ԱՊԱՒԻՆՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ... Սա եղեր է մեր պատմութեան մէջ ՉԱՐԵԱՑ ԱՂԲԻՒՐ: Ապաւիներ ենք քրիստոնեայ Արեւմուտքին եւ չարաչար հիասթափուեր... Յիշենք յայտնի խօսքը՝ «Մեր նաւերը չեն կրնար Արարատ լեռը բարձրանալ»: Ապաւիներ ենք ռուսական ցարին կամ Լենինին եւ նոյնպէս խորապէս խաբուեր, երբ դէմ յանդիման ենք ելեր յայտնի լոզունգին՝ «Հայաստանը առանց հայերու»: Եւ այսպէս շարունակ: Մեր յաղթանակները կերտեր ենք միայն ու միայն սեփական ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺԵՐՈՎ, ԲՌՈՒՆՑՔԱՑԱԾ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ: Ուրիշին ապաւինիլը կը նշանակէ՝ չվստահիլ սեփական ոյժերուն, ստրկանալ եւ հայցել ուրիշին օգնութիւնը, որ անպայման մեզ պիտի ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ՅԱՆՈՒՆ ԻՐ ՇԱՀԵՐՈՒՆ... Նոյնն է եւ ներկայիս, երբ շարունակ կը խօսուի մամուլին մէջ՝ ԵՄ կամ Եւրասիա «ասոցիացիա» եւ չեմ գիտեր ի՛նչ գործընկերութեան մասին....բայց երբեք՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՅՍՏԱԿ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԵՒ ՅԱՆՈՒՆ ԱՆՈՆՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՅԺԵՐՈՒ ԿՈԹՈՂՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ... Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՍՈՐՎԻՆՔ ՄԵՐ ՍԽԱԼՆԵՐԷՆ ԵՒ ԻՄԱՍՏՆԱՆԱՆՔ ԱԶԳՈՎԻՆ ... ԹՕԹԱՓԵԼՈՎ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԷՆ ԱՅԴ ԱԽՏԱԳԻՆ ԱՊԱՒԻՆՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել