ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԵՐԸ ցոյցի, ցուցադրականութեան, կամ ձեւականութեան համար չեն: Անոնք կը միտին վերիմաստաւորելու այդ ՏՕՆՈՎ նշանաւորուող ԴԷՄՔ մը, ԴԷՊՔ մը, ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ մը, որ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ ունի իր մէջ: Օրինակ, ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ..., որ հայ դպրոցներուն մէջ յատկապէս կը տօնակատարուի, որպէսզի նոր սերունդը մանաւանդ ՀԱՂՈՐԴԱԿԻՑ դառնայ մեր ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐՈՒ սխրագործութեան, ներշնչուի անով, վերարժեւորէ զայն, ազգային-հոգեւոր-մշակութային այդ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ սնանի եւ զանոնք կենսաւորէ յետագային իր կեանքին մէջ....Մակերեսային «արժէքներու» մեր դարուն, միտում կայ կարծէք՝ ամէն ինչ ԽՈՐՀՐԴԱԶՐԿԵԼՈՒ, զայն դարձնելու ՀԱՍԱՐԱԿ, հեշտ ու հաճելի ընկալուող երեւոյթ, ԱՆՀՈԳԻ, ՈԳԵԶՈՒՐԿ իրադարձութիւն, ուր կարեւորը կարծէք ըլլար զուարճութիւնը միայն, խրախճանքը, արձակուրդը....Ո՞ՒՐ ԿԵՐԹԱՆՔ ԱՅՍՊԷՍ, ՆՍԵՄԱՑՆԵԼՈՎ ԱՄԷՆ ԱՐԺԷՔ, ԽՈՐՀՈՒՐԴ, ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ...
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/523657464392037?notif_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել