ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՆ Է ԱՅՍՕՐ....Ճիշդը ըսելով, բարեկամէս իմացայ այդ մասին: Եւ կը խորհրդածեմ. Լրագրողներու Համերաշխութիւն կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, երբ անոնք՝ ամենայն ԱՆԱՉԱՌՈՒԹԵԱՄԲ, ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՄԲ բարձրաձայնեն ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ, որ այնքա՛ն կը բռնաբարուի մեր օրերու «ԱԶԱՏ» աշխարհին մէջ: Այդ պարագային միայն, ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ համայն աշխարհի կը դառնան ՉՈՐՐՈՐԴ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ընդդէմ այդ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ չարաշահող, եղծանող ՈՅԺԵՐՈՒՆ....Կը դառնան զօրաւոր ՀԱԿԱԿՇԻՌ նման ոյժերուն, զանոնք հրաւիրելով՝ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՇՈՒԵՏՒՈՒԹԵԱՆ...Այն ատեն միայն, լրագրողները կը ստեղծեն ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ, ուր դուրս կը մղուին սուտն ու կեղծիքը, անոնց ծառայող վարձկան գրիչները.... ԲՈԼՈՐ ՃՇՄԱՐԻՏ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԸ՝ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել