Զարմանալ միայն կարելի է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկրին՝ Կիպրոսի մէջ, հասարակութիւնը լուռ ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ իրեն վրայ պարտադրուած ահռելի պայմաններուն, ճնշումներուն, զրկանքներուն՝ դրամատնային իր հաշիւի նկատառելի ԶԵՂՉՈՒՄԻՆ, կամ նոյնիսկ ամբողջական ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ հետ....ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ անշարժ գոյքի վրայ դրուած բարձր հարկերուն հետ....ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ գործազրկութեան հետ, որ օրէ օր նոր թափ կառնէ....Այնքան գովերգուած, փառաբանուած ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ պատկան մարմինները շատ ԱՆԶԻՋՈՂ գտնուեցան Կիպրոսի նկատմամբ եւ զայն վերածեցին ԻՐԵՆՑ ԳԱՂՈՒԹԻՆ, բառիս իսկական իմաստով....Երկրին քաղաքացիները կարծէք դարձեր են ՈՉԽԱՐՆԵՐ, լուռ յարմարող, համակերպող, անբողոք հետեւող զանգուածներ....Ո՞ՒՐ Է ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ, ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ....ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ ԱՅԼ Է, դուրսէն դիտուած.....«ԴՈՒՐՍԸ՝ ՃՐԱԳ, ՆԵՐՍԸ՝ ԿՐԱԿ», պիտի ըսէր մեր ժողովուրդը...

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել