Վարքագծային առումով մենք ունինք ոչ թէ ազգային, այլ ամբոխային հոգեբանութիւն: Անոնց տարբերութիւնն այն է, որ ազգային վարքագիծը հիմնուած է ձևաւորուած ավանդոյթներու և պատմական գոյութեան արդիւնքէն ամբարուած կենսափորձի վրայ, մինչդեռ ամբոխը ունակ է մերժել եւ անտեսել ոեւէ աւանդոյթ եւ գիտելիք յանուն սեփական այժմէական քմհաճոյքի իրագործման: Իւրաքանչիւր ազգի մեծաքանակ մարդկային զանգուածը կրնայ պահի տակ վերածուիլ իր շուրջը ամէն ինչ կործանող ամբոխի, իսկ ամբոխը ապազգային է իր բնոյթով: Մեր հասարակութեան բոլոր խաւերուն մէջ այսօր կը գերակշռէ ամբոխային` այժմէական կարիքները անյապաղ բաւարարելու մոլուցքը, որ խզած է կապը անցեալի հետ և ունակ չէ տեսնել անգամ մօտակայ ապագան: Ամբոխը կրնայ խայտաբղէտ ըլլալ, իր մէջ ներառել շատ տարբեր մարդկանց, որոնք այդ ամբոխէն դուրս կրկին կը վերագտնեն իրենց անհատական դէմքը, սակայն մեր պարագային նկատելի կը դառնայ այն, որ մեր ամբոխը միատարր դառնալու, խաժամուժի վերածուելու վառ արտայայտուած միտում ունի` ամենաառաջիններն ու ամենավերջինները սկսած են աւելի ու աւելի նմանուիլ միմեանց, նոյնականանալ: Եթէ այդ միտումը շարունակէ խորանալ, ապա մենք մեր ձախողումները, նոյնիսկ մասնակի սպորտային յաջողութիւններու աւետիսներով, պիտի չկրնանք փոխհատուցել: Միւս կողմէն ալ խաժամուժի յիշողութիւնը կարճ է, եւ մեր շախմատային սխրանքներու կողքին այլևս ոչ մէկ չի յիշեր այն խանդավառութիւնը, որով ընդամէնը երկու-երեք տարի առաջ դիմաւորեցինք կանանց բասկետբոլի վերածնունդը` «Հատիսի» գեղեցիկ վերադարձը մեծ սպորտ: Յետոյ գործը տապալուեցաւ, մարզիչը լքեց Հայաստանը, իսկ թիմը այլևս չկայ ասպարեզի վրայ: Մենք դեռ չենք հասկցած, թէ ինչ ըսել է կառավարման որակ:



