Սուրիական պատերազմի սեւ օրագրութեան վերջին ցնցիչ պատկերը տագնապին տուաւ նոր տարողութիւն: 15 Օգոստոսի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ համացանցով ու ապա արբանեակային կայաններու պաստառներէն պարզ դարձաւ, որ Դամասկոսի մօտակայքը արձանագրուած սպաննութիւնները աննախընթաց դէպքի մը առաջին նշաններն էին: Ցնցիչ ճերմակ մահը տարածուած էր ամենուր: Սուրիոյ ընդդիմութեան աղբիւրներուն համաձայն` զոհերուն թիւը կը հասնէր 1300-ի: Սկիզբը լրատուական աղբիւրները դիտողի ու լուրը ներկայացնողի դերը ստանձնեցին, սակայն քիչ անց իւրաքանչիր ալիք իր պատկանելիութեան համաձայն սկսաւ դէպքը վերլուծել: Անխուսափելի էր ջրբաժանը եւ արագօրէն սկիզբ առաւ ամբաստանութիւն- հակա ամբաստանութիւն խաղը:
Սպանդը որ ցնցեց միջազգային հանրութիւնը, զիս տարաւ մօտիկ անցեալը գրգռելու ու զարմանալի չէր չկանգնիլ Իրաքի «Հալապչա» աւանին մէջ կատարուած սպանդին առջեւ: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ 1988 Թուականի Մարտին Իրաքի նախագահ եւ «Արաբականութեն Հերոս» Սատտամ Հիւսէյնը Քիմիական եւ բնագիտական զէնքեր օգտագործելով կը ջարդէր «Հալապաչա»ի Քիւրտերը որոնք դէմ էին իր բռնատիրական –Պաասական իշխանութեան: Ներկայիս «Հալապչա»-ն վկայակոչն է այդ ահաւոր սպանդին, ու այդ շրջանին մէջ գտնուող հաւաքական գերազմանատուները մեծագոյն վկան են գործուած նախճիրին: Մօտս աղբիւրներ չկան, թէ այդ օրուան Հայկական սփիւռքի կամ Հայաստանի մամուլը ինչ է գրած այդ ծանր դէպքին մասին, բայց հայկական շրջանակներու մէջ շատ անգամներ դրուատական խօսքեր լսած եմ Սատտամ Հիւսէյնի ու անոր «փառքի օրերը» վայելած իրաքահայերու բերանէն: Այս թեման ընդհանարպէս երկար քննրակումի դուռ բացող նիւթ է, որուն մասին կ՛արժէ գրել այլ առիթով:
Սատտամ Հիւսէյնի վախճանը ծանօթ է բոլորին: Ու աւելորդ է անգամ մը եւս վերապատմել պատմութեան այդ հատուածը: Այդ օրերուն արաբներէն շատ շատեր Սատտամ Հիւսէյնի այս քայլը հերոսութիւն սեւպեցին: Ո՞վ կրնար Սատտամ Հիւսէյնի մասին աւելորդ կամ սխալ բառ մը արտասանել ան «Արաբականութեան մեծագոյն հերոսն» էր ու ջատագովը: Հիւսէյնի բռնատիրակարական վարչակարգին վերացումէն տարիներ ետք տխուրն այն է, որ ժողովրդավարութեան ճանապարհը բռնած Իրաքը տակաւին մինչեւ օրս կը տատանի արեան, մահասփիւռ պայթումներու, ահաւոր վիշտի ու մահուան սեւ ճանապարհներուն վրայ: Վստահ եմ, որ տակաւին պիտի գայ Սատտամ Հիւսէյնի գործունէութեան գնահատական տալու ժամանակը, բայց միով բանիւ յստակ է, որ աններելի է անոր` «Հալապչա»-ի մէջ գործած նախճիրը, որուն հետքերն անջնջելի են ցայսօր:
Նոյն մթնոլորտը կը տիրէ այսօր Սուրիոյ մէջ, ու Հինգշաբթի օր ցուցադրուած պատկերները մեծ ոճիրի նոյն ահաւորութիւնը կը մատնեն: Կը մատնեն կ՛ըսեմ, որովհետեւ ցանկացած իշխանութիւն պիտի չուզէ նման տեսարանի մը տակ ստորագրել: Դիակներու շարքեր- մանուկներու, միջին տարիքի մարդոց, աւելի երիտասարդներու- դիակները շարուած են «ճերմակ» սենեակներու մէջ, ու անոնց վրայ արեան ոչ մէկ կաթիլ կ՛երեւի: Առաջին պահէն սկսեալ անոնք, որ մօտէն կը հետեւին Սուրիոյ դէպքերուն, շուտով պիտի մտաբերեն «Սարին» կոչուած թունաւոր կազը, որուն մասին ասկէ ամիսներ առաջ խօսած էին CNN-նն BBC-ին: Բայց գիտականօրէն սահմանուած է, որ «Սարին»-ը, որ մարդկային էակներու ջղային համակարգը կը հարուածէ, կրնայ նաեւ հետքեր ձգել զոհերու դէմքերուն վրայ: Սակայն արեւելեան եւ արեւմտեան «Ղաութա»-ի (Դամասկոսի գիւղական շրջանները) մէջ երեւցող դիակներուն վրայ արեան հետքեր չկան, բան մը, որ մտածել կուտայ, որ օգտագործուած զէնքը կրնար «Կենսաբանական» զէնք մը ըլլար ու աւելի ծանր, քան «Սարին»-ը:
Նմանօրինակ ոճիրի մը առջեւ եւ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական երեսին մէջ երեւցող ընդհանուր իրավիճակին մէջ բնական էր, որ հանրային կարծիքը նոյնպէս պիտի բաժնուէր երկու մասերու: Ռուսիա արագօրէն պիտի հակազդէր եղածին եւ իր շահերէն մեկնելով առաջ քշէր այն այն վարկածը, ըստ որուն նմանօրինակ յարձակում մը գործուած է բացառապէս Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ: Ռուսիոյ համար այս արարքը լաւագոյն առիթն էր, որ ան փորձէ Արեւտեան բոլոր վարկածները ջրելով «հաստատել», որ Սուրիա գտնուող քիմիական զէնքերը արդէն անցած են ընդդիմութեան ձեռքը:
Անդին արեւմտեան ազդեցիկ գործիչներ – որոնց խօսքին հանդէպ Սուրիոյ ընդդիմութեան ղեկավարութիւնը վաղուց կորսնցուցած է վստահութեան բոլոր կռուանները- բարձրաձայն կը յայտարարէին, որ կատարուածը կը կրէ Պաշշար Ասատի իշխանութեան կնիքը: Անոնք նաեւ չէին բացառեր, որ կրնան այս անգամ դատապարտըելէ անդին երթալով զինուորական միջամտութիւն մը կատարել Սուրիոյ մէջ: Ու բնական է, որ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա այս լիազօրութիւնը պիտի յանձնէին Սպիտակ տան բնակիչին՝ Պարաք Օպամային, որուն համար «Քիմիական կարմիր գիծ» արտայատութիւնը դարձած էր սիրելի ու յաճախակիօրէն գորածածութեան մէջ դրուած: Սուրիոյ մէջ ենթադրութեամբ ընդգծուած կարմիր գիծը վաղուց հատուած էր նոյնիքն ներկայ սպառեալ ու ճարահատ իշխանութեան կողմէ, որուն լրատուական մունետիկները օր ու ցերեկ աշխարհին կ՛ուզէին վստահեցնել, որ «ահաբեկիչներwu» դէմ իրենց մղած կռիւներուն մէջ մեծ նուաճումներ կը կատարեն:
Այսօր Սուրիան իր ներկայ տկարացած, արդէն սպառած իշխանակարգով պայթիւնավտանգ իրավիճակ ստեղծած է ամբողջ միջին արեւելքին համար: Ու եթէ Միացեալ Նահանգներ կը գիտակցին, որ ստեղծուած իրավիճակը այդքան լուրջ է, պէտք է լաւ նկատեն, որ Ասատեան հաւանական քիմիական առաջին այս սպանդը ազդանշան է այն հին վերլուծումներուն, ըստ որոնց Ասատ եթէ յայտնուի նեղ կացութեան մը մէջ, քայլ մը անդին երթալով կրնայ նման հիսթլէրիք աննախընթաց քայելրու դիմելու:
Հիմա այդ հանգրուանն է ու «Ղաութայի» մէջ կատարուած սպանդը եթէ ամբողջ աշխարհին կողմէ չարժանանայ համապատասխան քայլերու կամ «պատասխանի», ապա Ասատեան Րէժիմը կրնայ նոյն թափով շարունակել իր գործած սպանդները: Նոյն օրինաչփութեամբ այդ Րէժիմը – ինչպէս նախօրօք ալ յայտարարած է- կրնայ նոյն իր կրակները տանիլ եւ հասցընել Իրաք, Յորդանան, բայց մանաւանդ Լիբանան, ուր քանի մը օրեր առաջ արձանագրուած Թրիփոլի Սիւնի քաղաքին մէջ արձանագրուած երկու ոճրային պայթումները ներ- համայնային տագնապի մը նոր հանգրուանի մը սկիզբը դրին:
Կը մնայ յուշել, որ Ռուսական անթացուպերով ոտքի մնացող Ասատեան վարչակարգին համար թիւ առաջին խնդիրն է ցոյց տալ աշխարհին, որ ընդդիմութեան բոլոր ներկայացուցիչները սատանաներ են, աւելին անոնք մարդկային թոք ու սիրտ ուտողներ են: Անոնք եկած են ջարդելու բոլոր փոքրամասնութիւնները ու եւ նոյնիսկ «անվնաս» հայերը:
Այս խաղին ժամանակն ալ սպառած է ու հարկ է բոլորին յիշեցնել, թէ այս իշխանութիւնները Սուրիոյ յեղափոխութեան առաջին տասը ամիսներուն զոհի դիմակ դնելով ամէն միջոց ի գործ դրին ճզմելու Սուրիոյ գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ ազատութեան, ազատ խօսքի, ազատ կարծիքի, ազատ շունչի համար պայքարողները: Այն ատեն Իսլամիզմ, «Իսլամ Ճիհատիստներ» ու նման անկապ ու անյարիր բառերը շրջանառութեան մէջ չկային: Ու նոյնիսկ հայրենի կամ սփիւռքի մամուլին համար տեղի ունեցածը խաղաղ ու անտեղի ցոյցեր էին, որոնք շուտով պիտի հանդարտէին Ասատի զօրեղ իշխանութեան մուրճի եւ կացինի հարուածներուն տակ: Նոյն այդ իշխանութիւնները բիրերու, քարերու եւ որսորդական հրացաններուն դէմ թնդանօրներ լարեց: Նոյն այդ իշխանութիւնները երգի դիմաց կոկորդ պատռեց, կոկորդները հանեց իրենց տեղէն ու ողջ մանուկներուն եղունգները քաշեց:
Վիպապաշտութիւն կամ բանաստեղծութեան երանգ աւելցուցած պիտի չըլլանք որ երգերով եւ պաստառներով, գծանկարներով ու ցոյցերով առաջ ընթացած այս տագնապը քանի- քանի անգամներ դիմափոխուեցաւ, ու բնական էր, որ այս երկար ճանապարհին մէջ Սուրիոյ ազատութեան համար կռուողներն ալ պիտի գործէին բաւականին ծանր ու ցայտուն սխալներ:
Սուրիոյ ընդդիմութեան մասին խօսելով կարելի է բառացիօրէն ըսել, որ ան այսօր ունի վերակազմակերպման լուրջ խնդիրներ: Տեղին է ըսել նաեւ, թէ վերջին հինգ ամիսներուն մեծ առիթներ կորսնցուց այդ ընդդիմութիւնը եւ թոյլ տուաւ, որ Իսալմիստները եւ անոնք, որոնք սիրտ ու թոք կը յօշոտեն, փորձ ընեն գողնալու այս յեղափոխութունը: Այս ալ կարեւոր կէտ մըն:
Վերադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք փորձաքննութիւններուն` տագնապին սկիզբէն միջեւ օրս ընթացքը ցույց տուած է, որ յառաջիկային իրականացուելիք փորձաքննութիւնները որեւէ շօշափելի եւ յստակ արդիւնքներու պիտի չյանգին, որովհետեւ ո՛չ ԱՄՆ, ո՛չ ալ Ռուսիա հետամուտ են, որ Սուրիոյ տագնապը լուծումի մը յանգին: Բոլոր կողմերը գրաւը դրած են ժամանակի ազդակին վրայ: Թէ ինչ է ուզուածը այդ ժամանակի լրացումով ոչ ոքի համար պարզ չէ դեռ: Տակաւին քիչ մը անդին երթալով կարելի է եզրակացնել, որ բնաւ ձեռնտու չէ ԱՄՆ-ին, որ «Ղաութայի» սպանդը բացայայտուի, որովհետեւ եթէ վարչակարգին ձեռագիրը կրած ըլլայ, ապա Միացեալ Նահանագներ պիտի յայտմնուին ձեռնածալ, որովհետեւ մինչեւ այս ժամը իրենց համար տակաւին յստակեցուած չէ, թէ ինչ պիտի ըլլայ իրենց ընելիքը: Ամերիկացիք կը սոսկան ամէն անգամ, երբ յիշեն Իրաքի մէջ իրենց բանակային ուժերուն ապրած ոդիսականը ու լրջօրէն մտավախութիւններ ունին, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ ներգրաւելու ցանկացած դէպք կամ առիթ դժոխային ճահիճի պիտի վերածուի իրենց համար, որմէ դուրս գալը պիտի ըլլայ դժուար ու արիւնալի:
Լիբանանցի լրագրող Նապիլ Պու Մունսէֆ («Նահար» օրաթերթի փոխ խմբագիր), խօսելով Միջին Արեւելեան ընդհանուր կացութեան մասին, բաւական ուշագրաւ կարծիք ներկայացնելով ըսած է, թէ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող վերջին շրջանի իրադրութիւնը այնքան ծանր է, որ քաղաքական եւ յարանուանային խնդիրներէն բացի երեւեան կ՛ուգան նաեւ արեւելքի շարք մը ժողովուրդներու «իւրայատիկութիւնները», ինչպիսին են քէնը, ատելութիւնը ու այլամերժութիւնը:
Տակաւին Պու Մունսէֆ, որ նահատակ Ժըպրան Թուէյնիի մօտիկ մէկ գործակիցը կը համարուի, քաջութիւնը ունեցած է ըսելու, թէ եթէ միջազգային հանրութիւնը կ՛ուզէ Սուրիոյ տագնապին վերջ մը տալ, ապա արագօրէն պէտք է ձերբազատուի Պաշշար Ասատ երեւոյթէն: Պու Մունսէֆ, որ այս առումով կը դժուարանայ միջոցներուն մասին խօսելու, կ՛ըսէ, թէ այս իրավիճակի վաւերական պատասխանատուն Ասատեան վարչակարգն է: Աւարտին Պու Մունսէֆ Սուրիոյ հանդէպ ԱՄՆ-ի ունեցած ոչ վճռական կեցուածքին մասին խօսելով նկատել տուած է, որ Ամերիկեան կողմին մօտ անկումային լուրջ յուսախուբութիւն կայ եւ այդ մէկը առաջացած է Սուրիոյ ընդդիմութեան որդեգրած ընդհանուր իրավիճակէն ու Իսլամիստներու սխալ, աննդունելի, եւ ոչ մարդկային դրսեւորումներէն:
Կը մնայ հարցումը. արդեօ՞ք Միջերկրականեան ջուրերուն վրայ երեւացող Ամերիկեան ռազմանաւերու վերջին օրերու շքերթը պիտի յայտարարէր աշխարհին, որ արդէն ժամանակը հասած է, որ կարմիր գիծի վարկածին հետեւելով ամերիկացիք եւս պիտի պարտադրեն իրենց «Կարմիր գիծ»-ը:
Ու բնական է, որ տարածքաշրջանին մէջ լսուող իրանեան զգուշացումներուն ու ռուսական սպասողական դիրքերէն երեւցած զգուշաւորութեան հետ մէկտեղ ամերիկացիք լաւ գիտեն, որ ցանկացած նոր հաստատուելիք «Կարմիր գիծ» կրնայ այլ ընթացքներ առաջ բերել եւ ջնջել կամ աւելցնել այլ կարմիր գիծեր կամ կարմիր ճակատներ:
Արդեօք միամտութի՞ւն է մտածել, թէ Սուրիոյ տագնապին որոշ լուծում մը կարելի է ակնկալել Ռուսիա- Ամերիկա միացեալ ճիգերով: Ըստ երեւոյթին եւ տրուած տուեալները հաւաքելէ ետք պարզ է, որ միամտութիւն է այսպիսի մօտեցումով մը առաջ մղուիլ, որովհետեւ տխուր փաստ է, որ Սուրիոյ արիւնաքամ ըլլալը ցաւօք ձեռնտու է ե՛ւ Արեւմուտքին, ե՛ւ Ռուսիոյ համար:
Աւարտին Սուրիոյ տագնապին իրական հանգուցալուծումը կը մնայ ընդդիմութեան ուսերուն դրուած բեռ, ու այդ ծանրացած ուսերով ընդդիմութիւնը արդեօք պիտի յաջողի՞ քալել գտնելու համար փրկութեան մը իրական ճամբան...
Ահա՛ եւ հարցումը այսօր:
Նյութի աղբյուրը՝ lradou.com