Յովիկ Թրթռեան կը գրէ՝
Սուրիոյ ընդհանրապէս եւ յատկապէս հալէպահայութեան ապրած ճգնաժամը կը կայանայ որոշում կայացնելու դժուարին երկընտրանքին մէջ՝ մնալ թէ մեկնիլ: Դուրսէն եկած խրատները եւ առաջարկութիւնները աւելի կը դժուարացնեն հալէպահայուն իրավիճակը, քանի որ անոնք հիմնուած են մաղթանքներու վրայ, առանց նկատի առնելու առարկայական եւ ենթակայական պայմանները: Այլ խօսքով՝ մնալը իր գինը ունի, մեկնիլը իր գինը, բայց հարցն այն է թէ ո՞վ է այդ գինը վճարողը: Խօսելէն դիւրին բան չկայ: Իրականութիւնը այն է որ մինչեւ օրս լուրջ նախաձեռնութիւն չկայ, կարկտան խեղճուկ նախաձեռնութիւններ են եղածները: 


Այսօր 4-էն 5 հազար ընտանիք եթէ Սուրիոյ մէջ պիտի ապրի երկու հարիւր ամերիկեան տոլար պէտք է ամսական իւրաքանչիւր ընտանիքի համար, որ տարեկան 20 միլիոն տոլարի կը նայի, իսկ եթէ Հայաստան պիտի փոխադրենք առ նուազն 60 միլիոն տոլարի պիտի նայի մէկ տարուայ համար, այն ալ եթէ Հայաստան 40000 մարդկանց ընդունելու logistic հնարաւորութիւնը ունենայ:

Սուրիահայութեան իրավիճակին մասին ոչ մէկ մասնագիտական յանձնախումբ կամ գիտաժողով չի կրնար եզրակացութիւններու հասնիլ, չի կրնար նախատեսել ո՛չ տագնապի տեւողութիւնը, ո՛չ ալ լուծումը: Նոյնիսկ եթէ որոշ առաջարկութիւններ ընէ այդ մէկը իրականացնելու նիւթական միջոցները չունի:

Ուրեմն իւրաքանչիւր անձ ինք պիտի որոշէ իր ուղղութիւնը մեկնելով իր պայմաններէն: Հաւաքական կախարդական լուծում չկայ առ այժմ եւ միշտ նոյն ժողովրդային առածը կրկնելով պիտի ըսեմ «եղունգ ունիս գլուխդ քերէ»:
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել