Սովորական օր պիտի ըլլար Յունուարի Յ1-ը: Սուրճ, ֆէյսպուքեան սովորական գրառում: Յետոյ քիչ անց   «Պլոկ Նյուզ»ի  կարեւոր արձանգանքը,  թէ գրառումդ տեղ գտաւ «Պլոկ Նյուզ»ի էջերուն վրայ:  Բայց այդպէս չեղաւ...   Գիշերը նոյնիսկ  անհանգստութիւն մը կար: Ծանօթս փորձած էր խօսիլ Պէյրութէն, հաւանբար ըսելիք մը ունէր,  չեղաւ: Նոյն ծանօթը կը խնդրէր որ Whats Up   ծրագիրը ներբեռնեմ հեռախօսիս մէջ: Այդպէս ալ ըրի, ըսի երեւի ուրախացնող լուր մը պիտի տար հաարզատս: Յետոյ նկարը կ՛երեւար: Ես ինծի ըսի, որ նկարը սովորական է: Սուրիոյ մէջ սպաննութեան նկարներ շատ էի տեսած, յատկապէս Ն. Պէզճեանի՝  ինծի առաքած լուսանկարներու կայքէջի հասցէին վրայ ասկէ ահաւոր պատկերներ ալ կային: Ոչ մէկ ցնցում: Կը սկսէի հերթական աշխատանքիս. սեւ սուրճը՝ առանց շաքարի:  Թարմ երեւանեան առաւօտ, յետոյ՝ հեռախօսազանգ: Կը պարզուէր որ Լաթաքիոյ մէջ անարգաբար սպաննուածը հայորդի Յովսէփն էր: Իմ ճանչցած, ինծի բարեկամ եղած ու քանիցս  մօտս այցելած Յովսէփը: Միշտ յարաշարժ, աշխատանքը սիրող,  օրուան սեւ  հացը աւելի լաւ կերպով վաստակելու աշխատասէր Յովսէփը:

Սուրճը կը դառնար թոյն:

Սեւ Սուրճ՝ թոյնի  համով:

Բայց ի՞նչ գործ ունէր հոն Յովսէփը:

Այս օրերուն բոլորս ալ գիտենք, որ ինչ մեծ արկածախնդրութիւն է Սուրիա հասնիլը: Յովսէփ տասը տարիներէ ի վեր տեղափոխուած էր Պէյրութ եւ  տարի մը առաջ սկսած էր նոր աշխատանքի մը Պէյրութեան Տորա շրջանին մէջ՝ հիմնելով փոքր ճաշարան մը: Տակաւին մահուան լուրը կրնար այդքան ցնցիչ չըլլալ,  եթէ Յովսէփի առած որոշումին մասին չիմանայի: Ան Պէյրութի վրայով մեկնած էր Հալէպ ու  Հալէպէն Լաթաքիա՝  որպէսզի իր անցագիրը նորոգէր: Յովսէփ մտադրած էր Երեւան գալ եւ ամուսնանալ:Թերեւս ան Հալէպցի հարազատներ ունի հիմա Երեւան:  Թերեւս ծանօթներ ունի բայց մէկ է անոր աչքը, ինչպէս շատ շատերունը,  անթարթ կերպով լարուած էր Երեւանի վրայ:

Մեծ հայրենասիրական բառեր չունէր Յովսէփ: Պարզ,  համեստ տղայ մը,  որ ոչ մէկ օր ուզեց տարբեր երեւիլ: Ոչ  մէկ օր յայտնեց քաղաքական ինչ-որ նախընտրութիւն կամ կարծիք: Պարզ  էր բոլոր անշուք, անտեսուած հայորդիներուն պէս,  որոնք Սփիւռքի տարբեր պայմաններուն տակ,  ո՜վ գիտէ ինչ զրկանքներով ու վիշտով  գտած էին հազիւ  կայացման իրենց  ժամանակը: Ու մէկ ալ տեսար մահուան անգութ հնձանը ինչպէս կը քաղէր դեռատի ու անվախ Յովսէփի կեանքը:

Շատեր գորովագութ խօսքեր կը փնտռեն, շատեր մահը կը զարդարդեն բառերով: Շատեր մեխակ ու խունկ կը տարածեն երիտասարդի մը  մահուան , սիրելիի մը մահուան, տխուր մահուան  առթիւ: Այս բոլորը կան: 

Մահը  սակայն լռութիւն կը սիրէ:

Անխօս մունջ ու հանգիստ լռութիւն:

Սակայն Յովսէփի համար այդ ալ չկայ:

Որովհետեւ,  ըստ նոյն աղբիւրներուն ան մնացած է անթաղ: Զինք թալանող ու ապա սպաննողները  Յովսէփը  թողած են   գետնին, անարգելով նոյնիսկ մահուան մեծ խորհուրդը:

Ոչ թէ Յովսէփը թողած են գետնին այլ անոր դին: Անշունչ մարմինն են թողած գետնին:

Թալան, սպաննութիւն, լքում  եւ յետոյ՝  Հայու վսեմ կուրծքը  զարդարող Սուրբ խաչը թողած են դիակին վրայ:

Հիմա ի՞նչ պատում է այս:

Խաչը կը մնայ ու   կը զարդարէ անոր որբ դիակը: Խաչը՝  Սուրիոյ պատերազմին,  որուն  սեւ պատկերները ամէնօրեայ թախիծ, վիշտ եւ ցասում առաջ կը բերեն:

Հիմա արդէն կարեւոր ալ չէ,  թէ ո՞վ  որո՞ւ դէմ կը կռուի:

Ոչ ալ այս տողերով  քաղաքական կողմի մը շեփորը կամ յաղթանակելու բախտին  մասին խօսք պիտի ըլլայ  այստեղ:

Այդ մասին թող  մտածեն  անոնք,  ովքեր առիթ չեն փախցներ Սուրիոյ՝ իբրեւ թէ ոսկի եւ փառայեղ անցեալը գովերգելու:

Թող մտածեն անոնք, ովքեր  արդէն երկու տարիներէ  ի  վեր ծիծաղով, ծաղր ու ծանակով, մխիթարութեամբ կը խօսին իշխող (իբրեւ թէ իշխող) վարչակարգին կատարած չհերոսութիւններուն մասին:

Թող մտածեն անոնք, ովքեր մահը, անմարդկութիւնը, ոճիրը կ՛արդարացնեն:

Անոնք թող մտածեն, ովքեր  ի վերջոյ երեխաներու, տակաւին սպիտակ, բայց արիւնոտ  երեխաներու խանձարուրը տեսնելով իրենց դէմքերուն  նոյնիսկ բողոքի նշան  ցոյց չեն  տար:

Անոնք ի վերջոյ,  որ վարչակարգին կատարած մեծ ոճիրներուն դիմաց, իբրեւ թէ ծայրայեղ Իսլամներուն անկումին, ոչնչացման մասին իրենց քրքիջը կ՛արտաբերեն ...

Ու տակաւին անոնք,  որ   Սուրիոյ  մէջ    կատարուած դէպքերուն դիմաց Թուրքիոյ  խառը մատը կը տեսնեն ...

Իբրեւ թէ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ  հերթական Հայաջինջ պայքար կը տանի:

Այ  քեզի ողբ , կատակերգութեան ողբ:

Այ քեզի մահուան թախիծէն արտաբերուող լեղի  եւ անիրաւ  հերթական գլտորուած սուտ:

Անկարելի է լռել այս ամէն ինչին առջեւ: Անկարելի է կուտակուած  թախիծը դուրս չհանել :

 Յովսէփ Աբգարեանը չկայ այլեւս: Անոր հոգին կը թեւածէ տեղ մը, իր ծննդավայրին,  արեան պատկերին մէջ  թաթխուած Հալէպեան եթերին վրայ...

.....

 Յովսէփ չէր ալ գիտեր որ այս ճակատագրին պիտի ենթարկուէր որովհետեւ կը գիտակցէր, որ ինքը ինչպէս  եւ իր հայրենակիցները Սուրիոյ համար միայն բարին ու լաւն էին կամեցած:

Բայց ....

                       ..............

Կը մնայ յուսալ որ իր հոգին, ուր  ալ թեւածէ հիմա,   տիրացած ըլլայ այն բոլոր պատասխաններուն որոնց համար մենք եւ շատեր տակաւին կը մնանք  տարակարծիք:

Իր հոգիին համար գրուած այս տողերը վստահ եմ սփոփանքի տեսակին կը պատկանին:

Եղածը ահաւոր էր ու այդ ահաւորութեանը դիմաց ճիշդ չէր լռելը:

Թէկուզեւ մահը եւ լռութիւնը զիրար կը փնտռեն յաճախ: Թէկուզեւ  Յովսէփն ու Սուրիոյ մէջ մինչեւ հիմա զոհուածները ունին պատասխանը այն բոլոր հարցերուն որոնք կը մտատանջեն մեզ...

Այն երազով որ օր մը Սուրիական  Հայրենիքին հողը մաքրուի կարմիր արիւնէն:

Մաքրուի ցաւէն ու վիշտէն:

Այդ հողին մէջ մեր մեծ մեռելներուն յիշատակը կայ:

Վառ ու անմոռաց յիշատակը:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել