Գնահատանք կամ Վարկաբեկանք
Յոգնած եմ միայն խօսքեր լսելով՝ Գյումրին 2013-ին հռչակուեց ԱՊՀ երկիրներու մշակույթի մայրաքաղաք, եղան զանազան ձեռնարկներ զանազան վայրերու մէջ, ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Վարչապետ, Քաղաքապետ, Մարզպետ եւ այլն...ուր որ երեւալու տեղ կայ բոլորը ներկայ էին: Սակայն բոլորը թքած ունէին Գյումրու Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբին տարեկան համերգին վրայ, որը կազմակերպուած էր իմ կողմէ եւ հովանաւորուած էր Գյումրու քաղաքապետարանին կողմէ եւ ընդգրկուած էր մշակութային մայրաքաղաքի շրջանակներու ծիրեն ներս: Ոչ մեկ պետական անձնավորութիւն չկար սրահին մէջ՝ չնայած տրուած սուտ խոստումներուն: Ցաւալին այն է, թէ եղան պարգեւատրումներ եւ այդ պարգեւատրուողներուն ցուցակին վրայ չկար իր կեանքը արուեստին նուիրած Եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար Սաթիկ Վարդանեանի անունը, վստահաբար պիտի ըսեն, ՎԱԱԱԱՅ, կը ներեք, մոռացանք...լաւ եթէ ըսենք մոռցաք, ապա ինչպէս կարելի է մոռնալ ճանաչուած օփերային երգչուհի Արեւիկ Գրիգորեանը, որը փառատօնին բացմանը մեներգեց Անուշ Օփերայէն հատուած մը, Արեւիկը եւ երգչախումբը տարին ավարտեցին բազմաթիվ համերգներով, սակայն, անշուշտ, արանց ակնկալիքի եւ գնահատագրի: Մեզի պէտք չեն Մովսէս Խորենացիի ոսկի մետալներ, որովհետեւ Վիգէն, Արեւիկ, Սաթիկ եռեակը ինքնին ոսկէ մետալ են, որը նուիրուած են յանուն արուեստի բարգաւաճման:



