Դժուար պահերուս, մեր ՄԵԾԵՐՈՒ կեանքի օրինակը կը ներշնչէ, կոգեւորէ, կը գօտեպնդէ զիս....Ի՛նչ անձնուրաց ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ օրինակ է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ականաւոր դէմքերէն՝ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻԻ կեանքը, արեան եւ արցունքի հետքերուն վրայ, անօթութեան, ցուրտի, հիւանդութեան թշուառագոյն պայմաններուն մէջ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ստեղծել, ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼ....Վեհանձնութեան ի՛նչ վարակիչ օրինակ է ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆԻ կեանքը՝ սալայատակներու տիղմին վրայ, մարդկային կեանքի տարրական պայմաններէն զուրկ, աշխատիլ, տքնիլ՝ բեկոր մը ԼՈՅՍ, նշոյլ մը ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ ստեղծելու հայ տարագիր մատղաշ հոգիներուն համար.....ԻՄԱՍՏՆՈՒԹԵԱՆ ի՛նչ օրինակ է ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ կեանքը՝ անտուն ու թափառական, իր «փոշի ազգ»ին անանձնական ՍԷՐ եւ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ պարգեւելու համար ԻՆՔՆԱԿԷԶ ԱՅՐՈՒՄ, մոմի նման, ՅՈՅՍ եւ ԼՈՅՍ պարգեւելու համար յետ-Եղեռնեան հայ բազմահազար որբերուն...., քանզի ան կը հաւատար, որ «օդի, ջուրի, հացի նման, ՄԵՆՔ պէտք ունինք ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ»....Այնքան շատ են մեր ՄԵԾԵՐՈՒՆ ԿԵԱՆՔԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ, որոնք մեզի եւ ի մասնաւորի մեր նոր սերունդին համար կրնան դառնալ ՈՒՍԱՆԵԼԻ ԴԱՍ, ՀԱՆԱՊԱԶՕՐԵԱՅ ՀԱՑ ՀՈԳԵՒՈՐ, ՀԱՅՕՐԷՆ եւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ....
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/534861249938325?ref=notif¬if_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել