Նախակրթարանը՝ ուր ստացեր եմ իմ նախնական կրթութիւնս,, կը պատկանէր Հայ Կաթողիկէներուն, Պէյրութի մէջ: Յիշողութեանս մէջ վառ տպաւորուած է տարուան մէջ յատուկ այն Օրը, երբ իւրաքանչիւր աշակերտ կը մօտենար եկեղեցւոյ Խորանին եւ Պատարագող վարդապետը՝ մոխիրի փոշի ցանելով անոր ճակատին, կըսէր հետեւեալ դիպուկ խօսքերը. «ՈՎ ՄԱՐԴ, ՅԻՇԷ ՈՐ ՀՈՂ ԷԻՐ ԵՒ ՀՈՂ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՍ»....Սա հաւանաբար ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ էր բոլորին ուղղուած...Իրաւամբ ալ, որքան կարեւոր է ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ առաքինութիւնը, երբ մտածենք որ ամէն ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, որքան ալ արժանաւոր ըլլայ ան, ՀԻՒԼԷ մըն է լոկ տիեզերական պատմութեան մէջ....Իսկ մեր մէջ, որքան շատ են պաշտօնաւոր թէ ոչ-պաշտօնաւոր մարդիկ, որոնք արբենալով իրենց ունեցուածքով կամ գրաւած դիրքովը հասարակութեան մէջ ընդհանրապէս, կը դառնան ԳՈՌՈԶԱՄԻՏ եւ նոյնիսկ ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ....ՆՄԱՆ ՄԱՐԴԻԿ ԽՂՃԱԼԻ ՉԵ՞Ն ԱՐԴԵՕՔ...
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/522700977821019?notif_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել