Երևանի կենտրոնի գույքահարկը բարձրացնելով, այնտեղից մաքրում են բնակչությանը, որ հարուստներին տան։ Կենտրոնի բնակիչները բողոքի շարժում են սկսել «ես բնիկ երևանցի եմ», բայց քննարկման թեմա է դարձել «բնիկ» բառը՝ պոլիտկորե՞կտ է թե ոչ ։Հին խոսք է՝ «բնիկ երևանցի», որ այժմ օգտագործում են ասելու համար՝ կենտրոնը չի կարելի խլել էնտեղ ապրողներից, ու տալ հարուստներին։
Սփյուրռահայ մտավորական Անդրանիկ Պետրոսյանը ներկայացնում է գույքահարկի բարձրացման գաղափարախոսական արմատները
Քաղաքներու կեդրոնը զարգացնելու կապիտալիստ լուծումն է այդ։ Եւրոպական եւ հիւսիս ամերիկեան շատ մը քաղաքներ այդ ձեւով զարգացած են։ նոյնը մոնրէալում։ քաղաքի կեդրոնէն այս ձեւով հեռացուած են աղքատ, պարզ դատակարգի մարդիկը։ կեդրոնը վերապահուած է գործարարներուն, տեղացի եւ դուրսէն եկողներուն։ David Harvey , անգլիացի ամերիկացի մարքսիստ աշխարհագրագէտ քանի մը գրքերով կ՚անդրադառնայ քաղաքաշինութեան այս քաղաքականութեան մասին եւ անոր հետեւանքը բնակչութեան վրայ։ հայաստանի իշխանութեան այս լիբերալ քաղաքականութիւնը կը հետեւի այդ ուղղութեան։ կառավարութիւնը հարազատ կապիտալիստական է։ Երեւան քաղաքի բնակչութիւնը կեդրոնական մասը պիտի «զտուի»։ Շուկայի հիման վրայ եղած գոյքահարկը թէ կառավարութեան հասոյթները կ՚աւելցնէ եւ թէ ալ այս զտումը կը կատարէ։ հիմա ժողովուրդը թող հասկնայ։ կապիտալիստ համակարգ կ՚ուզէին, հետեւանքները պիտի կրեն։ Այն որ չկրնար վճարել այդ հարկերը, պիտի վաճառէ իր ունեցածը եւ ծայրամաս պիտի փոխադրուի։ Այսօր «ոնրէալի կեդրոնը պարպուած է այդ տեսակ ժողովուրդէն։ մոնրէալի աղքատ արեւելք փոխադրուած են բոլորը։ հիմա պիտի հասկնան խորհրդային վարչակարգի կարգ մը դրական կողմերու կորուստը։ բայց ուշ է արդէն։ մինչեւ յաջորդ համաշխարհային սոցիալիստական զարթօնքը որ պիտի գայ, բայց ոչ առանց արիւնայեղութեան։ իշխանութիւնը ժողովրդի անունով կը գործէ ժողովրդի շահերուն դէմ եւ ի նպաստ հարուստ դասակարգին։
«Զտում»ը անխուսափելիօրէն պիտի ըլլայ։ Երեւանի կեդրոնը պիտի պատկանի տեղացի հարուստներուն, սփիւռքահայ եւ օտար հարուստներուն։ ժամանակի ընթացքին պիտի վերանան նաեւ հայկական մշակութային կեդրոններէն շատեր, սպասարկելու համար օտատ եւ հարուստ հայերու ճաշակին։
Այս մոտէլը կրնայ տարածուիլ ամբողջ Հայաստանով մէկ եւ միւս քաղաքներու կեդրոններն ալ պիտի ենթարկուին նոյն զտման քաղաքականութեան իր բոլոր վատ հետեւանքներով պարզ ժողովուրդին վրայ։
ՆՓ վարչակարգի «յեղափոխական» կեղծ բարեփոխումները հոն կը տանին։ Չկայ կազմակերպուած ձախակողմեան ուժ որ այս օրէնսդրական կապիտալիստական փոփոխիւթիւններու առաջքը առնէ։ ՆՓ եւ իր թիմի «յեղափոխական արժէքներու» հիմքը ծայրահեղ կապիտալիստական եւ ապագայ նոր յեղափոխութեան տուն տուող պատճառ։ Փաշինեանը սոցիալական ուղղուածութիւն չունի։ Եւ յեղափոխութեան արժէքները կը խարսխէ կապիտալիզմի վրայ, իբրեւ թէ իզմերէ հեռու է։ Սա խաբկանք է։ ժողովուրդն ալ գաղափարական գետնի վրայ անպատրաստ։ Ձախի մտքի կեդրոնները պէտք է զարգանան, պայքարը յառաջ տանելու համար։ Դժբախտաբատ ձախը չկայ որ դէմ դնէ եւ թոյլ չտայ այս զարգացումները։