Այս մարդը, որ ապրիլ 23-ին հրապարակային յայտարարած էր թէ «պատրաստ է թուրքին ներել», երէկ ժամանած է Պէյրութ։
Հարց կը ծագի մտքիս մէջ.
1․ Ի՞նչ գործ ունի ան Լիզպոնի 5 ծնած գաղութին մէջ, այդ ալ յուլիսեան այս օրերուն՝ թուրքին պատժո՛ղ Լիզպոնի Հինգի նահատակութեան տարեդարձի օրերուն։
2․ Ո՞վ հրաւիրած է այսպիսի մտածումի տէր անձ մը, եւ ի՞նչ քննարկելու/ծրագրելու համար։
3․ Լիբանան ժամանած ցանկացած անձ, իր ժամանումին առաջին 14 օրը ստիպողական ինքնամեկուսացման պէտք է ենթարկուի, այդ ալ երկու անգամ «բի-սի-ար» քննութիւնը ընելէ եւ անոնց արդիւնքը բացասական ելլելէ ետք։ Բայց այս անձը զարմանալիօրէն կը հանդիպի եւ կը տեսակցի հոգեւոր երեք համայնքապետերուն հետ:
4․ ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառ հայրապետի Ապրիլեան պատգամին լոյսին տակ, ի՞նչ երեսով այս անձը պաշտպանեց իր «ներելու» թեզը։
Հարցումներու շարքը երկար է։ Պարզապէս ուզեցի լիբանանաբնակ ընկերներս զուշացնել..., եւ եթէ այս գրութիւնը այս անձը կարդայ, կուզեմ ան լաւ գիտնայ, որ հոս Լիբանանի մէջ, ինչպէս հայրենիքի եւ Սփիւռքի բոլոր երկիրներուն մէջ, մենք՝ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ, պատրաստ ենք քալելու Լիզպոնի Հինգ հերոսներու ճամբով, մենք անոնց պատգամո՛վ է որ կ՚առաջնորդուինք։




