Վաղ պատանեկութեանս, չեմ գիտեր ինչպէս կրցայ ապահով անցնիլ Հերովդէսներու մօտէն: Աւելի ճիշդը՝ ապրեցայ անոնց հետ, ապրեցայ անոնց մօտ, լսեցի անոնց խօսքերն ու ճառերը, յետոյ միայն իմացայ որ փսխունք էր ամէնը: Ամէնը սուտ էր:
Ու այդ սուտը այսօր ալ կը շարունակուի:
Իմ ծնած գիշերը Հերովդէսները լուր չունեցան եւ կամ պատահածը զարմանքով ընդունեցին թերեւս: Սակայն իմ նման շատ- շատերու տուներուն լոյսը մնաց ուժեղ եւ բոցավառ:
Աճեցանք ցեխին մէջ, մայթին վրայ, առնէտները մեր շուրջ:
Գարշելի սողուններ բուսան ամէն քայլի հետ:
Ոխ, քէն եւ ատելավառ աչքեր կամար կապեցին մեր գլխավերեւին:
Ու յետոյ զարմացան շատեր, որ բանաստեղծութիւնը մեզի համար դարձաւ տուն ու պատսպարան:
Շատ անգամ ձաղկեցին այդ ամէն ինչը եւ ձեւացուցին որ կը պարեն օղիի ազդեցութեան տակ:
Բոլոր մանուկները գլխատուեցան ու ձայները բոլոր խեղդամահ եղան:
Հերովդէսները գիտէին իրենց գործը ճիշդ կատարել:
Սեւազգեստ էին յաճախ:
Ըսին, որ հաւատքին մէջ պիտի մխրճուիս ու նկար քաշուիս մեր հետ, որպէսզի լսելի դառնայ ձանյդ:
Այլապէս ձայնդ կը դառնար աղմուկ:
Հերովդէսները մեծ բառերով կը խօսէին, չգտնուած ու անպիտան բառեր կ’օգտագործէին միայն: Անմիաբան էին, վարժապետ կամ արապայի վրայ քէպապ վաճառող հաւատարիմ շախսօներ էին: Կային այս բոլորը: Բայց ամենէն զարմանալին, այն էր որ բառը պիտի աճէր այդ ստերջ, անպտուղ անապատին մէջ, կակտուսներու պէս:
Շատեր կը զարմանային, թէ ինչպէս կրնար գրուածը թուղթին վրայ միայն թունաւոր ըլլալ, կարծես գամուած պիտ ըլլար իժերու դեղին – թարախոտ լեզուէն միայն:
Չէին ուզեր հասկնալ, ու ցարդ պիտի չուզեն հասկնալ եղածին ահաւորութիւնը:
Իրենց համար կարեւոր ալ չէր վերափոխումը:
Լեզուն ոչ թէ կը պայթէր, այլ կը վերափոխուէր:
Փարիզ կամ Նոր Եորք նստող ընկերները խրատներ կուտային – ու ինչ հեշտ էր խրատի լեզուով խօսիլը: Սապատդ տնկէ, ու յամառօրէն քալէ անապատներէն ու գրէ. այդ էր ուզուածը: Կը մորթուէր ամբողջ սերունդ մը:
Առաւելագոյն պարագային փոքր ու լեզուանի գիրամիտճիները կը դառնային հետեւակներ ու կը նստէին օդափոխիչներուն տակ:
Կը փոխէին իրենց անունները ու կը քալէին մեծ ճանապարհէն . լոյսերուն տակ կամ բեմերէն:
Կը խաղային հին խաղը:
Ոտաբոպիկ ու հռետորական:
Հերովդէսները կը մորթէին մանուկները ոչ թէ փնտռելու ու գտնելու Նազովրեցին կամ անոր իրական ժառանգորդները, այլ կուզէին մեծ արգանդին մէջ սատկեցնել մեր լեզուն:
Լեզուի մասին
Անցնինք: Ի՞նչ է լեզուն: Կամ ո՞ւր կ’ապրի անոր իրական սերմը, այսօր այս նահանջներուն, այս աքսորականի տիղմերուն մէջ:Ի՞նչ հանգրուան կը բոլորէ մեր լեզուն այսօր, կամ ի՞նչ է անոր իրական էութիւնը: Եթէ ունի ան հաւաքական ու միացեալ էութիւն մը. համապարփակ բան մը:Ասոնք հարցադրումներ են, որոնք ի պաշտօնէ չեն դրուիր սեղանին, կամ դասախօսութեան մը պէս չեն կարդացուիր մեր ականջներուն:
Մեր սերունդը ձանձրացած է փուճ քարոզներէն, երկար-բարակ ժողովներէն ու զով սրահներու տակ արտասանուող ու հաճոյ թուալու համար կարդացուած կամ ըսուած խօսքերէն:
Մենք սփիւռքով մէկ, Հայաստանն ալ տարած ենք այս խաղին: Վերջերս էր միայն, որ սփիւռքի գրողներէն քանի մը անուններ անդրադարձան որ Հայաստանն ալ նոյն ապիկար խաղը կը խաղայ:
Ժողովներ, լուսանկարներ, ալպոմներ, մետալներ եւ ծաղկեպսակներ:
Այս բոլորը կը յուշեն, որ լեզուն կը մեռնի:
Այս բոլորը կը սգան արեւմտահայերէնի անկողնային վիճակ ունենալը, անոր մահաքուն մտնելը եւ կամ սպաննուիլը:
Իրօք ո՞վ կը սպաննէ մեր լեզուն: Եթէ կայ սպաննութեան վարկած:
Շարունակությունն՝ այստեղ




