Համացանցին մէջ տեսայ բրիտանացի փորձագէտ Թովմաս դէ Վաալի «Սև այգի» գիրքին վերահրատարակման մասին տեղեկատուութիւնը: Իրականութիւնը խեղող, ճշմարտանման սուտ պնդումներու միջոցով հայ և ադրբեջանական հանրութեան գիտակցաբար կը տրուի հակամարտութեան պատկերը նենգափոխող վարկած, որուն միջոցով փորձ կը կատարուի հակամարտող կողմերու գիտակցութեան մէջ ալ աւելի ամրագրել խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին խոչընդոտ դարձած կարծրատիպերը: Հակամարտութեան կողմերը պէտք չէ պատրանք ունենան, թէ հնարաւոր է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը, առանց դուրսի շահագրգիռ ու հոգատար միջնորդութեան: Հասկնալի է, որ այդ հեղինակին, Սաբինա Ֆրէյզըրին և մի քանի այլ վարձկաններու ճիշտ ասոր համար ալ կը վճարեն և նոյն կերպ կը վարուի նաև ռուսական կողմը:

Այս կը կատարեն բանակցային գործընթացի միջնորդ երկիրներուն պաշտօնական քաղաքական մօտեցումները «անկախ» փորձագէտներու միջոցով համոզիչ եւ արդար ներկայացնելու նպատակով: Մեր կենսական շահերու ոտնահարման քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնն ապահովող այս վնասակար քարոզչութեան հակազդելու համար բաւարար չէ այն, որ մերթ-ընդ-մերթ այս կամ այն հայ փորձագէտը հանդէս գայ օտարներուն թէզերը ժխտող պնդումներով` գործնական քաղաքականութեան և դիւանագիտութեան մէջ համակարգային կիրառում չունենալով, այդ հակափաստարկները, գործերու ընթացքին վրայ ազդելու նուազագոյն հեռանկարը չունին, իսկ իրենց լսարանն ալ անհամեմատ աւելի փոքր է եւ կը սահմանափակուի Հայաստանով եւ Սփիւռքով: Այնուամենայնիւ, գոնէ մեզի համար, պէտք է յստակ հասկնանք, որ այդ օտար փորձագէտներուն բռնած գործը ոչ միայն կը հակասէ մեր շահերուն, այլև հիմնուած է գիտակցուած կեղծիքի վրայ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել