Անկսակած որ 31 Մայիսէն ի վեր յատկապէս Պոլսոյ եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը նոր էջ պիտի բանան Թուրքիոյ ձեւական անդորր ապրող քաղաքական կեանքին մէջ: Տասըմէկ տարուան հանգրուան որ յատկանշուեցաւ Րէժէպ Թայէպ Էրտողանի ««Բարգաւաճում եւ արդարութիւն» կուսակցութեան իշխանութեամբ: Այս առումով կարեւոր է հաշուի առնել Թուրք սիւնակագիր Մուրատ Ետքինի ուշագրաւ մէկ յօդուածը որ լոյս տեսած է «Հիւրիիյէթ» թերթին մէջ:
Եէտքին որ հպանցիկ ակնարկ մը նետելով ներկայացուցած է վերջին դէպքերուն ընթացքը հանգած է նախնական եզրակացութեան ըսելով, որ այսօրուան դէպքերը նոր հանգրուանի մը սկիզբն են Թուրքիոյ համար: Լրագրողը Թուրքիոյ դէպքերը չի դներ «Արաբական գարուն» հասկացողութեան ընդհանուր տեսարանին մէջ: Եէտքին նաեւ մատնացոյց կընէ վարչապետ էրտողանի վարկին անկումը, որ արձանագրուեցաւ յատկապէս Սուրիոյ դէպքերէն ետք Արաբական կարգ մը (կարգ մը կըսեմ որովհետեւ Արաբներն իրենք եւս տարբեր կեցուածքներ ունին Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ) երկիրներու եւ արաբ հանրային կարծիքին մօտ:
Հիմա Էրտողան յայտնուած է բուռն քննադատութեան բեմահարթակին: Ոչ միայն անոր համար որ վճռած է մինչեւ վերջ երթալ եւ իրականացնել «Կէզի» պարտէզներու ոչնչացումը (որուն տեղ Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը որոշած է տնտեսական մեծ համալիր մը կառուցել) այլ անոր համար, որ Էրտողանի տուած որոշումէն ետդարձը կրնայ մեծ հարուած տալ իր հեղինակութեանը: Ու ճիշդ անոր համար է որ Ուրբաթ օր սկսած բողոքի հաւաքները կը նկատուին կարեւոր ու աննախադէպ:
Ուրեմն եղածը պատահական դէպք մը կարելի չէ համարել: Եղած դէպքերը բնապահպանութեան դրօշին տակ քալող աքթիւիսթներու եւ «ջղայնացած» քաղաքացիներու բողոքի «ա կցիա» մը չէ միայն: Չմոռնանք նաեւ որ անցնող Մայիս Մէկին եւս բողոքի մեծ հաւաքներ տեղի ունեցած էին Թուրքիոյ մէջ որոնց աւարտին Էրտողանի կառավարութիւնը արգիլած էր նմանօրինակ հաւաքներուն կայացումը:
Հայկական ճակատին վրայ Պոլսահայ աքթիւիսթներու «Նոր Զարթօնք» ընկերակցութեան անդամ Սայաթ Թէքիրի հետ իմ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին ան հաւաստիացուց որ դէպքերը կրնան երկար շարունակուիլ: Թէքիր նաեւ պատմեց որ Հայեր եւս կը մասնակցին բողոքի հաւաքներուն եւ նկարագրեց թէ ինչպէս «Քուրթլուլուշ» մեծաւ մասամբ հայաբնակ փողոցէն բազմահարիւր հայեր մասնակցած են ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած հաւաքի երթերուն: Թէքիր ըսաւ «Շատերը իրենց տուներէն թիթեղեայ կաթսաներ իրարու զառնելով աղմուկի ձայներ կը հանէին, ուրիշներ պնակներ իրար զառնելով կը մասնակցէին բազմահարիւր մարդոց երթին որ կը հատէր «Քուրթուլուշ» թաղամասը հասնելու համար «Թաքսիմ»-ի հրապարակ:
«Թէքիրի խօսքերուն տակ պէտք է նկատել նաեւ, որ հայկական ճակատին վրայ թերեւս առաջին անգամն է որ Պոլսահայերը սկսած են դուրս գալ իրենց պատեանէն: Անոնք երկար տարիներ խխունջի իրենց պատեանէն դուրս գալով, ու իրենց ոտքերը գետին դնելով տարիներու ընթացքին իրենց ժառանգ մնացած վախէն, ահէն, սարսափէն ձերբազատուելով սկսած են բողոքի երթերուն մասնակցիլ որպէս լիարժէք քաղաքացիներ: Անկարելի է չարձանագրել այս փաստը: Ու կարեւոր է նաեւ նկատել, որ որ այս տղաքը առանց որեւէ արտաքին մղումի ամբողջ սփիւռքի (իմա արեւմտահայութեան) խաչը շալկած կը քալեն:
Եթէ մեր յիշողութիւնը չդաւաճանէ պէտք է արձանագրենք նաեւ, թէ ինչպէս նոյն տղաքն ու աղջիկները Սամաթիոյ տխուր դէպքերուն հետ կապուած իջան փողոց ու բողոքի հաւաք կազմակերպեցին, խօսեցան Թուրքին, Քիւրտին Ու Ալէւիին հետ: Հաց կիսեցին անոնց հետ: Այս դէպքերը ի հարկէ Հրանդ Տինքի մեծ դպրոցէն սնունդ առնող տղոց ու աղջիկներու առաջին քայլերն են որոնց հանդէպ Սփիւռքն ու Հայաստանը լուրջ պարտաւորութիւններ ունին:
Վերադառնալով Պոլսոյ դէպքերուն նկատելի է նաեւ Արաբական կարգ մը արբանեակային կայաններուն դէպքերուն ընթացքին աւելի տարողունակ տեղ տալու երեւոյթը: Հոս եւս քաղաքական մեծ աքցանի մը ճշմարտութիւնը կայ: Շատ մը լրագրողներ Էրտողանը որպէս բռնակալ կը ներկայացնեն ու պարզ է նաեւ, որ անոնք Սուրիական տագնապի պատուհանէն նայելով դէպքերու ընթացքին գոհունակութիւն մը կապրին արեւմուտքին բացատրելով որ եթէ Պաշշար Ասատը ձեր կարծիքով բռնակալ մըն է ահա Էրտողանը որ պակաս բռնակալ մը չէ ու տեսէք, թէ ան ինչպէս կը ճնշէ բազմութիւնները, տեսէք թէ ինչպէս Պոլսոյ ոստիկանները արցունքաբեր կազեր կը թափեն անզէն ու «քաղաքակրիրթ» ցուցարարներուն վրայ:
Բացի անկէ այս ամբողջ ընթացքին Արաբ որոշ Իրանամէտ Մէտիայի եւ ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ որոնք Սուրիական արիւնայեղութեան եւ վայրագութիւններուն ամբողջ արեան մեղքը կը փաթթեն նոյն Էրտողանի վիզին առիթ չեն փախցներ Էրտողանը որպէս բռնակալ ներկայացնելու:
Տեսակէտ է: Այսօր կռիւը բաց է բոլոր ճակատներուն վրայ ու Իրանեան մօտեցումէն կամ Ռուսիոյ շահերէն առաջ Արաբ լրագրողները այս Ֆոնին վրայ չեն մոռնար զիրար «յօշոտել» բառին ամբողջական իմաստով: Խորքին մէջ Թուրքիոյ մէջ պատահած այս ցնցումը Պաշշար Ասատի հետեւորդներուն ու անոր պատուիրատուներուն համար պիտի շահարկուի որ Սուրիոյ վրայի սեւ ամպերը հեռացուին քիչ մը:
Հիմա նոյնիսկ չեմ զարմանար որ նոյն այդ արաբ «բարեկամները» կրնան խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին, քիւրտերու արդար իրաւունքներուն,Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման մասին, լրագրողներու եւ խօսքի ազատութեան մասին: Այսօր յստակ է, որ 31 Մայիսի Թուրքիան շատ պիտի տարբերի առաջուան Թուրքիայէն: Ու փաստ է որ էրտողան այլեւս միահեծան չէ իր գահին վրայ: Ան հաշիւ պիտի ներկայացնէ: Ան պարտաւոր է լսելու փողոցի աղմուկը առնուազն:
Թուրք լրագրող Եէտքին այս մասին խօսելով նկատել տուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլ աւելի զգօն գտնուած է եւ քանիցս զանգելով Էրտողանին ստիպած է որ պահովական ուժերը դուրս բերուին «Թաքսիմ»-էն, բան մը որ կատարուեցաւ շաբաթ յետմիջօրէին:
Աւարտին երեւելի է որ արեան առաջին մկրտութիւնը ստացած Թրքական այս շարժումը կրնայ նոր հորիզոններ բանալ ամբողջ Թուրքիոյ համար ու լաւ պիտի ըլլայ որ Հայկական կողմի բոլոր բաղակացուցիչները մօտէն հետեւին ընթացքին առանց ամպագոռգոռ ելոյթներու, առանց լօլօներ կարդալու ու առանց Թուրքին հանդէպ արդէն անիմաստ ու օդեկ վերագրումներ կատարելու: Հայրենի եզերքին կամ Սփիւռքի մէջ Ասատի հասցէին միշտ զգուշաւոր, միշտ սպասումով ու յաճախ դրական վերաբերում ունեցողները պէտք է հասկնան որ կարմիր գիծէն անդին բոլոր դէմքերը նոյնն են: Այս առումով մենք ստիպուած չենք այդ մեծ աքցանին զոհերը դառնալու:
Սուրիական արիւնը կամ Թրքական արիւնը համարժէք են: Ոչ մէկը եւ ոչ միւսը մեզի ուրախացնելու տեղիք պէտք է տան:
Պիտի սպասենք որ ամբոխներու բողոքի փրփուրը խաղաղուի եւ ազատութեան նոր առաւօտները իրենց հետ բերեն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին ամէնէնէն Սուրբ պահը՝ ազատութեան պահը: Մենք կողմ չենք կրնար ըլլալ այս պայքարներուն մէջ ու եթէ մարդկային ազատութիւններու մասին կը խօսինք, եթէ մարդու արժանիքներէն կը ճառենք, խնդրե՛մ Սուրիական արիւնայեղութեան ամբողջ տեսաշարը հեղեղուած է այդ պատկերներով որուն դիմաց Սփիռքի եւ Հայաստանի ողջ մտաւորականութիւնը կը շարունակէ պահել իր անհոգ ու անտեսող քար լռութիւնը:
Վերջապէս յուսալի է, որ Հայկական մասնակցութիւնը Պոլսոյ վերջին դէպքերուն ըլլայ զգուշաւոր մասնակցութիւն տրուած ըլլալով որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց տառապանքը փորձ ունի ու որեւէ պահու ինչպէս անցեալի այսօր եւս մեր ժողովուրդը կրնայ ենթակայ ըլլալ անսպասելի հարուածներու: Ճիշդ է որ վերջոյ Պոլսոյ հայերը նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ են, ու մասնակից պէտք է ըլլան երկրի քաղաքական հոլովոյթին բայց զգօնութիւնը այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ: Աւարտին օրերու թաւալքին հետ Թուրքիոյ դէպքերուն ողջ ընթացքը ցոյց պիտի տայ, թէ կատարուած դէպքերը իրապէս դրական ինչ որ բան պիտի «հրամցնեն» դժգոհ ու «Խելագարած ամբոխներ»-ուն: