Դարձեալ լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ենթակայ լեզուներուն մէջ է նաեւ մեր ոսկեղենիկ լեզուն՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ, որ ՈԳԵԿԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է ԳԵՐԵՎԱՐԵԱԼ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ... Առանց ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ եւ անոր հիմքերու հիմքը կազմող ԼԵԶՈՒԻՆ, ՀՈՂԸ կը պարպուի իր ուրոյն մթնոլորտը կազմող ՈԳԻԷՆ եւ կը դառնայ սոսկ աշխարհագրական տարածք: Տարագիր մեր ժողովուրդը՝ Սփիւռքի տարածքին, տասնամեակներ շարունակ, կառչեցաւ իր ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ եւ ի մասնաւորի իր ԼԵԶՈՒԻՆ, ԳԻՐ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ԲԱՌ ՈՒ ԲԱՆԻՆ, որպէս իր ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԷԱՏԱՐՐԻՆ...: Հայրենամերձ հայագաղութներուն մէջ, տակաւին ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ կ՛ապրի ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ, յատկապէս՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Կիպրոսի....տարածքին: Մենք բոլորս պարտաւոր ենք ՄԻԱՒՈՐՈՒԱԾ ՃԻԳԵՐՈՎ, ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵԼԱԿԵՐՊՈՎ նոր ոյժ, աւիւն ու կեանք տալու ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ, որ ոչ միայն մեր հոգեւոր ԳԱՆՁԵՐԷՆ մէկն է, այլեւ բուն բովանդակութիւնը՝ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ... ԿՐՆԱՆՔ ԶԱՅՆ ԱՊՐԻԼ, ԱՊՐԵՑՆԵԼ ԵՒ ՍԵՐՈՒՆԴԷ-ՍԵՐՈՒՆԴ ՓՈԽԱՆՑԵԼ, մեր միասնական ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ, ԿԱՄՔՈՎ, ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ....
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/450841121673672?ref=notif¬if_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել