Երբ փոքր էի, կը զարմանայի, թէ ինչու՞ մեր եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին, ունինք յատուկ աղօթք-աղերսանք առ Աստուած, խնդրելով Բարձրեալէն «ԱԶԳԻՍ ՀԱՅՈՑ՝ ՍԷՐ, ՄԻՈՒԹԻՒՆ»... Յետոյ սկսայ անդրադառնալ կամ խելքի գալ, որ իսկապէս ալ ՄԵԶԻ ՊԱԿՍՈՂԸ ՍԷՐ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆ են գերազանցօրէն... Ազգ մը ամուր եւ անխոցելի կը դառնայ, երբ զայն բաղկացնող անհատները ունին ՍԷՐ իրարու հանդէպ, ՀԱՄԵՐԱՇԽ են, ԶՕՐԱԿԻՑ եւ ԶՕՐԱՎԻԳ են իրարու... ՉԵՆ ՆԱԽԱՆՁԻՐ, այլ՝ կուրախանան իրարու յաջողութեամբ, կը տխրին իրարու ցաւով... Եւ մանաւանդ՝ ունին ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՇԱՀԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ... ԵՍԸ ԳԻՏԵՆ ԶՈՀԵԼ ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՆՔ-ի: Սա չէ՞ գլխաւոր ԵՐԱՇԽՈՔԸ ազգերու եւ ժողովուրդներու ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ... Արդէն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ բառը ինքնին կը նշանակէ ԺՈՂՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ... Եթէ կարենանք այս պարզ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԳՈՐԾԻ ՎԵՐԱԾԵԼ, յայնժամ մերը կըլլան եւ յաջողութիւնը, եւ յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը...
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/489977634426687?ref=notif¬if_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել