Հրաժարականի մը պատմութիւնը
Պէնէտիքթոս 16-րդ Պապը, որ հրապարակած է 3 ընդհանուր նամակ, 4 Պապական պատգամ, 118 Պապական օրինագիծ եւ, կատարած 24 Պապական շրջագայութիւն, անակնկալ կերպով հրաժարեցաւ: Հռոմի 265-րդ Սրբազան քահանապայպետը որ այս պաշտօնին համար ընտրուած էր 19 Ապրիլ 2005-ին, հրաժարելով մեծ հարցումներու առիթ տուաւ շատ-շատերու: Ծայրայեղ ու բասիվ քրիստոնեաները, կաթողիկէ թէ ուղղափառ, ապա՝ իսլամները, նոյնիսկ կրօնական թեքում չունեցողները Պապի անակնկալ հրաժարականին առընթեր ուզեցին կասկած մը դնել, հարցադրում մը տալ եւ տարակուսանքով քննարկել պատահարը: Յոյժ հետաքրքրականը սակայն եօթը դար առաջ պատահած հրաժարականի մը մասին տեղեկութիւններն էին, որ յայտնի դարձան: Վատիկանի պատմութեան մէջ, անոր փակ, հսկայ ու մետաղեայ փականով դռներու ետին բաւական կարմիր կնիքով փակուած պատումներ կան: Այդ պատմութեներէն մէկը Սէլէսթինո Հինգերորդ Պապին մասին է, որ ենթարկուած է հալածանքի եւ, չարակամութիւններու առջեւ տեղի տալով, հրաժարած՝ 1284 թուականի Յուլիսին: Սէլէսթինո Հինգերորդ Պապը, որուն անունը մինչեւ օրս փականքի տակ է, մահացած է բաւական մութ պայմաններու մէջ: Այդ մասին վկայած են երկու Կաթոլիկ միաբաններ, որոնք կը կոչուին Հայր Մալիս եւ Հայր Քիրինիոյ Սալոմոնի: Միաբանները հասցուցած են կազմել հաստափոր հատոր մը, որ կը կոչուի «պարտադրուած հրաժարականը»: Նշենք որ Սէլէսթինո պապին յաջորդած է Պոնիֆասիոո 13-րդ պապը, որ եղած է բաւական կուռ անձնաւորութիւն, որուն համար Վատիկանի գերիշխանութիւնը ոչ թէ ըմբռնում էր, այլ՝ աւելին: Զարմանալի չէ նաեւ, որ նոյն Պապին հետեւորդները, յարձակելով Սէլէսթինո հրաժարեալ Պապին ապրած «Անիանի» գիւղին վրայ, ձերբակալած են ու ապա բանատարկած են նախկին Պապը: Հրապարակուած գիրքին մէջ նաեւ պարզ կը դառնայ, որ երկու միաբանները քննած են Սէլէսթինո Պապին գանկը եւ յայտնաբերած, թէ վերջինիս գանկը մեխուած է գամով ու ան սպաննուած է 86 տարեկան հասակին՝ մեկուսարանի մը մէջ:
Ուրեմն վեց դար պէտք էր սպասել, որ Վատիկանեան մոխրագոյն ֆոնի վրայ պատահած այս տխուր դէպքը երեւան հանուէր ու յանձնուէր մեր ուշադրութեան: Ու պարզ է, որ գեղեցիկ, բուրավէտ, գոյնզգոյն վարդերու ու ծաղիկներու երկիր Վատիկանը իր խորքին մէջ դեռ այսպիսի պատմութիւններ շատ կրնայ ունենալ:
Գերմանացի Ժոզըֆ Րաթցիկըր պատմութեան անցաւ
Աշխարհի բնակիչները զարմանքի մատնած Գերմանացի Ժոզըֆ Ալոսիոս Րաթցիկըր (ծնած 16 Ապրիլ, 1927) Պապական անունով Պէնէտիքթոս Տասնվեցորդ վերջին շրջանին ունեցած է առողջական լուրջ խնդիրներ: Այդ մասին վկայած է նաեւ անոր եղբայրը՝ Կիրոկ Րաթցիկըր, որ խօսած է «Ֆօքըս Օնլայն» կայքին՝ յայտնելով թէ Պապը յիշողութեան լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, ու տարբեր պատճառներով բժիշկները արգիլած են զինք օդանաւ բարձրանալէ: Այստեղ կարեւոր կը համարեմ յիշել, որ վերջին երկու տարիներուն Հռոմի Պապը լուրջ խնդիրներ ունեցած էր Վատիկանի «Փակ գլան»ին հետ, ատոր ապացոյցներէն մէկը պէտք է համարել իր սեփական ապահովութեան առաջին պատասխանտուին մութ պայմաններու տակ սպաննութիւնը՝ Վատիկանի հսկայ դռներու ետին, ինչպէս նաեւ ներկայիս Վատիկանի մէջ կարեւորագոյն դիրք զբաղեցնող կարտինալը, որ պապական կառոյցի ընդհանոր քարտուղարի պաշտօն կը վարէր: Քարլո Մարիա Ֆիճանո հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն եւ անոր փոխարէն նոյն պաշտօնին նշանակուեցաւ Պապին աջ բազուկ համարուող Թէրսիզիոյ Պրութոնի անունը կրող կրօնաւորը: Ասկէ անդին սակայն, լրատուական աղբիւրներ, համացանցի պլոկըրներ, հազար ու մէկ թարգմանութիւններ ուզեցին տալ անոր հրաժարման մասին: Պարզ է որ ամէնէն աւելի առաջ քաշուեցաւ Վատիկանի մէջ գոյութիւն ունեցող եւ այդ մասին հրապարակաւ խօսուած միասեռականներու խմբակի մը մասին, որ փորձած է ճնշումներ բանեցնել ներկայ Պապին վրայ: Անկէ զատ կարեւոր կը համարեմ այստեղ ներկայացնել փաստարկ մը, որ թէեւ ամբողջութեամբ հերքուեցաւ Վատիկանի կրօնական հարցերու ներկայացուցիչ եւ խօսնակ՝ Հայր Ֆէտէրիքո Լոմպարտիի կողմէ, բայց եւ այնպէս փաստարկը կը մնայ յոյժ հետաքրքրական: Փաստաթուղթը, որ տարածուեցաւ 30 Դեկետեմբեր 2011-էն ի վեր եւ յատկապէս համացանցի վրայ, կը նշէր, թէ Կաթոլիկ կրօնաւոր մը 2010 թուականին այցելած է Չինաստան եւ հոն լսած է Բալէրմոյի կրօնաւորներէն՝ Փաուլո Րոմէրոյի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, ըստ որուն 2012 թուականի աւարտին Պէնպէտիքթոս 16 -րդ Պապը պիտի մահանայ ու զայն պիտի փոխարինէ իտալացի նոր Պապ մը: Այս փաստաթուղթը կարելի չէ անտեսել՝ տրուած ըլլալով, որ միայն քանի ամսուան տարբերութեամբ Պէնէտիքթոս Պապը հեռացաւ իր պաշտօնէն, սակայն ոչ թէ՝ մահանալով, այլ՝ հրաժարական ներկայացնելով: Նշենք, որ հրաժարեալ Պապին շատ մօտ համարուող կրօնաւորին կողմէ գրուած այդ փատաթուղթը շարադրուած էր գերմաներէն լեզուով, որպէսզի իտալացիներուն ուշադրութենէն վրիպի եւ աղմուկ չբարձրացնէ: Այստեղ երեւելի կարմիր թել մը գոյութիւն ունի, որ կը խօսի Վատիկանի եւ Իտալիոյ միջեւ առկայ կապին մասին: Այս կապն ու անոր վերաբերող խնդիրները նորութիւն չեն: Հռոմի Պապական աթոռի հիմքերը այդ քաղաքին աներեւելի բանալիները կը գտնուին իտալացի կրօնաւորներուն եւ կարտինալներուն մօտ: Նշենք նաեւ որ տարածուած գաղտնի թուղթին մէջ երեւելի է նաեւ, թէ Հռոմի Պապը պիտի ամբողջացնէր նորանշանակ կարտինալներ ընտրելու ժողովը՝ այն համալրելով քսանութ նոր կարտինալներով, որոնց շարքին եղաւ նաեւ Լիբանանի Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Րահին:
«Անուններու Պատերազմ»
Հրաժարման լուրը հազիւ մարսած՝ Իտալիոյ բոլոր թերթերն ու Վատիկանի լուրերով «ապրող» կայքերը սկսան թէժ քննարկում կատարել յառաջիկայ նոր Պապի անունը ընտրելուն մասին: Անուններու տարափ մը երեւելի դարձաւ: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Վիեթնամի Կարտինալին Վատիկան ժամանումով արդէն ամբողջացած է ցուցակը այն կարտինալներուն (թիւով 118) որոնք իրաւասու են ընտրելու Կաթոլիկ աշխարհի առաջին հոգեւոր առաջնորդը, որ խորքին մէջ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կրօնական գործիչն է: Նշենք, որ 118 կարտինալներէն բոլորը բնականաբար իրաւունք ունին Պապ ընտրուելու միայն թէ պէտք է հաւաքեն ձայներուն երկու-երրորդը: Իտալական թերթերէն ամէնէն ակներեւը գրած է, որ Միլանոյի առաջնորդ Անճէլո Սքոլա մեծ յոյսեր ունի ընտրուելու, այս խօսքը սակայն փաստացի ըլլալէ անդին «Իտալական գերիշխանութեան» մը փափաքն է: Սքոլայի կը հետեւին Աւստրալիոյ՝ հունգարացի արմատներ ունեցող առաջնորդ Փիթրա Արտո եւ Վիենայի առաջնորդ՝ Ֆրիստոֆ Շոնպըրն: Այս անուններէն զատ երեւելի է նաեւ «պահպանողական» համարուող Գանատայի առաջնորդ Մարգ Օլէի անունը: Այստեղ պէտք է նշել նաեւ, թէ իտալացիներու նախասիրութիւնն է եւրոպացի Պապի մը վերընտրութիւնը: Աւելի տեսանելի կամ ծածուկ միջոցներով իտալացիները լծուած են իրենց համար «մահ ու կենաց» պայքարին: Կայ նաեւ այլ մօտեցում մը, որուն համաձայն Եւրոպայի «ծեր» ցամաքամասէն դուրս նոր Պապ մը ընտրելու հաւանականութիւննրը այս պահուն նօսր չեն: Այս առումով մեծագոյն գրաւը կիյնայ Կանայի առաջնորդ Բիթըր Թըրքսընի (64 Տարեկան) անուան վրայ, որ վերջին շրջանին մեծ աքթիւութեամբ վարած է Վատիկանի «Խաղաղութեան եւ արդարութեան խորհուրդ»ի վարիչի պաշտօնը: Թըրքսընի կողքին «աղքատ» ցամաքամասէն ակներեւ է Քէնիոյ հոգեւոր առաջնորդ Րոպըրթ Սարի անունը, որ ցայսօր կը վարէ «Charity Bank Of VATICAN»-ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը եւ մեծ նեդրում ունեցած է Ափրիկէյի մէջ: Յիշենք նաեւ Նիճէրիոյ հոգեւոր Առաջնորդ Ֆրանսիզ Արէնզիի անունը (80 տարեկան): Յատկանշական թեկնածու է նաեւ Արժանթինի հոգեւոր առաջնորդին անունը, որ մեծ աշխատանք տարած է յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ: Արժանթինի առաջնորդը կը կոչուի Լէոնարտո Սանտրի: Նշենք, որ Սանտրի բաւական ամուր կապեր ունի յատկապէս Արեւելեան եկեղեցիներուն ու անոնց առաջնորդներուն հետ եւ կը սեպուի արաբներուն բարեկամը: Աւարտին յիշենք նաեւ անունը Պարսելոնայի հոգեւոր առաջնորդ Մարթինէզ Սիսթաքի, որ անցնող տարիներուն բուռն պայքար տարած է Սպանիոյ նախկին վարչապետ Խոսէ Լուիս Սապաթէրոյի ու անոր գլխաւորած լայիք շարժման դէմ: Յիշեցնեմ, որ Սապաթէրո մեծ ճնշումներ փորձեց գործադրել Սպանիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ դէմ: Անուններուն մասին այսքան:
Վերանորոգման կարիք՝ Վատիկանէն ներս
Խօսիլ Հռոմի Պապի ընտրութեան մասին առանց լսելու ներսէն՝ եկեղեցիէն եկող ձայն մը, ընդունելի ու արդարացի պիտի չըլլայ: Այս առիթով դիմելով Պէյրութ բնակող եւ Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքարանի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան բաժանմունքի վարիչ Հայր Վարդան Վարդապետ Գազանճեանին, ստացայ գոհացուցիչ պատասխան: Վարդապետը, բարեմաղթական խօսք մը տալէ ըտք խօսեցաւ եկեղեցիէն ներս առկայ տագնապներուն եւ տիրող ընդհանուր մթնոլորտին մասին: Հայր Վարդան խօսեցաւ անկեղծ՝ առանց բառերը ծածմծելու: Ան ըսաւ. «Սրբազան Քահանայապետին հրաժարականին առնչութեամբ, կը յիշեմ իր մէկ հարցազրոյցը, որուն ընթացքին իր հրաժարականին մասին ուղղուած հարցի մը պատասխանելով ըսած է, թէ ան իր հրաժարականը չի կրնար ներկայացնել, երբ եկեղեցին դժուարութիններ կը դիմագրաւէ, որպէսզի փախչի անոնցմէ, այլ պատասխանատուութեան պահուն կարիքը կայ դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրու: Իսկ հրաժարականը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յարաբերաբար հանդարտ պահու մը ընթացքին կու գայ: Եւ այդպէս ալ եղաւ»: Հայր Վարդան Վարդապետ, խօսելով Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Վատիկանի դիմագրաւած խնդիրներուն մասին, ըսաւ. «Սուրբ Աթոռին եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանրապէս եւ Վատիկանի համար մասնաւորապէս Կաթոլիկ Սրբազան եկեղեցին կառավարելը այսօր այնքան ալ հեշտ բան չէ: Եւ այս վերջին տասնեակներուն, մանաւանդ 90-ական թուականներէն սկսեալ կարիքը զգացուած է ներքին եւ արտաքին վերանորոգման եւ նոր ոճի անհրաժեշտութեան՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կառավարման համար: Սակայն ահա երկու քահանայապետներու ծառայութեան շրջանին այնքան ալ չկատարելագործուեցաւ այս բանը: Նոյնիսկ եթէ մեծ յեղաշրջումներ փորձեցին կատարել վերջին երկու Պապերը: Ալեհեր քահանայապետը իր տարիքի բերումով չկարողացաւ դիմագրաւել այսպիսի վերանորոգումի մարտահրաւէր եւ տեղը պիտի տայ աւելի կայտառ կրօնաւորի մը, որ յոյսով եմ պիտի դիմագրաւէ այս հիմնական մարտահրաւէրը՝ ներքին Վատիկանեան վարչակարգի վերանորոգում, մանաւանդ կառուցային իմաստով, ապա նաեւ ընդհանրապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիմնական հոգեւոր վերանորոգում:» Հայր Վարդան, աւարտին խօսելով նոր Պապի ընտրութեան ու ընտրութեան պայմաններուն մասին, եզրակացուց. «Նոր Պապ ընտրող Կարտինալները ըստ վերջին յայտարարութիւններուն, պիտի ըլլան՝ 61 եւրոպացի, 19 Լատին Ամերիկացի, 14 Հիւսիսային Ամերիկացի, 11 Ափրիկեցի, 11 Ասիացի եւ 1 Ովկիանոսային շրջաններէն: Իտալացի Կարտինալները 21 են: Հաւանական է, որ այս պատմական շրջանին Իտալացի մը ըլլայ նոր քահանայապետը. սակայն ասիկա միայն տեսութիւն է: Ամէն բան կորոշուի դռնփակ ժողովներուն ընթացքին Սիկստինեան մատրան մէջ, Միքելանճելոյին գլուխ գործոց որմնանկարներուն տակ»,- եզրակացուց Հայր Վարդան Վարդապետ Գազանճեան:
Վատիկանը նոր հանգրուանի առջեւ
Հայր Վարդանի խօսքին մէջ երեւելի է յոյսի իսկական նշոյլ մը: Հռոմի եկեղեցին, աշխարհը իր հոգիի եւ խիղճի մեծ նժարին վրայ դրած եկեղեցին, այսօր կապրի իրական տագնապ մը: Ու թերեւս այդ տագնապն էր, որ մղեց Պէնէտքիթոս 16-րդ Պապին, որ անսպասելիօրէն ներկայացնէ իր հրաժարականը: Արդեօ՞ք յառաջիկայ ընտրեալը՝ Պետրոս առաքեալի յաջորդը երկրի վրայ, պիտի կարողանայ բուժել այդ վէրքերը:
Անտեսել խնդրիրները, փակել վէրքի կափարիչը, մոռնալ, ձեւացնել որ ոչինչ կայ սխալ կամ տագնապալի: Այս բոլորը կրնան պատահիլ, բայց Հռոմի Պապին հրաժարականը առնուազն ուրիշ բան կըսէր: Այդպէս ուզեց ըսել Հռոմի Պէնէնտիքթոս Պապը: Ուզեց ըսել, որ Վատիկանը կանգնած է լուրջ տագնապի առջեւ, եւ այդ ուղղութեամբ անյետաձգելի է վերանորոգումը: Վատիկանի եկեղեցին այսօր կարիքը ունի նորոգուած յոյսի եւ արի ոգիի: Պօղոս Առաքեալն է ըսողը, որ յոյսը ամօթով պիտի չձգէ հաւատքի կամուրջին վրայէն քալողները: Ու զարմանալի չէ, որ Քրիստոնէական եկեղեցիէն նոյնիսկ հեռու գտնուողները այսօր ուշի-ուշով կը հետեւին նոր Պապի ընտրութեան: Ի վերջոյ Քրիստոս աղքատին համար պայքարող յեղափոխական էր: Շատեր կուզեն անտեսել այս ճշմարտութիւնը: Շատեր կուզեն կոյր ձեւանալ, որ պայքարի իրական հունը պէտք է սկսի եկեղեցիէն: Պայքար յանուն նօթիին ու տնանկին: Վատիկանը միայն հարստութեան մէջ լողալու եղած, փայլուն հանդերձանքներու, ոսկեզօծ սքեմներու, ադամանդակուռ կերոններու հանդիսավայրը չէ: Առնուազն Քրիստոս այդպէս չի պատկերացներ իր տունը: Յոյսը իրական Քրիստոնեաներուն փայտեայ խաչն ու Սուրբ սկիհն է, յոյսը վերջինն է, որ կը մեռնի: Սպասենք: