Մենք՝ հայերս, որքան կը մեծարենք ՕՏԱՐՆԵՐՈՒՆ, երբեմն ստորնանալու չափ, կը հիանանք անոնց վրայ, կը կապկենք անոնց վարքն ու բարքը, հագուստ-կապուստը, նիստուկացը....Իսկ իրարու նկատմամբ ԿՈՅՐ կը ձեւանանք, կանտեսենք իրարու արժանիքները, կը խծբծենք մեր մէջ նկատուած ամէնէն փոքր թերութիւնն ու տկարութիւնը....ԱՅՆՔԱՆ ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂ ԵՆՔ ԻՐԱՐ ՆԿԱՏՄԱՄԲ, որ երբեմն կը թուի թէ թշնամաբար ենք տրամադրուած իրարու հանդէպ: ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ՕՏԱՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԻՐԵՐԱՄԵՐԺՈՒԹԻՒՆԸ....Գուցէ պատճառը ա՞յն է, որ մենք ներքուստ ՀԱՇՏ ու ԽԱՂԱՂ չենք մենք մեզի հետ, տեսակ մը ներքին վէ՞ճի մէջ ենք մեր սեփական ԵՍ-երուն հետ....Սա չէ՞ բուն պատճառը որ երբեք այդ առանձին ԵՍ-երը չկրցան միաւորուիլ մէկ հաւաքական ՄԵՆՔ-ի մէջ, որ կրնար մեր զօրութեան աղբիւրը ըլլալ: Ի՞նչ կոչել այս երեւոյթը՝ ԳԱՒԱՌԱՄՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԲԱՐԴՈ՞ՅԹ, ՆԱԽԱ՞ՆՁ, ԹԷ՞....դարերու պետականազուրկ կեանքի պատճառած ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԵՍԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել