Ասատեան վարչակարգը արդէն երկու տարիէ ի վեր իր իմացած խաղի կանոնները կուզէ պարտադրել Սուրիոյ տագնապին հետ մօտէն կամ հեռուէն առնչութիւն ունեցող կողմերուն հետ: Այս խաղը բացի անկէ որ արիւնոտ է ու դաժան, դարձած է օթեկ ու հնամենի: Հաֆէզ Ասատէն ժառանգուած որդի Ասատի հարցերու քննարկումը ձգձգելու, ապատեղեկատուութեան զարկ տալու, տագնապները թաքցնելու խաղաոճը այսօր արդէն կը պատկանի անցեալին:
Բացի անկէ, որ արեւմուտքի ազդեցիկ ներկայացուցիչները մէկը միւսին ետեւէն մամլոյ ասուլիսներով կը յայտարարեն, որ Ասատեան վարչակարգը սպառած է ու ալ գործելու խաղադաշտ չունի, անոնք կըսեն նաեւ, որ այլեւս խաղը հասած է իր աւարտին:
Այս բոլորին դիմաց ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի Սուրիան հարուածել-չհարուածելու մասին եղած երկմտանքը տեղ մը «Արեւմուտքի դիմադրութեան» ճակատին համար խորունկ շունչ մը քաշելու առիթ հանդիսացաւ: Նոյն այդ ճակատի ներկայացուցները՝ Իրան, Ռուսիա եւ Լիբանանի Ասատեան վարչակարգին սերտ դաշնակիցները, փորձեցին ամէն գնով օգտուիլ Օպամայի «երկմտանքէն» ու երեւոյթը մեկնաբանեցին որպէս վախի արտայայտութիւն: Դէպքերուն աւելի խորքային կերպով նայողին համար սակայն խնդիրը վախի արդիւնք չէր: Երբե՛ք: Այս մասին գրած է Րաղէտա Տրղամ Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Հայաթ» օրաթերթին մէջ, անդրադառնալով Օպամայի երկնտանքին մասին նկատել տալով, թէ Օպամա ոչ թէ կը սոսկայ Սուրիան հարուածելու որոշումը մինակն առնելու ընտրանքէն, այլ կուզէ յենուիլ Գոնկրէսի ու նաեւ Եւրոպայի բարոյական համաձայնութեան: Նոյն առումով է, որ Պարաք Օպամա ձարական Ռուսիոյ երբեմնի շքեղ մէկ ոստանին՝ Սէնթ Փէթէրսպըրկի մէջ յայտարարեցթէ իր համար պատերազմը ընտրանք չէ ու ինք պատերազմի սիրահար մը չէ: Այս մասին Օպամա բառացիօրէն ըսաւ «Ես պատերազմի սիրահար մը չեմ. ու նախագահ ընտրուելուս առաջին օրէն իմ համար գերագոյն խնդիր է որ առկայ պատերազմները դադրին. բայց յաճախ կը պատահի, որ մարդ ստիպուած կըլլայ իր սկզբունքները պաշտպանելու համար դժուար որոշումներ առնել, ու Սուրիոյ դէմ ըլլալիք հարուածը այդ դժուար որոշումներուն շարքին մէջ կիյնայ»:
ԱՄՆ-ի նախագահը այսօր բոլոր տուելաները ունի, որ պատռէ նոյն «դիմադրութեան ճակատ»-ին կողմէ իրեն համար պատրաստուած թղթէ վագրի պատկերը: Վիպական պիտի չհնչէ այս խօսքը, ու գալիք օրերուն տեղի ունենալիք զարգացումները պիտի ուրուագծեն, որ եթէ նոյնիսկ ԱՄՆ տակաւին Սուրիոյ տագնապին վերջնական լուծում մը տալու մասին չէ մտածած, սակայն տագնապին յետագայի ընթացքը մեծապէս կախեալ է ԱՄՆ-ի ու յատկապէս Պարաք Օպամայի տալիք վճիռէն:
Վերջին տուեալներուն համաձայն Օպամա Ուաշինկթըն վերադառանալով սպասուած ճառ մը պիտի արտասանէ ոչ միայն Ամերիկացի ժողովուրդին, այլ ամբողջ աշխարհին համար: Վ. Փութինի աչքերուն խորքը նայած այս գործիչը պիտի ջրէ բոլոր այն տեսակէտները, որ ԱՄՆ «հիւանդ կայսրութիւն» է, ու անհնարին է անոր համար աշխարհի ժամացոյցին սլաքներուն ճակատագիրը տնօրինել:
Օպամայի ձեռքի ժամացոյցին ու այդ սլաքներուն համահունչ պիտի շարժի աշխարհի ժամացոյցը պատժելու համար մարդկութեան վերջին շրջանի ամէնէն զազրելի սպանդներէն մէկուն կազմակերպիչը ՝ Պաշշար Ասատի ամբողջ վարչակարգը:
«Դիմադրութեան ճակատ»-ի հետեւորդները, որոնք մինչեւ հիմա դիմակաւոր էին, վերջին օրերուն սկսան խոր մարդկային քարոզներ տեղացնել ամենուրէք, Նիւ Եորքէն Պէյրութ, Լոնտոն, Փարիզ ու Եգիպտոս: Տակաւին գտնուեցան շատեր, որոնք փորձեցին ու դեռ պիտի փորձեն պախարակել Օպամայի` Սուրիան հարուածելու որոշումը, ու շատ բնական է, որ տակաւին երկար ժամանակ կարդան իրենց ողբասացութիւնները: Ողբասացութեան իմաստն ի՞նչ է, արդարութեան իմաստը ո՞րն է, երբ զազրելի, անընդունելի սպանդներու առջեւ նոյն այդ հրեշատակատիպ դէմքերը երկու տարիէ ի վեր իրենց հանգիստի ժամերուն պատկեարսփիւռէն կը հետեւէին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող սպաննութիւններուն եւ իրենց մեռելային լռութիւնէն դուրս չեկան ու մահասփիւռ Ստալինեան Րէժիմին ջարդերը չդատապարտեցին:
Երեւի անոնք արձակուրդի էին ղրկած իրենց տառապող Խիղճը:
Ռուսական թելերուն մասին խօսելու համար կարելի է նշել, որ սուրիական այս երկարատեւ արիւնաքամ իրավիճակին մէջ Ռուսիա անուղղակիօրէն փորձեց վրէժ լուծել Միացեալ Նահանգներէն: Երեւելի է նաեւ, որ Փութինի մօտ Խորհրդային Միութեան սպի չդարձած վէրքին ցաւը կը կոտտայ: Պարզ է նաեւ, որ այս արիւնոտ խաղին մէջ ռուսն ու ամերիկացին աշխարհը բաժնեցին երկու մեծ իրերամերժ հատուածներու:
Հատուածներու բաժանումը շատ բնական երեւոյթ է, բայց ամերիկեան հաւանական հարուածին դէմ հանդէս եկող ճակատին մօտ բողոքելու ընթացքը իրաւացի չէ ու նոյնիսկ մակերեսային: Նոյն այդ բողոքողները պիտի չուզէին, որ բռնակալ մը զիրենք առաջնորդէր, կամ քիմիական զէնքերու օգտագործումը դառնար համատարած ու հազարաւոր անմեղ մարդոց կեանքին վերջակէտ դներ:
Այս դիտանկիւնէն պէտք է նայիլ հարցերուն, մանաւանդ որ Օպամա եւ իր համախոհները քանիցս շեշտեցին, որ Ասատեան վարչակարգին դէմ ըլլալիք հարուածը նաեւ քաղաքակիրթ աշխարհի պատասխանն է բռնակալներուն ու բոլոր անոնց, որ ապագային միտումներ ունին բռնի ուժով ղեկավարելու կամ բռնութեամբ վարուելու իրենց հետ համակարծիք չեղող ու անզէն հաւաքականութիւններուն հետ:
Բայց այս փաստարկները յօդս կը ցնդին, երբ նոյն «մարդասէրները» փողոցներուն մէջ պիտի պոռան «Օպամա, ձեռքերդ հեռու պահէ Սուրիայէն» :
Այս բոլորին մէջ է, որ ուշադիր հայացքով պէտք է լսել Պարաք Օպայամի կատարած այն յայտարարութիւնը, ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահը կըսէր, որ պիտի հարուածէ Ասատեան ուժերուն կարեւոր ու ռազմակավարական իմաստ ունեցող կեդրոնները: Այսօր շատ պարզ է, որ Օպամա ոտքի չէ ելած հէքիաթ կարդալու:
Զինուորական հարուածը պիտի կատարուի ուշ կամ կանուխ, ու Պաշշար Ասատ անպայամանօրէն պիտի նետուի պատմութեան փոշիներուն մէջ, սակայն Պարաք Օպամայի այս կարեւոր ու հանդարտ կերպով որոշում առնելու եղանակը պիտի ամրագրուի պատմութեան մէջ:
Զգացական զեղումներու, մարդկային պոռթկումներու, ջղային ու հիսթէրիք պահերու տարբանքին տրուելով չէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր որոշումները կը կայացնէ:
Խաղաղութեան առաջամարտիկ է Պարաք Օմապա ու իր օրերուն է, որ ԱՄՆ իր ուժերը հեռացուց Իրաքէն ու շուտով վերջ պիտի տայ Աֆղանիստանի մէջ Ամերիկեան ուժերու ներկայութեան:
Ինչ խօսք, որ անոր նախորդներու սխալ ու արիւնարբու գործելաձեւը այսօրուան իրավիճակին հասցուց մեզ բոլորս: Կարեւոր է նաեւ մատնացոյց ընել, որ Սուրիոյ մէջ այս միջամտութեամբ Պարաք Օպամա յաւելեալ լեղի բաժակ մը պիտի խնայէ աշխարհին ու բանակցութեան նոր առիթ տայ կորիզային թղթածրարով արդէն ծանրացած ու յոգնած Իրանին:
Ամերիկեան հաւանական հարուածին մասին մտածելով` պէտք է նաեւ հասկնալ, որ զինուորական այս միջամտութիւնը Սուրիոյ ընդդիմութեան համար վերջին փորձաքար ու վերջին կարեւոր առիթ պիտի ըլլայ: Սուրիոյ փրկութեան բանալիները ոչ Պարաք Օպամայի, ոչ Վլատիմիր Փութինի ու ոչ ալ յատկապէս Պաշշար Ասատի մօտ են այլ Սուրիոյ ընդդիմութեան:
Ու եթէ նկատի առնենք ընդդիմութեան այսօրուան դրութիւնը կարելի է հաստատել, թէ եթէ նոյնիսկ ընդդիմութիւնը ամբողջ արեւելքի նեցուկը չունի, ունի յատկապէս Արաբական աշխարհին ամբողջական նեցուկն ու մնայուն հաստատակամ զօրակցութիւնը:
Չմոռնանք, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան յաղթանակը նաեւ յաղթանակն է Արաբական աշխարհին: Ու ապահով է, որ Արաբները դէմ են, որ Հալէպը կամ Դամասկոսը նոր Գանտահարի կամ Իրաքեան «ալ Րամատի»-ի վերածուին:
Սուրիան այդ քաղաքներու նախադրեալները չունի արդէն: Իսկ ինչ կը վերաբերի «թերահաւատ» քրիստոնեաներուն, անոնք ալ պէտք է համոզուին, որ Ասատեան վարչակարգը անվերադարձ մեկնած է պատմութեան խորխորատներուն գիրկը:
Աւարտին վերադառնալով Պարաք Օպամային բոլորը կը սպասեն անոր խօսքին: Նոյնիսկ անոնք, որ կը ծաղրեն զինք ու առիթ չեն փախցներ ընկերային ցանցերու վրայ ծաղրական անոր ծաղրապատկերը տեղադրելու:
Եթէ Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոնտոնի «հանգիստ» քաղաքացիները «Ո՛չ պատերազմին» պոռալով բողոքի հաւաքներ կը կատարեն, ապա Դամասկոսի, Հալէպի եւ Տէր Զօրի մութ նկուղներուն մէջ եղող Սուրիացի անզէն քաղաքացիները կը յուսան, որ նախագահ Պարաք Օպաման ճիշդ որոշումը տայ ու արդար պատիժը տնօրինէ:
Պահը պատմական է. նախագահ Պարաք Օպամա պատմութիւնը կերտելու բոլոր տուեալները ունի, որովհետեւ խաղաղութեան ճանապարհը կը հարթուի միայն այն ատեն, երբ դահիճը իյնայ: Ու իր ընելիքը համայն աշխարհին պատասխանն է Ասատեան ջարդերուն եւ սպանդին դիմաց:
Սագօ Արեան