Hayeli.am-ը գրում է.
Վարչապետի պաշտոնակատար Նիկոլ Փաշինյանը դեկտեմբերի 17-ն ընդունել էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսի անունից Հայաստան ժամանած պատվիրակության ներկայացուցիչներին: Նորի սրբության անունից պատվիրակությունը նամակ է փոխանցել Նիկոլ Փաշինյանին, որը ներկայացնում ենք ստորև.
«Մեծայարգ
Տիար Նիկոլ Փաշինեան
Վարչապետի պաշտօնակատար
Հայաստանի Հանրապետութեան
Երևան
Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան,
Օր մը երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ միասին լիճին միւս ափը կ՚անցնէր, զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը, եւ ապա, ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ, խաղաղութիւն տիրեց (Ղուկ. 8, 22-25)։ Անցնող ամիսներուն, մեր ժողովուրդը հայրենիքին կեանքին մէկ ափէն առաջնորդեցիք միւս ափը։
Փոթորկեցաւ մեր կեանքի լիճը։ Սակայն, շնորհիւ մեր ժողովուրդի հաւատքին ու կամքին եւ ապա խորհրդարանական ընտրութեամբ, խաղաղութիւն տիրեց Հայաստանէն ներս։ Ներկայ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մնայուն ու ամուր՝ հաստատուած «սիրոյ ու համերաշխութեան» զօրեղ հիմերուն վրայ։
Ջերմօրէն կ՚ողջունենք իր կեանքը յեղափոխելու մեր ժողովուրդին քաջութիւնն ու տեսլականը։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նաեւ Ձեր ընտրութիւնը։ Շուտով. եւ աւելի բարձր պատասխանատուութեամբ, պիտի լծուիք հայրենիքի ծառայութեան այնքան նուիրական առաքելութեան։ Հայրենիքին ծառայելը գերազանցօրէն առաքելութիւն է։ Այս համոզումէն մեկնելով, պիտի ուզէինք Ձեզի հետ բաժնել կարգ մը մտածումներ ու սպասումներ.-
– Հայաստանի մէջ կատարուած յեղափոխութիւնը, իր էութեամբ, ժողովրդակեդրոն շարժում մըն էր։ Տարիներու ընթացքին կուտակուած ժողովրդային ընդվզումը առիթ կը փնտռէր պայթելու։ Դուք այդ խայծը ու մղիչ ուժը հանդիսացաք։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ Ձեր հայրենակերտ առաքելութեան հիմքը, ուղղուածութիւնը ու նպատակը շարունակէ մնալ ժողովո՛ւրդը։ Արդարեւ, իսկական ղեկավարը ժողովուրդին հարազատ ծնունդն է ու հաշուետու է ժողովուրդին։ Ժողովուրդը մեծ ակնկալու-թիւններ ունի Ձեզմէ ու Ձեր կառավարութենէն։
– Սպասելի է, որ Ձեր կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ փորձառու, մասնագէտ ու մանաւանդ վստահելի եւ հայրենանուէր անձերէ։ Մօտիկ անցեալին քորուբցիայի ու մենաշնորհներու գծով հայրենի ժողովուրդին ապրած դառն փորձառութիւնը, վստահաբար Ձեզ պիտի մղէ բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութիւն ցուցաբերել ոեւէ ձեւի ու չափի արատաւոր երեւոյթներու նկատմամբ։ Օրէնքն ու արդարութիւնը պէտք է ըլլան բոլորէն վե՛ր ու բոլորի՛ն համար։
– Յեղափոխութիւնը իր աւարտին չէ հասած, պէտք է շարունակուի տարբեր ձեւաչափերով ու շեշտաւորումներով՝ հայրենի կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։ Ժամանակն է, որ խօսքը գործի վերածուի եւ՝ գործը դառնայ ծրագիր, գործընթացք, այնպիսի առաջնահերթութիւններու ճշդումով, որոնք ըլլան համահունչ ժողովուրդի կարիքներուն ու սպասումներուն եւ ներկայ պայմաններուն։
– Ակնկալելի է, որ պատասխանատուութիւնը, թափանցիկութիւնը ու հաշուետուութիւնը դառնան Ձեր գլխաւորած կառավարութեան աշխատանքին հիմնական սկզբունքները։ Այս սկզբունքներն են, որոնք պիտի երաշխաւորեն իւրաքանչիւր նախարարութեան եւ կառավարութեան աշխատանքին որակը ու վստահելիութիւնը։ Այս սկզբունքներն են, որոնք Ձեր իշխանութիւնը գործնապէս պիտի դարձնեն ժողովուրդի՛ն իշխանութիւնը։
– Արտաքին ճակատին վրայ, անկասկած որ Հայաստանը պիտի յարաբերի ու գործակցի մեկնելով իր ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն։ Միաժամանակ, չենք կրնար անտեսել ընդհանրապէս ներկայ աշխարհին եւ յատկապէս Կովկասին առնչուած աշխարհաքաղաքական շահերուն հոլովոյթը։ Ներկայ ժամանակներու բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներու ու մարտահրաւէրներու յորձանուտին մէջ թիավարելը, գիտե՛նք, դժուար է մեր փոքր երկրին համար։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ ճկուն ու զգօն մեր մօտեցումներուն մէջ։
– Արցախը, բնականաբար, պիտի դառնայ Ձեր օրակարգի գլխաւոր խնդիրներէն մէկը։ Ինչպէս ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման, նոյնպէս Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման, եւ Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գծով մեր ողջ ժողովուրդին յստակ ու անսակարկելի կեցուածքը ծանօթ է Ձեզի։ Վստահ ենք, հետեւաբար, որ մեր ժողովուրդին կեցուածքին թարգմանը պիտի հանդիսանաք միջազգային շրջանակներէն ներս։
– Սփիւռքը, իր կարգին, սպասելի է որ առաջնահերթ տեղ գրաւէ Ձեր կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագրին մէջ։ Շուրջ 25 տարիներու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, իր դրական թէ թերի երեսներով, հարկ է որ ըլլայ յուշարար ու ուղեցոյց՝ վերարժեւորումի ու վերակազմակերպումի ենթարկելու այս յոյժ կարեւոր բնագաւառը։ Արդարեւ, Սփիւռքի ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը համահայկական թեմաներու ու մարտահրաւէրներու քննարկման, համահայկական կառոյցներու ու մեքանիզմերու հաստատումով, կրնայ մեծապէս նպաստել համահայկական մտածողութեան ձեւաւորման ու գործակցութեան զարգացման։ Նման աշխատանք մը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական. եւ նշեալ առաջադրանքներու իրագործման մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը՝ առանցքային։
– Նոր Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը, միջազգային վկայութեամբ մեր ժողովուրդին յաղթանակն է, ինչպէս նաեւ՝ մեր հանրապետութեան վարկ ապահովող ժողովրդավարութեան քոնքրէթ արտայայտութիւն մը։ Ձեր առջեւ կը բացուի մեր ընդհանրական շահերու ու գերագոյն արժէքներու շուրջ մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։ Մեր սպասումն է, որ այլեւս բաժանարար լոզունգները եւ այլապէս բեւեռացումներ ու խրամատեր յառաջացնող մօտեցումները հեռանան մեր ժողովուրդի կեանքէն։ Անհրաժեշտ է բազմակարծիքութեան լայն տեղ տալ մեր քաղաքական մտածողութեան եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքէն ներս, որպէսզի կարելի դառնայ մեր ժողովուրդին, Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ, ողջ ներուժը ի սպաս դնել հայրենիքի հզօրացման եւ մեր գերագոյն իղձերու իրականացման։
Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան,
Աւետարանով սկսանք Մեր խօսքը, կ՚ուզենք Աւետարանո՛վ վերջացնել։ Օր մը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.- «մարդիկ իմ մասիս ի՞նչ կ՚ըսեն…» (Մարկ. 8, 27)։ Յիսուս որ Աստուած է, իր երկրաւոր առաքելութեան մէկ հանգրուանին ուզեց իմանալ ժողովուրդին կարծիքը իր մասին։ Ահա Քրիստոսին պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին, հոգեւոր թէ աշխարհական ղեկավարներուն, մեր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած բոլոր կառոյցներուն։ Ոեւէ ղեկավարի կամ կառոյցի յաջողութեան նախապայմանը ծանօթանալ է ժողովուրդին բազկերակին՝ զինք մղելու ինքնաքննութեան։ Արդ, վստահ ենք, որ Ձեր յառաջիկայ գործունէութեան ընթացքին յաճախակի առիթներով պիտի դառնաք ժողովուրդին, ունենալու համար Ձեր ծառայութեան իրա՛ւ արժեւորումը։
Դա՛րձեալ կը շնորհաւորենք Ձեզ։ Նոր Տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներու սեմին Ձեզի կը փոխանցենք Մեր հայրապետական օրհնութիւնը՝ մաղթելով ամբողջական յաջողութիւն Ձեր հայրենանուէր առաքելութեան մէջ։
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ»: