mecarencԸստ ականատեսների, Միսաք Մեծարենցը «Նարեկացիին հետ» հոդվածը գրել է կյանքի վերջին ամիսներին: Բոլոր ժամանակների մեծ մտածողը` Նարեկացին, Մեծարենցի պաշտամունքն է եղել, իսկ սեղանի գիրքը եղել է «Նարեկը»:

Կյանքի վերջին օրերի նրա միակ զրուցակիցը՝  Նարեկը,  Մեծարենցի բնորոշմամբ` «ալեկոծութիւն մըն է. հոգեկան վրդով մրրիկ մը», որն իր բոլոր «ծփծփումներուն ու յորձանքներուն ետին, յաւիտենական, երջանիկ, անշիջանելի գաղափարը ունի պահած»:

Նարեկացիին հետ

Խուցիս ճերմակ վարագոյրները կը սարսռան. գետընթաց հո՜վն է դարձեալ, որ ապակիները կ՚ալեկոծէ ու կը փռուի մինչեւ բաղձանքիս աւազներուն վրայ։

Հո՜վն է դարձեալ. խուցիս աշունը՝ դեղին ու կարմրորակ տերեւի անդրադարձ խոշոր կայլակներով արցունքոտած՝ իղձի ու թախծութեան ամպոտ վայրկեանի մը մէջ՝ կը սպասէ աղօթքին։ Նախնականութեան բաղձանք մը՝ երկիւղով մակարդուած, առհաւութեան հեռալուր ձայն մը՝ կարծես հովին արհաւրոտ ձայնին ընդխառնուած՝ յետոյ անկէ տարանջատ՝ կը կոթողուի մէկէն հոգիիս մէջ։ Ու բոլոր ուրուագիրներուն ու պատկերներուն մէջէն, որոնք անոր շրջանը կ՚ընեն հիմակ, բոցով շրջանակուած դիմագիծ մը, հայեցողի միստիք, մշուշոտ, աղօթաւոր կենդանագիր մը կ՚որոշագծուի հոն մինչեւ ճակատին ակօսները՝ զորս Մեղքի գաղափարին արօրն է քաշած. մինչեւ աղերսարկու աչքերուն թախծոտ նայուածքը՝ աստուածեան հուրով մը տոգորուած. ու մինչեւ շուրթերուն աղօթկեր երերումն ալ։ Նարեկացի՜ն է. սրբութեան իղձին կրակովը վառուած անշէջ մորենին, մեծ աղօթասաց բանաստեղծը՝ որ կը հառաչէ.

«Մատուցեալ եդեալ ի հուր թախծութեան անձին տոչորման՝ զպտուղ ըղձից ճենճերոյ սասանեալ մտացս, բուրվառով կամացս առաքել առ քեզ…»:

Հո՜վն է դարձեալ. եւ անոր հեւքին հետ, իրար բախող ձայներու մակընթացութեան մէջէ՝ն անտես ու զգալի աստուածն է, որ կ՚անցնի, եւ հոգին կը տարուի յորձանքներէն, երկիւղի խորանին առջեւ իր աղօթքը աղաղակելու.

«Ընկա՛լ քաղցրութեամբ, Տէ՜ր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս, բացադրեա՛ վերնային, զմոլելոյն մառախուղ. պարփակեա՛ քո ձեռամբդ զառաստաղ տաճարիս. գծագրեա՛ քո արեամբդ զմուտ սեմոց սենեկիս. տո՛ւր հանգիստ բերկրութեան մահահանգոյնս նիրհման…»:

Որքա՜ն քաղցր պիտի ըլլար այս ամպամած գիշերոտ տիւին մէջէն ընդնշմարել յանկարծ կապոյտ բարութիւնը՝ որ ճառագայթով մը ժպտէր հոգիի սրահակներուն մէկ ծերպէն՝ եւ աղերսագին կանչե՛լ.

«Պաղատիմ առ քեզ լուսոյ ճառագայթ…»:

Բայց, ահա՛ ճառագայթն է. «ամենափայլ ճառագայթը», «խոստովանեալ լոյսը», «արփիացնցուղ ցօղը», «տօնելի խոնարհութիւնը», «փրկական համբոյրն» է այդ ոսկեթել նուրբ շառայլը՝ որ կը սահի հոգիին խորը՝ քայքայուած երազներու տրցակը ժապաւինելու։

Նարեկը ալեկոծութիւն մըն է. հոգեկան վրդով մրրիկ մը եւ ալեկոծութիւն մը՝ ուր բառերն ու կշռութիւնները ալիքներու բախումին չափակցութիւնը՝ անոնց ինքնակործանման շաչումները՝ անոնց իրարահալած խաղացքն ու անկումները ունին։

Եւ այս ալեկոծութիւններուն մէջ, յորձանքներու ափը ընկած պզտիկ նաւակ մը կայ, զոր կոհակները ոչինչի մը պէս ձեռքէ ձեռք կը նետեն, մինչեւ խորտակում.

«… Ուստի նաւն ի բախմանէ վայրենի ալեացն խորտակեցաւ»:

Հոս պատկերի խիստ ու նկարչական ճշգրտութիւն մը կայ, իր մանրամասնութիւններուն ու ամբողջական ներկայացումին մէջ ալ՝ այնքան հուժկու ու իրախնդիր՝ որ նմանութիւնը հրաշալի կերպով կ՚անձնացնէ.

«Թեւնոց ձեռնարկութիւն քայքայեցաւ, կայմն ամբարձման՝ ի կայից իւրոց խլեցաւ, առագաստին թռչարան յանկարկատելի ծուէնս պատառեցաւ, շինուածոյն շուք անզարդեցաւ, առասանք ձգողականացն խզեցաւ, տեսարան գլխոյն դիտակի խոնարհեցաւ, ապավանդակին պարան կտրեցաւ, ապաւինութիւն խարսխին լուծաւ, սամիք ուղղչացն յետոց գալարեցան, ղեկացն կառուցմունք անդրէն սուզան, գոգք ամփոփման ծոցոյն կազմածոյ անարգեցան, խելք շրթանցն եզերաց խախտեալ ոստեաւ…»:

Բայց դեռ չէ՛ վերջացած նկարագրութիւնը այս նաւաբեկութեան. հապա նաւուղիղն անձկութի՜ւնը.

«Նաւուղիղն հանդէպ նաւին դեգերեալ ողբայ. ձեռն ի ծնօտի եդեալ՝ արտասուաց գետս իջեցուցանէ»:

Եւ հուսկ ապա խլեակներու թախծագին երերումը ջուրերուն վրայ…

«Նշմարք սակաւ մնացուածոցն՝ ի ծայրից ծփմանց ազդելոյ ծովուն, իբր խողխողեալ բանաւոր, ողորմագին թախծանօք հեծէ»:

Նմանութիւնը հոս կը վերջանայ՝ բայց անդին հոգեկան վերականգնումին յոյսը կայ՝ թէեւ քիչ մը երկուական՝ ինչպէս ճառագայթ մը մշուշի մէջ նշուլացած.

«Իցէ՞ արդեօք տեսանել զփշրեալս նաւ ողբալի հոգոյս ողջացեալ. արդեօք մտի՞ց ի խրախճանութիւն խորանին լուսոյ՝ քեւ առաջնորդեալ…»:

Բայց վերջապէս մշուշը կը փարատի, ու ոսկի ճառագայթը կը փայլփլի յստակ.

«Իսկ եթէ լոյս ողորմութեան բարերար կամաց քոց ցուցցի, գթութեան քո դուռն բացցի, ճառագայթ փառաց քոց ծաւալեսցի, առաւօտիդ ըղձալի տեսիլ մերկասցի, առատութիւն քաղցրութեան քո աղբերասցի…»:

Ու հոգին ցանկալի ցոլարձակ Վաղորդայնը…

Ահաւասիկ ուրիշ նմանութիւն մըն ալ՝ խեղդուողին նմանութիւնը՝ ուր բառերը պատկերին տեսողական ու ձայնագրական ճշդութիւնները միայն կը ցոլացնեն.

«Եւ քանզի ի ծուփս բացմավտանս ալետանջ հողմոյ սաստկապէս զզուեալ ուժգին լալկանօք իսպառ տագնապմամբ ի ծովին, փոխեալ ընկեցեալ ի վտակն վայրենական ողողիչ. առ որս զմատունս ձեռացս այսր անդր տարբերեալ, իբր ի յուսանաց գետոց գարնանազայր գետոց, արտաձգեալ յակամայ ընթացս ողորմագին գլորման, ջրակուլ ոգեսպառ պղտորարբութեամբ, դաժանահոտ սկախառն մամռարմատ խառնախռիւ մահաբեր երկամբք վանեալ, ըստ որոց յուղխիցն հեղեղիցն հեղձուցեալ…»:

Եւ այս ալեկոծումներուն ու ծփծփանքներուն վերեւ միշտ կը փթթի փրփուրներուն շուշան ծաղիկին պէս՝ «լոյսի հարս» Աստուածամարին՝ ցնծութեան ու կուսութեան ճերմակ գաղափարը.

«… Անխառն իբրեւ զօդ, մաքուր որպէս լոյս, անշաղախ՝ ըստ նմանութեան պատկերի արուսեկին բարձրութեան, գերազանց քան զբնակութիւն անկոխելին սրբութեանց, երանաւոր խոստմանն տեղի, եդեմ շնչական, ծառ կենացն անմահից՝ բոցեղէն սրովն պարունակեալ…»:

Եւ ի՜նչ աւելի տօնելի ու ցանկալի է, քան այս խաւարամած հոգիին մէջ կայլակող կուսութեան ձիւնաթոյր շիթը.

«Ահա՜ կաթիլ մի կաթին քումդ կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ՝ կենաց ինձ զօրէ…»:

Բայց պահեր կան, ուր վերստին կը բարձրանայ, կը շրջշրջի հոգիին մէջ Մեղքի գաղափարին միահեծան մրրիկը՝ խուռնամբոխ անթուելի տարրերով լեցուն.

«Իսկ մեղանք իմոցս յանցանաց՝ անթիւք. ոմն եւ բիծք իւր, ոմն եւ փուլք իւր, ոմն եւ արմատք իւր, ոմն եւ ճիրանք իւր, ոմն եւ շանթք իւր, ոմն եւ հրդեհմունք իւր, ոմն եւ վիհք իւր…»:

Եւ դեռ անհամա՜ր, անհամա՜ր…

Ուրեմն պէտք է աղաղակե՜լ դարձեալ, իղձի կրակին մէջ աղօթքի խունկովը բուրվառանալ՝ եւ հառաչել թախծութեան երգը.

«Ընդ աղաչուացն նեղելոյ մշտագիշերն խարխափանօք՝ մեծակական ձայնիւ հառաչեմ»:

«Ահա կարկառեմ զկարկամեալ բազուկս հոգւոյս յանուն քո, հզօր…»:

«Լուռ լռութեան սրտիս, Տէ՛ր Յիսուս, որ հնչումն է առ քեզ մեծութեան ձայնի երկար գոչելոյ»:

Թշուառացեալ կիսամեռութեամբ, դիմօք այլայլութեան, տատանմամբ մատանցս, կարկամ հառաչմամբ, նուաղ հեծութեամբ, նրբական ձայիւ, հոգի թախծութեան յոգնամասնեայ տարակուսանաց՝ ողբալով հառաչեմ»:

«Եւ այդ ջուր կամաց եւ կաթ արտասուաց՝ բեկութեամբ հոգոյս մտացս լքմամբ՝ խորտակմամբ սրտիս հեղեալ առաջի…»:

Եւ սակայն այս աղջութիւններուն մէջէն նորէն պիտի ծագի արեւը. լուսաշող այն արեւը՝ որուն առջեւ աղերսագին կը հեծեծէ աղօթողը.

«Միասցի կնիքդ լուսոյ ի գեղ տեսակիս, ամրութեանդ նշան հաստատեսցի ի տիպ դիտակիս, երեւակ կենացդ փայտի ձեւասցի ի պատկեր այտիս, արուեստդ հրաշից ի ճակատիս շուք նշանակեսցի: Մի՛ այլայլեսցէ յինէն դրոշմդ լուսապաճոյճ, մի՛ բարձցի ի տեսանելեացս բբաց ճաճանչդ օրհնութեան…»:

Կամ սա լուսախնդիր աղաղա՜կը կ՚երկնէ.

«Ընդ սկզբան սերմաս լուսոյ զողորմութիւն քո ծագեա՛, ընդ ելից արեւուն՝ արդարութեան արեգակնդ ի յանձկութիւն սրտիս մտցէ ճառագայթ քո փառացդ ի յիմաստիցս խորհրդանոց ջահեսցի»:

«Ամպով կամաց քոց հովանացիր հրաշապէս, հանդարտեցո՛ փայտիւդ կենաց զծովուս մրրիկ…»:

Եւ այդ արեգակը, «անբաւութեան այդ ձայնը», անմատչելի հեռաւոր եւ անընդմիջելի մերձաւոր այնքա՛ն պայծառ, այնքա՛ն բարի է որ…

«Ոչ կիզեր զբերանս լցեալ նանրութեամբ, ոչ ստուերացուցեր զտեսիլ աչացս ի քումդ ակնարկութեան, ոչ խորտակեցեր զդաստակ բազկիս որ անմաքրապէս առ քեզ համբառնայր, ոչ մանրեցեր զոստս իմոց մատանցս ի շօշափելն զբանդ կենաց…»:

Եւ իր ինքնութեանը մէջ լոկ որքա՜ն բաղձալի է այդ «անմուտ արեգակը», որուն կը վազէ մեծ աղօթողին հոգին՝ ինչպէս մարած մոլորակ մը իր մայր արեւին.

«Ոչ փառք են ինձ անձկալի, այլ փառաւորեալն է համբուրելի.՛ ոչ կենացն փափաքանօք, այլ կենարարին յիշատակաւն միշտ ճենճերիմ. ոչ հարսնարանին խնճոյիւք, այլ փեսային անձկութեամբ մաշիմ…»:

Իր մեծ ու քայքայիչ տխրութիւններէն զատ Նարեկցին ունի նաեւ հիւանդագին մելամաղձութիւններ. աղերսարկու, միջանկեալ բացասականներու թախծութիւնը՝ որ հոս-հոն մանիշակի պէս կը նշուլէ.

«Մի՛ լիցի ինձ երկնել եւ ոչ ծնանել, ընթանալ եւ ոչ հասանել, ինձ ձայնել եւ քեզ ոչ լսել, զոհել եւ ոչ ճենճերել…»:

Եւ կամ՝ լուսեղէն վայրկեաններուն մէջ իսկ՝ մեղքի նախազգացման տրտմութիւնը.

«Մի ընձիւղեր զծաղիկ մեղացս…»:

Ու վերջապէս հետեւեալ աղաչանքը.

«Մի՛ մատուցաներ բաժակ դառնութեան ի ժամ ծարաւումի՛ իբր յանկարծադէպս յինից ասպատակ գիշեր մահուն ինձ պատահեսցէ. մի՛ տապ տօթոյն յանպատրաստ պահուն զարմատս հատեալ ցամաքեցուսցէ. մի՛ պահեսցի ինձ սառն մեղացս, եւ մի՛ հոսանք ուղխից կենցաղոյս զիս ողողեսցեն…»:

Բայց բոլոր այս խաւարներուն ու մշուշներուն, ծփծփումներուն ու յորձանքներուն ետին, յաւիտենական, երջանիկ, անշիջանելի գաղափարը կայ պահուած. եւ կու գայ կամքի ու գիտակցութեան արեւոտ այն վայրկեանն ալ՝ ուր երջանիկ ձայնարձակութիւնը կը լսուի.

«Տօնեա՛ զկեալս կորուսեսլոյս վերնականացն պարերգութեամբ»:

Եւ այս վայրկեա՜նը…

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել