Ներկայիս Հալէպի տաք շրջաններէն մէկն է հին Հալէպի այն հատուածն է, ուր կը գտնուին Փակ Շուկան, Սապաա Պահրաթ հրապարակը եւ Պապ Էլ Նասըրի ու Խանտէքի պողոտաները։ Այս վերջինը շատ մօտ է Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին ու Ս. Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին, որուն պատմական երկարավիզ զանգակատունը դիւրաւ տեսանելի է այս թաղամասերէն։
Անցեալ շաբաթ, իշխանամէտ ջոկատներու եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ սաստիկ մարտեր մղուած են այստեղ, տասնեակներով զոհեր կան երկու կողմէն ալ։
Հայոց Առաջնորդարանին կից գտնըւող հայ ոսկերիչներու կամ արհեստաւորներու խանութները փակ են, իսկ հոն բնակող սակաւաթիւ հայ ընտանիքներէ շատեր հեռացած են շրջանէն՝ ապահովական նկատումներով։
Հաղորդուեցաւ, որ քիչ անդին, Հարթ Սիսի կոչուող նեղլիկ փողոցին մէջ գտնուող Կիլիկեան Ճեմարանի նախակարթարանի շէնքը եւս տուժած է բախումներէն, հոգաբարձութեան սենեակին ելեքտրական արժէքաւոր իրերը կողոպտուած են թաղին «հսկողութիւն»ը ստանձնած պետական բանակի միաւորներուն կողմէ…



