Պէյրութի երէկուան պայթումին հետեւանքով ինկան քսան զոհեր եւ աւելի քան երկու հարիւր վիրաւորներ: Եւ այսպէս փողոցներէն մեռելները կը հաւաքեն, մայթերն ու սալայատակները կը լուան, սուգի օր կը յայտարարեն ու կը պոռան, որ թշնամին կ այրէ մեզ... Չեն մտածեր լռելու մասին, չեն մտածեր իրենցմէ իւրաքանչիւրին մէջ թաքնուած ոսոխին մասին, չեն մտածեր ինկած զոհերուն հոգիներուն խաղաղութեան մասին: Ճառահատեալ են: Միասին նոյն դրօշի տակ ապրող այդ հաւաքկանութիւնը հեռու է ազգ ըլլալու գաղափարէն ... որովհետեւէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր քնացած պահուն .... իր սեփական Հայրենիքը կերտել կ`երազէ.. իւրաքանչիւրը իր չափերուն, իր հաւատալիքներուն, իր համայնքային կիրքերուն եւ ատելութեան սահմաններուն հիման վրայ: Այդպէս է .... Իսկ իմ սիրելի հայրենակիցներս ... այդ վէրքերուն ու արիւններուն մէջ կը շարուանկեն մաքառիլ.... Մեղա՜յ, Մեղա՜յ Պէյրութին....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել