Յառաջիկայ սեպտեմբերին Սուրբ Էջմիածին պիտի հասնին Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը: Աշխարհի չորս ծագերէն Էջմիածին փութացող Սրբազան Հայրերուն մէջ լաւ պիտի ըլլայ, որ Նուրհան Պատրիարքն ալ իր ներկայութեամբ յարգէ ու պատուէ Հայաստանեաեց Առաքելեան Սուրբ եկեղեցին:
Այսօր, ցաւօք Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարքը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ուղղած իր սկանտալային նամակէն ետք չուզէր պատասխանել ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ Սփիւռքի լրագրողներուն: Ու զարմանալի է, որ Պատրիարքի անյարիր ու անսպասելի ոճով գրուած նամակը կարիքը պիտի ունենայ որոշ մեկնաբանութեան: Հիմա ի՞նչ է կատարուածը: Ի՞նչ միտումներով է, որ Պատրիարք հայրը այս սկանտալային նամակը ուղղեց, որ թերեւս Սուրբ Էջմիածին հասնելէն առաջ դարձաւ Հայաստանի լրատուական կայքերուն եւ մամուլին սեփականութիւնը:
Տխուր է, որ Հայրենի մամուլն ու լրատուական շատ մը կայքեր առանց այդ նամակին արդէն օր ու գիշեր կը փորձեն փնովանք ու անվայել խօսքեր հնչեցնել Ամենայն հայոց Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետին եւ Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկոսութեան հասցէին:
Տխուր է նաեւ, որ Հայաստանի լրագրողներէն շատ-շատերուն համար վաղուց արդէն յարգանքի, պատկառանքի ոչ մէկ սահման մնացած է: Էջմիածնի լուրերը զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար դարձած են բարձր վարկանիշ (Րէյթինկ- այս բառն անոնք շատ կը սիրեն) ապահովող «թօփ լուրեր»:
Այսօր իրականութիւն է արդէն, որ Երուսաղէմի Պատրիարքական Պատմական աթոռի գահակալ Տ. Նուրհան Պատրիարքը, որուն անտեղի նամակը, վստահ եմ, ոչինչ փոխելու կը միտի, յայտնուած է Սուրբ Էջմիածինը քարկոծներուն շարքերուն մէջ:
Ճիշդ է, որ նամակը ուրախութիւն պատճառեց Հայ եկեղեցիին դէմ պայքարողներու շրջանակներուն մօտ, բայց նոյն նամակին ժխտական հետեւանքները բնական է, որ ծանր ազդեցութիւն կրնան ունենալ նոյնինքն նամակագրին վրայ:
Վերադառնալով Սրբոց Յակոբեանց ազգընտիր Պատրիարքի այս գրոհին՝ կարելի է ընդգծել քանի մը կարեւոր փաստ.
Ա.-Իր կողմէն գրուած նամակէն անմիջապէս ետք Պատրիարք հօր Անթիլիաս հասնելու փութկոտութիւնը ընդհանրապէս անհասկանալի էր ու անտեղի: Պատրիարք հայրը, վստահ եմ, որ կրնար այլ տեղ անցընել իր արձակուրդը (եթէ արձակուրդ մը ընելու տրամադրութեան մէջ էր), որովհետեւ տրուած այցելութեան բնոյթը այլ ձեւով ընկալուեցաւ ամէնուրէք: (Թէկուզեւ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառը բնաւ պիտի չուզէր Պատրիարք-Ամենայն Հայոց վէճին միջամուխ ըլլալ):
Բ.- Եթէ կար տագնապ, ու եթէ Պատրիարք հօր համար մտահոգիչ դրոյթի մէջ յայտնուած էր Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցին, ապա գրուած նամակին միակ հասցէն Սուրբ Էջմիածինն էր: Չմոռնամ յիշելու, որ Նուրհան Պատրիարք իր ստորագրած նամակին մէջ գրած էր, թէ «հոգեւոր խորհուրդի անդամները պատկերներ են, ու եթէ ինք այդ իրավիճակին վերջ կ`ուզէր տալ (եթէ կար նման իրավիճակ), ապա ունէր մէկ հասցէ, եւ այդ հասցէն դարձեալ Սուրբ Էջմիածինն էր:
Գ.- Պատրիարք հայրը լաւ գիտէր, որ նմանօրինակ նամակներ ոչ մէկ արժէք պիտի ներկայացնեն, բացի անտեղի ու անհիմն շահարկումներէ, որոնցմէ ոչ մէկ օգուտ պիտի քաղէ նոյնինք՝ հայ եկեղեցիին:
Այսպէս է այսօրուան պատկեր, ու այս բոլորին վրայ կարելի է աւելցնել այն փաստը, որ Տ. Նուրհան Պատրիարքի համար վաղուան օրը կրնան լուրջ խնդիրներ ծագիլ, որովհետեւ իր հովանիին տակ գործող Երուսաղէմի եկեղեցականներէն շատերուն համար անընդունելի է ե՛ւ նամակին բովանդակութիւնը, ե՛ւ տարածման մեթոտը:
Եթէ այս բոլորին մասին գիտէ Պատրիարք հայրը, աւելի վատ, իսկ եթէ անծանօթ է, ուրեմն ժամանակն է, որ իմանայ:
Նոյն առումով Երուսաղէմի Պատրիարքութեան մօտիկ անձնաւորութեան մը հետ իմ ունեցած զրոյցիս ընթացքին (բնականաբար, ծանօթս երբեք պիտի չուզէր, որ իր անունը յիշատակէի) ան քանի մը կարեւոր փաստերու մասին խօսեցաւ: Սաղիմահայ ծանօթս նախ յայտնեց, որ վերջին ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Գարեգին Բ վեհափառ հայրապետը շնորհաւորած էր Պատրիարքին ընտրութիւնը, բայց Նուրհան Արք. Մանուկեան ոչ մէկ դրական կեցուածք ցոյց տուած էր առ Էջմիածին, այլ ընդհակառակը սկսած էր նեղ ու լայն շրջանակներուն մօտ քարկոծել Էջմիածինն ու անոր գահակալը:
Ծանօթս նաեւ յիշեցուց, որ Նուրհան Պատրիարք-Գարեգին Բ. հակակրանքը չի բխիր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարման աղմակայարոյց խնդրէն: Իր կարծիքով այդ վէճի կամ յարաբերութիւններու վատթարացման խնդիրը ունի շատ աւելի խոր եւ հին արմատներ: Նուրհան Պատրիարքը մոռցած է, որ զինք Եպիսկոսոս ձեռնադրողը նոյնինքն Գարեգին Բ Վեհափառ հայրապետն է: Իսկ հարցումի մը, թէ ի՞նչ արձագանք կրնայ ունենալ այս նամակը, խօսակիցս դժուարացաւ պատասխան տալ, բայց չբացառեց (ինչպէս վերը նշեցի) որ Նուրհան Պատրիարք կրնայ բաւական լուրջ եւ նոյնիսկ անկառավարելի իրավիճակի մը առջեւ յայտնուիլ: Ու բնական համարեց, որ այդ իրավիճակը երեւլի չըլլայ, եւ խմորումները միայն արձանագրուին Սրբոց Յակոբեանց պատմակակերտ վանքի պատերէն ներս:
Եկեղեցին Հայոց ոգիի եւ խիղճի իսկական ամրոցն է: Սա յօդուածի մը նեղ սահմաններուն մէջ հաստատուելիք իրողութիւն չէ, ոչ ալ՝ քննարկման առարկայ: Սա փաստ է: Դարաւոր իր մաքառումներուն, պայքարներուն ու նոյնիսկ Սովետական կարմիր րէժիմին մուրճի հարուածներուն դիմացած այս եկեղեցիին համար բնականաբար անունները մեծ նշականութիւն չունին: Կաթողիկոսներ, պատրիարք հայրեր, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, միաբաններ, հոգեւոր հովիւներ ու սարկաւագներ բոլոր ծառայելու ոգիով կուգան ծնրադրելու մեր եկեղեցւոյ տաճարներու Սուրբ խորաններուն առջեւ: Բոլորը յոյսի ու հաւատի ուրարով ուժեղացած կը միանան այդ ուխտին` ունենալով մէկ մէկնակէտ: Այդ մեկնակէտը երբեք քննարկման առարկայ չէ ու չի կրնար ըլլալ: Այդ մեկնակէտը յօդուածներով չի բացատրուիր ու ոչ ալ բաց եւ գոց նամակներէ կ`ազդուի: Այդ մեկնակէտը խնդրայարոյց ստորագրութիւններով կամ փնովելու ու պախարակելու փորձերով չի փոխեր իր ուղին իր ճանապարհը կամ պատմակշիռ պատգամը:
Նուրհան Սրբազանը վստահ պէտք է ըլլայ, որ իր մտահոգութիւնները զինք պիտի հասցնէին դէպի մէկ հասցէ՝ Սուրբ Էջմիածին: Եթէ Պատրիարքը անհանգստացած էր Նորվան Սրբազանի հրաժարման եղելոյթէն, ապա պիտի իր յօժար կամքով յայտնուէր Սուրբ էջմիածնի մէջ ու մեր աչքերէն ու ականջներէն հեռու քննարկէր այս ամէնինչը Վեհափառ հայրապետին հետ:
Բայց երեւի Պատրիարքը իր կողմնացոյցը շեղած է:
Յաճախ այդպէս կը պատահի. մարդիկ սխալ ուղղութեամբ կը լարեն իրենց կողմնացոյցը կամ չեն ուզեր տեսնել իրական ու ճշմարիտ ճանապարհին ընթացքը: Ու տակաւին ամէնէն տխուրն այն է, որ Պատրիարք Հայրը կ`ուզէ այդ սխալին ու շփոթին մէջ մնալով յայտարարել, թէ պոյքոթի պիտի ենթարկէ յառաջիկայ սեպտեմբերին Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ աննախընթաց եպիսկոպոսական ժողովը: Սա արդէն զինք պիտի նստեցնէ խնդիր հարուցողի, մեղմ ասած՝ մեղադրեալի աթոռին, որովհետեւ ան, որ եկեղեցւոյ շահերը կ`անտեսէ, անտեսած կ`ըլլայ նաեւ եկեղեցականի իր բարձր կոչումն ու առաքելութիւնը:
Այլապէս ի՞նչ: Չէ՞ որ մէկը բոլորին համար է, ու նոյնիքն Քրիստոսի խօսքով չէ, որ եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է ու հաւատքի պսակը:
Այլապէս ի՞նչ:
Ի՞նչ է Նուրհան սրբազանի յարուցած հիմնահարցը, ու ի՞նչն էր, որ զինք տարաւ այսքան մեծ յուզումներու, մէկը, որ նոյն հաւասարազօր իրաւունքներ ունի գերագոյն խորհուրդի «պատկեր անդամներունե նման եւ մէկը, որ կը ներկայացնէ Երուսաղէմի Սուրբ ու պատմական աթոռը իր բոլոր լիազօրութիւններով: Վստահ իր նման քայլով Պատրիարք Հայրը կը կորսցնէ իր ուղեգիծը եւ ակամայ կը ծառայէ, որ խնդիրներու առջեւ յայտնուած Մայր եղեղեցիին շուրջ անտեղի ու անօգուտ աղմուկ ստեղծուի:
Ստեղծուած շինծու այս աղմուկը պիտի վերանայ, վստահ եմ, ու խնդիրներու լուծման իսկական ճանապարհը պիտի անցնի միայն Էջմիածնէն: Այս մէկը, վստահ եմ, լաւ գիտէ Նուրհան Պատրիարքը, սակայն կը մնայ, որ բարձրացուած ներքոգրեալ հարցումին անսայ եւ բարձրաձայն պատասխանէ ՝
Ո՞ւր կ`երթայ Երուսաղէմի Հայոց ազգընտիր Նուրհան Արք. Մանուկեանը: Ահա եւ հարցումը, որուն պատասխան պէտք է տայ Պատրիարք Սրբազան Հայրը: