ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ....Մարդ էակը գուցէ միակն է Արարչութեան ստեղծած արարածներուն մէջ, որ կը զգայ ու կընկալէ գեղեցկութեան խորհուրդը՝ մանաւանդ բնութեան երեւոյթներուն մէջ....Արդարեւ, ի՞նչ կարժէ ընդհանրապէս Գեղեցիկը, ինքն իր մէջ, եթէ չըլլայ մարդը, անոր վսեմ ակնարկը, հոգին, որոնք ՀԱՂՈՐԴԱԿԻՑ կը դառնան Գեղեցիկին հետ, իմաստ ու արժէք կու տան անոր, անով կը սքանչանան, կը զմայլին, կը վեհանան, կը ներշնչուին....Եւ, արուեստագէտին պարագային, զայն կը վերարտադրեն՝ ԳԵՂԵՑԻԿԸ, գոյնով, գիծով, քանդակով թէ բառերով: Մարդկային հոգին, եթէ չէ եղծանուած ան, միշտ ալ կը փնտռէ այդ գեղեցիկը ամենուր, որպէս հոգեմտաւոր սնունդ ու մանանա՝ օդի, ջուրի, հացի նման...: Ան չի բաւարարուիր լոկ նիւթական բարիքներով, քանզի ՈԳԻԻՆ բարիքները նոյնքան եւ գուցէ աւելի էական են զայն իրապէս երջանկացնելու համար....Գեղեցկութեան ճաշակը մարդ էակը նաեւ կը մղէ գեղեցիկ արարքներու....Մեր դարու Մտածողներէն մէկը արդարեւ պիտի ըսէր այնքան նշանակալից կերպով. « Մեր դարի խնդիրներէն մէկն ալ այն է, որ ան կորսնցուցած է ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ».....Սա որոշապէս մտածելու լրջագոյն խնդիր է....
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/519502521474198?ref=notif¬if_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել