Երուսաղեմի Հայկական պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոսի նամակը Գարեգին Բ-ին. պետք է անպայման կարդալ, ահագին փակագծեր են բացված Առաքելական Եկեղեցու ներքին խոհանոցի անցուդարձի ու մութ կողմերի մասին

Վեհափառ Տէր,

Վստահ եղէք, թէ այս տողերը ակամայ թուղթին կը յանձնեմ, մանաւանդ երբ տակաւին քիչ առաջ լսեցի, թէ վերջերս պախարակած ըլլաք ձեր եպիսկոպոսները, որոնք իբր թէ կայքէջերուն մէջ յաճախակի երեւցող ձեր դէմ գրուած բազմաթիւ յօդուածներուն երբեք չեն հակազդեր. ինչպէս կ`ըսեն «Լռութիւնը համաձայնութեան նշան է»:

Սեպտեմբեր ամսուն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կայացած Ներկայացուցչական թատերական ժողովի ընթացքին դարձեալ կրկնուած է ու ծեծուած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Առաքելական եւ Նուիրապետական Աթոռը վերածել ինչ-որ «թեմի» մը տեսակէտը, զոր ձեր գահակալութեան առաջին տարիներուն ներկայացուած էր նոյնպիսի ժողովի մը: Ըսուած է՝ «Պտուղը ծառէն հեռու չիյնար», եւ այս տարի մի քանի վայրահաչ բերաններ` Յովնան, Միքայէլ, Հայկազուն եւ Յովակիմ Սրբազաններ` հասկնալի պատճառներով, թելադրուած ու տարուած - ոչ այնքան իրենց աթոռներու եւ դիրքերու, այլ աւելի գրպաններու ապահովութենէն - ձեր գլխաւոր եւ միակ մտահոգութիւնը յայտնելով, «քաջաբար» պահանջած են, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը անմիջականօրէն ենթարկուէր Էջմիածնի:

Այդ եպիսկոպոսներէն` Յովնան Սրբազան, տակաւին մի քանի տարիներ առաջ փափաք կը յայտնէր անդամակցելու Ս. Յակոբեանց Միաբանութեան, նման իր միաբանակցին` Բագրատ Սրբազանին, տարուած ապագայի վառ յոյսերէ: Միքայէլ Սրբազան` փոխանակ զբաղելու անմիջական սպառնալիքովը իր իսկ թեմէն ներս ծաւալող աղանդներուն եւ կաթոլիկութեան, կը զբաղի իր մտային կարողութիւններէն վեր հարցերով: Նիւթապաշտ Հայկազուն Սրբազան, հազիւ արժանացած եպիսկոպոսութեան, իր երբեմնի հակա-Գարեգինեան յանկերգը վերածած է «Միայն Գարեգին» քայլերգի: Իսկ պիտի չուզէինք խօսիլ Յովակիմ ըսուած ողբերգութեան մասին, որ Երուսաղէմ եկող Էջմիածնական կարգ մը եպիսկոպոսներուն նման գանգատներ կը տեղացնէր ձեր բռնապետական – կը գոհանանք միայն այս բառը գործածելով - վերաբերմունքին մասին հանդէպ ամբողջ միաբանութեան:

Բոլոր այն Էջմիածնական միաբանները որոնք եկած ու վայելած են այս Աթոռին բարիքները, կ`երեւի տարուած իրենց վաճառականութեամբ, չեն նկատած եւ կամ ալ չեն ուզած տեսնել այն յաւիտենական պայքարը զոր Հայ Երուսաղէմի իւրաքանչիւր միաբան կը տանի ի խնդիր եւ ի հաշիւ մեր Ազգային իրաւունքներուն: Կարծէք չէր բաւեր մեր ամենօրեայ հարցերն ու դժուարութիւնները քրիստոնեայ միւս համայնքներուն հետ, իսկ միւս կողմէն հրեաներու եւ իսլամներուն հետ մեր մշտակայ խնդիրները, հիմա ալ Մայր Աթոռի միաբանութիւնը ձեր նման, խաչակրութեան ելած է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դէմ, տարուած միահեծանութեան մարմաջէ ... Պտուղը ծառէն հեռու չիյնար:

Վեհափա՛ռ, ժամանակին փորձեցիք Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռները չէզոքացնել բայց չյաջողեցաք, եկէ՛ք մէյ մըն ալ մի՛ փորձէք:

Եւ բնաւ մի՛ մոռնաք, որ օտարներ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծանօթացած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միջոցաւ: Այս Սրբազան Հաստատութիւնը ամբողջ դարեր տոկացած է մարդկային եւ բնութեան արհաւիրքներուն, ձեր նախնիները, կաթողիկոսներու ամբողջ սերունդներ ճանչցած եւ ընդունած են Պատրիարքութեանս Կանոնադրութիւնն ու Նուիրապետութիւնը, իսկ ի՞նչն է որ ձեզի իրաւունք կու տայ թելադրելու ձեր մանկլաւիկներուն այդպէս ժխտական կեցուածք որդեգրելու Միաբանութեանս դէմ, միթէ դուք ձեզ ձեր նախնիքներէն աւելի խելացի՞ կը կարծէիք: Վաճառականական եւ առեւտրական յատկութիւններ ունենալը անպայմանօրէն խելացիութեան յայտարարներ չեն: Դուք կրնաք մարդ առնել ու ծախել, սակայն ԵՐԲԵ՛Ք ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ԻՒՐԱՑՆԵԼ:

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին, Ուինսթըն Չըրչիլ կու գար Գերման ղեկավարներուն զգուշացնելու, թէ «Հով սերմանողը`փոթորիկ կը հնձէ»: Եւ դուք տասնամեակէ մը աւելի ձեր պաշտօնավարութեան շրջանին միայն հով սերմանեցիք ու հիմա պիտի պատրաստուիք անոր փոթորիկները հնձել:

Տարիներ անցեր են Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ի վեր, այն օրերուն, երբ անոնք գործի կը լծէին մութ անցեալ ունեցող աշխարհական եւ ինչու չէ նաեւ հոգեւորական արկածախնդիրներ, ստեղծելու այսպէս կոչուած «Ազատ Եկեղեցի» շարժումը: Եւ այս օրերուն, ցաւ ի սիրտ, կը տեսնուի թէ այդ միեւնոյն ախտավարակ ոգին կը վերարծարծուի նոյն ինքն Մայր Հայրենիքի մէջ, ուր նորելուկ աղանդներ տակաւ կը ծաղկին ու կը զօրանան ձեր իսկ «բարի ու հանդուրժող» նայուածքին տակ: Դուք, որ կոչուած էք ըլլալու գլուխը մեր Եկեղեցւոյ, միացած քաղաքական ապակրօն եւ հաւատազուրկ ղեկավարներու, կը փորձէք ձեր աճուրդի դրուած խելքով եւ մանկունակ ու քմահաճ որոշումներով, արմատախիլ ընել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դարաւոր կաղնին, որովհետեւ հակառակ ձեր տարիներու բոլոր արեւներուն, դուք տակաւին չէք հասունցած: Ձեր բովանդակ կեանքի երկարութեան, ձեզի պակսած է տարրական ողջմտութիւնը, հաւատքի եւ գիտակցութեան համադրումը, որ մարդուն տրուած մեծագոյն շնորհներէն մին է:

Ձեր մտածելակերպին պէս սոփեստ եւ անպատասխանատու են ձեր արտայայտութիւններն ու որոշումները: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր դարաւոր գոյութեան ընթացքին արտաքին հարուածներէն այնքան չէ սոսկացած, որքան այն անմիտ եւ քանդիչ փորձերէն, զորս դո՛ւք Վեհափառ, ծոցածին զաւակը այս նոյն Եկեղեցւոյ, կը պատրաստէք ի՛ր մէջէն` ի՛ր դէմ: Հայ Եկեղեցին բաժնել իր նկարագրէն` պիտի նշանակէր կտրել պորտը իր անցեալէն, ուր կրօնի զգացումն ու ազդեցութեան գաղափարը փոխադարձաբար իրար ամրապնդած եւ իրար հետ շաղահիւսուած են, յօրինելով մեր Հայու դիմագիծը եւ ստեղծելով հրաշքը մեր դարերուն:

Անոնք որոնք ինքզինքնուն իրաւունք տուած են հանրային շահերուն եւ բարոյականին հսկելու, քաջ պէտք է գիտնան թէ կայծքարը առանց հարուածի բոց չտար, ինչպէս նաեւ պալարները չեն դարմանուիր առանց նշդրակի հարուածին: Կը գրենք այս տողերը հաւատալով, որ չարիքը տեսնել եւ անտարբեր մնալ` պիտի ըլլար չարիքին օժանդակել:

Ու դարձեալ Մեր Հայր Պարետի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ ցուցաբերեցիք նոյն տհաս եւ խակ կեցուածքը - յենելով կարգ մը մարդոց ասէկոսէներուն եւ հին հաշիւներուն վրայ, մարդիկ, որոնք կտրած իրենց իսկ պորտերը ազգին հետ, կը փորձեն մի քանի տոլարով «գնել» չգիտցած ու չհասկցած բաներնին - միշտ անտեսելով էականը, ՃԻՇԴԸ, որ այս պարագային Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական Ժողովի որոշումն էր:

Դո՛ւք անտեղի պարսաւող մըն էք եւ առաջնակարգը երկրորդականէն տարորոշել չգիտցող անձ մը, մէկը, որ իր աչքին կարողութեամբ եւ կամ ալ ակնոցին գոյնին համեմատ կը տեսնէ իրողութիւնները, ուրիշ խօսքով Վեհափառ, դուք ձիերը կառքին ետեւէն լծողներէն էք: Այլեւս ժամանակը հասած է, որ դադրիք դրախտաբնակի մը նման փորձելէ ձեր բարոյական մերկութիւնն ու սնանկութիւնը թուզի տերեւներով ծածկելէ:

Այս օրերուս, մեր Եկեղեցին կը գտնուի այնպիսի վիճակներու եւ երեւոյթներու դիմաց, որոնք լուրջ կասկածներու եւ տրտում հեռապատկերներու կը տանին մեր միտքը, երբ վայրկեանի մը համար միայն աչքի առաջ ունենանք մեր երբեմնի ազգային եւ կրօնական այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնց շնորհիւմեր ժողովուրդը երբեմն բան մը արժած եւ տակաւին կրնայ արժել: Քա՛ջ գիտցէք, որ ժողովուրդի մը ոյժին եւ մեծութեան գաղտնիք նիւթն ու նիւթականը չեն, որովհետեւ ժողովուրդներ չեն մեռներ իրենց ստացած ֆիզիքական վէրքերէն, այլ աւելի, հոգեկանէն: Մեզ ազգովին հարուածողը մեր դիմագրաւած աղէտներէն աւելի մեր ազգին ղեկավարներու անտարբերութիւնն ու եսակեդրոնացումն է, եւ այս մէկը բնական մահ մը կրնայ նկատուիլ ժողովուրդի մը համար: Ժամանակը եկած է, Վեհափառ, որ դուք պարտիք վերագտնել ձեր հոգեկան արժէքները, եթէ երբեւիցէ ունեցած էք, ապա թէ ոչ դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ մեր Մայր Եկեղեցին փրկէք ամբողջական կործանումէ:

Հայաստանեայց Եկեղեցին միշտ եղած է օճախը մեր ցեղին իմացական, հոգեկան եւ բարոյական ձգտումներուն: Ան եղած է գերազանցապէս մեր հաւատքի Տապանակ Ուխտին: Մեր Եկեղեցին, կրօնա-ազգային այս պատկառելի հաստատութիւնը, մեր ժողովուրդի մեծագոյն ստեղծագործութիւնն է, որ պատմական ու քաղաքական անյարիր պայմաններու մէջէն անցնելով Ձեւ եւ Նկարագիր առնելով հասած է մեզի, եւ դուք իբր «Հայր ամենեցուն» պարտիք անոխակալ, հաւասար եւ մանաւանդ բարեմտօրէն նայիլ բոլորին: Ձեր կասկածները, տեղի կամ անտեղի, որոնք ընդհանրապէս անտեղի եղած են, եւ պարագաներ կան երբ ձեր կողմէն մեծութիւն պիտի ըլլար ընդունիլ գործուած սխալը:

Վեհափառ, քաջ վստահ եղէք, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը մեզի համար կը մնայ ու միշտ պիտի մնայ աղբիւր ներշնչման եւ յոյսի, սակայն դուք...

Նուրհան Արք. Մանուկեան

Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի

Յ.Գ.

Նկատելով, որ տարրական քաղաքավարութիւնն անգամ չունեցաք պատասխանելու Պատրիարքարանէս ձեզի ուղղուած նամակին՝ նախընտրեցի համացանցով հասցնել այս մէկը:

Ն.Ա.Մ.

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել