israel  army

Իսրայէլ- Իսրայէլեան բանակը Չորեքշաբթի մուտք գործած է Սուրիոյ հարաւը ու քանդած է գաղթականներու կայարան մը, Քունայթրա-Կոլան սահմանային գծին մօտ: Ըստ «Սուրիաթ» լրատուակայքին, իսրայէլեան բանակը նախապէս զգուշացուցած է գաղթականները  եւ թելադրած, որպէսզի դատարկեն վրանները ու հեռանան այդ շրջանէն, սակայն իսրայէլեան բանակին կոչը անպատասխան մնացած է, որու առ ի հետեւանք իսրայէլեան բանակը մուտք գործած է սուրիական հողեր ու քանդած է վրանները: Դարձեալ ըստ լրատուակայքին, վրաններուն մէջ եղող գաղթականները յաջողած են անփորձանք փախչիլ իրենց ապաստանած վրաններէն: Գաղթականներուն սոյն կայարանը, ներքին կայարան մըն է, ուր ապստանած էին սուրիացիներ, փախուստ տալով երկրին մէջ մղուող մարտերէն: Նշենք, որ կայարանին շրջանը ընդդիմադիր ոյժերուն տիրապետութեան տակ կը գտնուի:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել