Պատմութեան փորձը ցոյց կու տայ, որ ԲՌՆԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ մը երկար չի կրնար գոյատեւել...քանզի անիկա հիմնուած է սուտի ու կեղծիքի, անարդարութեան եւ բռնութեան վրայ...: Կրնա՞յ մէկը խաբել ժողովուրդը շարունակաբար... Ի վերջոյ, ճշմարտութիւնը կը պարզուի. սա է իրերու տրամաբանութիւնը: ՀՀ նախագահական «ընտրութեան» բեմականացումը կրնայ անակնկալներ մատուցել զայն բեմադրողին կամ բեմադրողներուն... Տակաւ հայրենի քաղաքացիական հասարակութիւնը, յանձին ի մասնաւորի երիտասարդ նոր ոյժերու, զարթօնքի նշաններ ցոյց կու տայ, գիտակցութեան նոր որակ կը ձեռքբերէ, երկրին ճակատագրին, իր իրաւունքներուն ու արժանապատւութեան ՏԷՐ կանգնելու ոգի կը ցուցաբերէ... Քիչ առաջ, տեսաերիզ մը ցոյց կու տար երիտասարդ ցուցարարներու խումբ մը Բաղրամեան փողոցին վրայ, որոնք ցուցատախտակներ բռնած էին ի ձեռին՝ «վերջ ռեժիմին», «Սահմանադրութիւնը ամէն բանէ վեր», «Վերջ երկրի եկամուտի անարդար բաշխման»... Ցուցարարներուն միացաւ նաեւ՝ քանի օր է հացադուլ ընող նախագահական թեկնածու Ղուկասեանը.... Սա կրնայ մեկնակէտը դառնալ քաղաքացիական հաւաքական անհնազանդութեան... ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՍՐԲԱԶԱՆ....
Նյութի աղբյուր՝ http://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/412081775549607
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել