Երբ տանդ Դուռը, անոր ոգեղէն շեմը, անոր սեմերն ու պատուհանները, նկուղն ու առաստաղը, մուտքի պատուհաններն ու ետեւի պարտէզի երկաթեայ դուռը, անոր երկաթեայ եւ պողպատեայ սեւ կղպանքները, մէկ խօսքով երբ տանդ ապահովութեան գլխաւոր մուտքերը լաւ չփակես, նոյնիսկ հարեւանդ ներս մտնելով պիտի ուզէ իր գորգը բրել: Երբ տունդ թալանուի, կամ երեխադ անհնազանդ ըլլալով խոհանոցդ կրակի տայ... նոյն հարեւանդ կամ թշնամի հարեւանդ ներս մտնելով վառած կրակը պիտի չմարեն ... վստահ ըլլաս... Մին կնոջդ նայիլ պիտի ուզէ, միւսը տան սենեակներդ պիտի խուզարկէ, իսկ երրորդը կրնայ իրերուդ, դրամիդ, ոսկեղէններուդ (եթէ ունիս) կամ թանկարժէք գրքերուդ աչք տնկել... Հիմա այս է իրավիճակը Սուրիոյ մէջ: Ու յետոյ չըսէք, որ Արեւմուտքը սա է, նա է, հիմար- հիմար վերագրումներ չկատարէք ու նորէն խօսիք Սիոնիզմին մասին: Սուրիոյ խնդրին, հոն ծորող ու ծորելիք արեան թիւ մէկ մեղաւորը Ասատեան րէժիմն է. անոր հին ու նոր խորհրդանիշներով, անոր անցած կամ անցնելիք «Առաջնորդներ»-ով, որոնք բոլորն ալ կոչուած են պատմութեան փոշիներուն տակ անյետանալու ... կամ իրենց կատարած սպանդներով յիշուելու: Մի՛միայն: Հետեւաբար տանդ դուռը լաւ փակէ ու խոհանոցդ ու գորգերդ մաքուր պահէ ... թէ չէ Արեան մէջ կրնաս խեղդուիլ: Այդպէս է:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել