
Մազերդ ուսդ ի վար. յանձնած զեփիւռին ինձ եկար կրկին.
Սիրոյ ծովին մէջ հոգիով անբիծ լոգնալու եկար...
Փոթորիկն ահեղ ծովը փոթորկեց ու աչքերս լացին;
Տխուր էր հոգիս որ չունէր անկիւն սիրածիս համար...:
Յոգնած ճակատս մատներուդ կարօտ փուշերով խոցուած
Հանգիստ մը կուզէր ծունկերուդ վրայ ու աչքերս տմոյն՝
Գամւիլ բաղձացին աչքերուդ խորը սիրով արբեցած...
Բայց վիշտը կրծող թախիծը մահուան տարին ինձ հեռուն:
Աստղիկ դիցուհին հէք սրտիս սուլթան, սիրոյ պարուհին
Բանաստէղծօրեն հպարտ ու իշխող դուն ինծի եկար,
Ցասկոտ էր հոգիդ, թրջւած թարթիՃներդ աղու լալագին...
Ու երգս լռեց, նայուածքդ յուզեց հոգիս հողմավար:
Ինչո՞ւ միասին այցի չի գացինք մեր հին պարտէզին
Երբէք չյիշեցիր տաճարն աղօթքի սիրոյ չաստուածին...
Պահ մը կուրծք կրծքի աշխարհը մոռնանք. ցաւն ու հալածանք,
Մեր հին օրերու սիրոյ տաղերգը իրար փսփսանք...:
Իզուր հիշեցի սիրոյ տաղերը մեր հին օրերու
Չէ որ իմ երգը շաղւած է որբին անտէր այրիին
Լուռ հեծեծանքին, սուգին ու լացին դժբաղդ մայրերու
Ա՜խ չունիմ աստղիկ հին տաճար չունիմ սիրոյ Բագինին...:
Երբ քեզ յիշեցի, քեզ հետ միասին սիրւել բաղձացի,
Մայր Հայենիքս անէծք նայւածքով իմ սիրտը խանձեց,
Երբ քեզ սրտովին պաշտել ուզեցի ու եկայ ծունկի:
Հազար տանջւածներ ու ջարդւածներ անթիւ պայքարն ցոյց տըին:
Գարեգին Նժդեհ
18 մարտ, 1918, Սէլիմի լեռնանցք