած անձրեւներուն եւ շնորհած որոնումներուն հետ Վազգէն Սարգսեանի չապրած այս ժամանակի կիրքը դանակի հարուածներ կու տայ:Ու առաջին անգամն է որ նիւթի մը մասին գրելէն առաջ, այսքան կուտակուած ծանրութիւն կը հաւաքուի մէջդ:Ծանր է բառը թուղթին վրայ: Ծանր է Վազգէնի ձգած բեռը մեր ուսերուն:
Ու ինչ հեգնական է գրողական այս ամէնինչը երբ հերոսի մասին գրելը, անոր նահանջներուն ու մեծ կորուստին մասին գրելը կը դառնայ տեսակ մը սպասում: Իսկ թուղթին դիմաց լռելու պահը հաւարտիմ լռութիւն:
Վազգէնը համայնականի հերոսն էր: Ժողովուրդի մը համար որուն հիմնական նպատակներէն է հերոս վարկաբեկելը, հերոս սպաննելու, հերոս անճիտելու ձեւը:
Այդպիսին է մեր ժողովուրդը: Հակահերոս, մաքուրը չտեսնել փորձող: Իր ճանապարհին վրայ մոմեր վառող մարդուն անտեսող: Ու նոր չէ այս սոսկալի տեսանկին ներկայութիւնը:
Վազգէն այդ տեսակին դէմ պայքարելով հասաւ իր վերջին հողակտորին:Անոր մէջ խառնելու համար իր ընդհատուած կեանքի, իր գործի ու իր բառի վերջին մասը:
Բայց ո՞վ գիտէր որ ան հայու գնդակներով պիտի հեռանար: Բայց ո՞վ նկատած էր որ պատմութեան փոշիներէն, մեր ժողովուրդի արգանդէն յարնող այս կերպարը նոր թուական պիտի կերտէր մեր ժողովուրդի նորագիր պատմութեան համար:Վազգէն Սարգսեանի համար վաղուց, շատ վաղուց պարզ մեր ժողովուրդի դժուար նկարագրին յայտնի գիծերը ու այդ առիթով էր նաեւ որ ան յայտարարած էր ՝«Պատմութիւնն այսօր մեզ հրաշալի հնարաւորութիւն է ընձեռել՝ վերյիշել մեր նախնեաց փառքը հասնել ժամանակի գնացքին:Աւելին՝ մեր ողջ պատմութեան ընթացքում մենք երբեք աւելի մօտ չենք եղել մեր վերջնական յաղթանակին:էլի մէկ երկու լիարժէք քայլ, էլի մի քիչ համբերութիւն, փոխադարձ հանդուրժողականութիւն եւ 21 –րդ դարը մերն է լինելու»:
Ինք լաւ գիտէր որ մեր ներվին, մեր երակին մէջ միշտ hոսած է անհանդուրժողականութեան թոյնը:Ու ատ թոյնն է այսօր որ մեզ կը հալածէ ամէնուրէք:Ամէնուրէք մեզ կը տարանջատէ, ամէնուրէք կը հարուածէ, ամէնուրէք մեզ կը փորձէ խաչել բայց հանդիպելով հզօր դիմադրութեան տեղի կու տայ տեսակին առջեւ: Այսքան դարերէ ետք, այսքան անկումներէ ետք, ոտքի կանգնած, հարուածուած բայց չինկած, կեղեքուած բայց ծունկի չեկած, քշուած բայց չանյետացած, արիւնլուայ եղած ու նորէն յաղթած տեսակն է Վազգէնի տեսակը:
Պարզորոշ է որ 27 Հոկտեմբերը նորակերտ հանրապետութեան հիմերը հարուածել փորձող թուական մըն է որուն օրուան լրումին հետ մեր ժողովուրդը հողին տուաւ իր ամէնէն հերոս ու ամէնէն ազնիւ զաւակները: Անոնք որ իրենց ձեռքերով, իրենց ափերուվ ու եղունգներով կերտեցին այս ճանապարհը:
Միշտ այդպէս է եղած մեր հերոսները չեն իյնար թշմանիին գնդակով: Մեր հերոսները չեն իյնար ճակատին վրայ, մեր հերոսները չեն մեռնիր պատերազմի պայթումներէն այլ անոնք կը հարուածուին մեր մարմնին ամէնէն նեխած անկիւններուն մէջ պահուած մանրէներուն թոյներուն աշխուժացումով:Վազգէնը գիտէր այս բոլորը ու գիտէր նաեւ որ անկարելի է մարդու մարմինը ամբողջութեամբ մաքրել թոյնէն ու մանրէներէն: Գիտէր նաեւ որ պատերազմի դաշտին վրայ առնուած վէրքը անպայման պիտի սպի դառնայ:
Այդպէս էր: Ու վստահ այդ գիտակցումին բարակ կարմիր թելին վրայէն քալելով էր որ պիտի հասնէր իր վերջին հանգրուանին կրակոտ սրտերուն մէջ ձգելով հիւլէ մը իր բոցերէն:
Այն բոցերէն որոնք պայծառ օր մը պատրաստ պիտի ըլլան Հայրենիքի զինուոր դառնալու:
Վազգէնի համար գերխնդիրը ճակատագրին դիմաց կենալն էր: Այդ ճակատագրէն չխուսափիլն էր: Այդ մասին կը վկայէ մեր ժամանակներու հզօր անուններէն ՝Հրանդ Մաթեւոսեան գրողը որ Սպարապետին մասին վկայութիւն մը տալով ըսած է «Մեր կեանքերից առաջ՝մեզ չհարցնելով, գրել էին՝ թէ պէտք է ապրենք կէս- կեանքով եւ թէ մեր թափած ջանքը խորտակուելիք նաւի վրայ է:Սա հասու էր բոլորիս, բայց աղէտի ու վերածնութեան մարտահրաւէրն անմիջապէս ընդունեցին քչերը, նրանք ովքեր տեսան ու լսեցին այն, ինչ տեսան ու լսեցին. Դա այդ քչերի այդ առաջամարտիկների առաքինութիւնը չէր, ինչպէս որ շատերիս, գեթէ բոլորիս մեղքն ու արատը չէր այն, որ յապաղեցինք-յապաղեցինք, որովհետեւ չտեսանք այն, ինչ տեսանք, խլացանք ու չլսեցինք այն, ինչ լսեցինք, որովհետեւ չուզեցինք հաւատալ, որ մեր դուռը թակում է ինքը՝ ճակատագիրը»:
Վազգէնի համար գերխնդիր էր նաեւ բանակի զինուոր կերտելը:Վազգէն իր ճիգով յաջողեցաւ պատմութեան փոշիէն դուրս հանել զինուորի կերպարը ու բացատրեց որ ամէնէն առաջ ու վերջ յաղթելու համար, պատերազմի վիշապի կրակալեզու բոցերուն դէմ կանգնելու համար մեզ պէտք էր քաջ զինուոր: Մեզ պէտք էր մահապարտ զինուոր որ մահուան աչքերուն մէջ նայի ու պոռա՛յ: Զինուոր որ մահուան աչքերուն մէջ նայի ու հարուածէ՛: Զինուոր որ մահուան աչքերուն մէջ նայի ու յաղթէ:Յաղթանականած զինուորի կերպարը ստեղծեց Վազգէն որուն բացած ճանապարհէն պիտի քալեն այսօրուան Հայաստանի բոլոր զինուորները:
Աւարտին Սփիւռքի մասին խօսելով հարկ է արժանիօրէն նշել որ Վազգէնի ծանօթացումը յատկապէս Սփիւռքի մէջ դեռ երկար ճանապարհ ունի կտրելիք: Հպարտառիթ է որ Սփիւռքն ամէն առիթի մեր անցեալի հերոսներու յիշատակով կապրի: Անոնց համար ոգեկոչման առիթներ կը ստեղծէ, կը յարգէ յիշատակն անոնց ու որպէս նոր պսակ այդ հերոսներուն անուններով կը մկրտէ նորահաս սերունդի զաւակներուն անունները:Այսքանը հասկանալի է: Ու սակայն կենսական է նաեւ որ Վազգէնն ու իր հետ զոհուած հերոսները դառնան ոգիի մկրտարան: Խօսուի անոնց մասին, որպէսզի հուր ու կրակ աչքեր ունեցող մատղաշները սորվին անոնց դասերէն: Սորվին Վազգէնի ու իր տեսակի ընկերներուն մասին որ չթուի թէ այսօրուան հայաստանի տաք եւ պաղ անկիւններէն բարձարացող աղմկարարներուն է միայն մեր հայրենիքը:
Հայրենիքիը բազմնաբովանդակ է, ամբողջական ու այդ պատճառով է նաեւ որ անոր երկինքին տակ կը հաւաքուին որոմն ու ցորենը:Սակայն կարեւորն այն է որ ցորենի ճանապարհներուն մասին խօսուի Սփիւռքի մէջ ու Վազգէնի ու Վազգէններու տեսակին մասին ապահովաբար:
Աւարտին այսօրուան այս յոյզերու ընդհանուր պատկերին դիմաց պէտք է հաւատալ որ Վազգէնն ու իր ընկերները նահատակ չդարձան, չզոհուեցան որպէսզի այսօրուան Հայաստանը թուլանայ կամ նահանջէ:
Հիմա տեղքայլի ժամանակներ են:
Վաղուան գալիք օրը կրնայ նոր օրհասներ բերել իր հետ:
Այդ մասին պէտք է մտածել:
Կարեւորն այն է սակայն, որ հերոսներու արիւնով կերտուած այս հողակտորը այս հպարտ Հայաստանը կայ: