Հայաստանի իշխանութիւնները ներկայացուած են էապէս շատ տարբեր մարդոցմէ` անոնց մէջ կան նաև բանիմաց, պատրաստուած, փորձառու, անձնուէր ու հայրենիքին նուիրուած անհատներ: Շատեր չդիմացան իշխանութեամբ փորձութեան և սկսան գողնալ ու դրամաշորթութեամբ զբաղիլ, իրենց այդ կենսակերպը իւրօրինակ կենսափիլիսոփայութեան միջոցով արդարացնելով, իսկ այլօք ի սկզբանէ կը տենչային հասնիլ իշխանութեան`բացառապէս սեփական փառամոլութեան եւ ընչաքաղցութեան յագուրդ տալու նպատակով: Առկայ է նաև պաշտօնեաներու գորշ, նեղլիկ մտահորիզոնով օժտուած, նուազագոյն նախաձեռնողականութենէն իսկ զուրկ զանգուած մը, որուն առկայութիւնը իշխանութեան յատկապէս վերին օղակներուն մէջ ծայրայեղ բացասական ազդեցութիւն կը գործէ պետական կառավարման որակի բարելաւման գործընթացի արդիւնաւէտութեան վրայ: Ժամանակ առ ժամանակ կը զգացուի նաև ստուերի մէջ գործող մասնագէտ-ինտելեկտուալներու ազդեցութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունուող որոշումներու կայացման մէջ, սակայն անոնց միջամտութիւններու արդիւնաւէտութիւնը ուղիղ կախման մէջ է իշխանութեան իրական լծակները ձեռքերին պահած բարձրագոյն պաշտօնեաներու անձնական նախասիրութիւններէն: Որոշումներու կայացումը գործընթաց մըն է, որ միջանկեալ արդիւնքներ կը ծնի, այսինքն` իւրաքանչիւր որոշում, սովորաբար, կ՛ունենայ իրեն նախորդող մէկը և կը նախապատրաստէ իրեն յաջորդող որոշման ընդունումը: Իշխանութեան մէջ և վերջինիս մերձաւոր շրջապատի մարդիկ տարբեր են և անոնցմէ ոմանք կը կարծեն, որ գիտեն խնդիրներու ճիշտ լուծման եղանակները, սակայն իրաւասու չեն ինքնուրոյն որոշումներ կայացնել, ոմանք ալ ընդունակ չեն տեսնել անհրաժեշտ լուծումները ( այդ առիթով ոչ ալ կը սրտնեղին), բայց նաև կը հրաժարին որոշումներ կայացնելու իրենց իրաւունքի ու պարտականութեան գործադրումէն: Թէ առաջիններուն, թէ երկրորդներուն ստուար մեծամասնութիւնը կը գտնէ, որ իրենց անձնական շահն նոյնը պէտք է ընկալուի որպէս հանրային շահ: Այս իրավիճակի մէջ կ՛ակտիւանան օտար խորհրդատուները, որոնք տարատեսակ գայթակղիչ խոստումներու միջոցով կը փորձեն Հայաստանին հրամցնել սեփական շահերն ապահովող մոտեցումներ: Իշխանական պատասխանատուներու այն նեղ շրջանակը, որ և գլխաւորապէս կը մշակէ եւ իշխանութեան անունէն կ՛իրականացնէ պաշտօնապէս ներկայացուող պետական քաղաքականութիւնը, իր քայլերուն մէջ կաշկանդուած է ոչ միայն արտաքին լուրջ գործոններով, այլև ստիպուած է հաշուի նստիլ շատ էական ներքին սահմանափակումներու հետ: Այս առումով շատ բան կապուած է ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման այս կամ այն տարբերակի առաւել ձեռնտու ըլլալու վերաբերեալ եղած իմաստային նրբերանգներու ընկալման առանձնայատկութիւններուն հետ: Իշխանութեան տիրապետող խմբաւորման համար առկայ իրավիճակի հակասականութեան դրսևորումներէն մէկն ալ այն է, որ թեև անոր համար սկզբունքօրէն անընդունելի է տարածքային որևէ զիջում կատարելը, այդուհանդերձ, առաջիկայ առնուազն երկու-երեք տարիներու ընթացքին Հայաստանի կողմէն Արցախի անկախութեան ճանաչումը այդ մարդկանց համար (գուցէ և ոչ միայն իրենց համար) կրնայ խիստ աղէտալի հետևանքներ ունենալ` վտանգելով իրենց անձնական պաշտօնէական դիրքը, ունեցվածքը, ինչպէս նաև Արցախի` իրենց կողմէն առ այսօր հետևողականօրէն կառուցուող ապագան: Այժմ անոնք ստիպուած են գործել սեփական ուժերու գերագոյն լարումով` ասպարէզ նետած են իրենց տրամադրութեան տակ եղած ամբողջ ներուժն ու հնարաւորութիւնները, որոնք սպառելու եզրին են և առանց թարմ ուժերու ներգրաւման արդէն առաջիկայ ամիսներու ընթացքին այն կրնայ լուրջ տապալումներու պատճառ դառնալ: Ամէն պարագայի, շատ մօտ ապագային անոնք պարտադրուած պիտի ըլլան ընդունիլ լրջագոյն որոշումներ և այդ իրենց համար պիտի ըլլայ յիրաւի ռիսկային եւ տագնապեցնող ընտրութիւն, որուն ճշգրտութիւնը ոչ մէկ չի կրնար երաշխաւորել: Հաւանաբար անոնց պէտք է անհանգստացնէ նաև այն, որ Հայաստանի մէջ բաւականին քամահրական եւ արհամարհկոտ վերաբերմունք կայ այն ամէն բանի հանդէպ, որ իրականութեան մէջ կ՛անհանգստացնէ Արցախին կամ ուղղակի սպառնալիք է անոր համար: Հայաստանի մէջ իրական Արցախի մասին պատկերացում չունեցող եւ այս առումով ոևէ հետաքրքրութենէ զուրկ եւ առաջ իշխանութիւն ունեցած մարդոցմէ շատերը յաջողեցան իրենց արցախցի գործընկերներուն հանդէպ միանգամայն բացասական վերաբերմունքի դաշտ ձևաւորել, ինչը համարժէք անվստահութեան և անհամատեղելիութեան զգացմունք կ՛առաջացնէ վերջիններուս մօտ ևս, այդ ալ, իր հերթին, կը դրդէ գործիչներուն տարբեր ենթաէթնիկ թիմերու մէջ համախմբիլ, այլ ոչ թէ համազգային մակարդակի վրայ: Ներազգային փոխյարաբերութիւններու այս կերպը կը խոչընդոտէ որոշումներու կայացման գործընթացը և խիստ կը նուազեցնէ անոնց արդիւնաւէտութիւնը համապետական մակարդակի վրայ: Թարմ ուժերու մասնակցութիւնը քաղաքական գործընթացին օգտակար կրնայ դառնալ միայն այն պարագային եթէ իշխող խմբաւորումը սկզբունքօրէն հրաժարի առ այսօր կիրառուող հինցած կարծրատիպերէն – այդպիսի հաւանականութիւն կայ, սակայն նման նախաձեռնութեամբ պէտք է հանդէս գան իշխող խմբաւորման ներկայացուցիչները և ոչ թէ ոևէ մէկուն մեծ լաւութիւն ընելու համար, այլ համատեղ ոյժերով մշակուած և ընդհանուր հաւանութեան արժանացած առարկայական համագործակցութեան առաջարկի ձևով:



