ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ բարւօք ապագան, անոր լիարժէք զարգացումը կախեալ են գերազանցօրէն անոր ՆԵՐՔԻՆ ԱՄՐՈՒԹԵՆԷՆ... Ունի՞նք այդ ներքին ամրութիւնը ներկայիս, երբ իշխանութիւն-հասարակութիւն կապը գրեթէ անգոյ է...երբ մեր երկրի կառավարման համակարգը չառաջնորդուիր մեր ժողովուրդի եւ ազգի գերագոյն շահերէն... Չառաջնորդուիր մեր մշակութային-հոգեւոր-բարոյական արժեհամակարգի լոյսով...
Ներքին ամրութեամբ ՀԶՕՐ պետականութիւնը չի դառնար ԵՆԹԱԿԱՅ այս կամ այն պետութեան թէ կառոյցին... Ընդհակառակը, ան միայն ՓՈԽ-ՇԱՀԱՒԷՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ կը մտնէ այլ կառոյցներու, միութեանց թէ պետութեանց հետ,` ԱՌԱՆՑ ԶԻՋԵԼՈՒ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ, ԻՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԻՒՆԸ... Եւրասիա թէ Եւրոմիութիւն... Երկուքին ալ ձգտումն է մեզ դարձնել ԵՆԹԱԿԱՅ կամ ԳՈՐԾԻՔ յանուն իրենց վերպետական շահերուն... ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ԿԱՐԵՆԱՆՔ ՊԱՀԵԼ ՄԵՐ ՊԵՏԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ-ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԻՒՆԸ... ՄԵՐԸ, ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ: ՍԱ ԼԻՆԵԼ-ՉԼԻՆԵԼՈՒ ԳԵՐԽՆԴԻՐ Է: