Նորէն Չարենցն է թեման, Երեւանի գրական ոլորտին մէջ ապրող մարդոց թեման: Թէ ինչ կը կատարուի գիրքին հետ, այն պարզ չէ: Բայց հետաքրքրականն այն է, որ տակաւին Չարենցը կը մնայ հասարակութեան ու «գրական կեանքով» ապրող մարդոց ուշադրութեան կիզակէտը: Ճիշդ կեդրոնը, ու ամէն առիթի ան քաջութիւնը կունենայ իր գլուխը պարզելու, բան մը ըսելու, պոռալու- Չարենցը ան նոյնիսկ մեր մէջ է, որ կը պոռայ- մերթ ու յաճախ ջղայնանալու, հեգնելու կամ արարելու: Չարենցը չէ ատիկա, այդ մէկը մեր հաւաքական ոգին է, որէ կը պարզուի, կը շարժի, կը մռլտայ, կը խենթանայ տարբեր առիթներով ու տարբեր անգամներ հանդէս կուգայ Չարենցի անուան տակ:
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել