Ներկայ խառնափնթոր ժամանակներուն, եւ ոչ միայն, մարդիկ եւ ի մասնաւորի նոր սերունդը անհրաժեշտ կարիքը ունին՝ հասարակութեան մէջ գտնուող այնպիսի մարդկանց, որոնք իրենց ապրելակերպով, վարք ու բարքով, բանիւք եւ գործքով, դաւանած ու ապրած արժէքներով՝ դառնան տեսակ մը հասարակական տիպարներ, որոնց կարելի է նայիլ ու օրինակ առնել, դաստիարակուիլ ներքուստ, կողմնորոշուիլ ... ներշնչուիլ: Մեր երկրէն ներս մեծցող մանուկը կամ պատանին ի՞նչ արժէքներով պիտի սնանի արդեօ՞ք...շռայլ կենցաղ, սուղ մեքենայ, հագուստ-կապուստ կամ պալատանման բնակարան ունենալու արժէքներո՞վ... Ի՞նչ չափորոշիչներ կամ արժեչափեր պիտի ունենայ ան իր յետագայ կեանքը ուղղորդելու կոչուած.... Հրապարակէն շատոնց անհետացած կը թուին ըլլալ բարձր հեղինակութիւն ու վարկ վայելող գրողներ, արուեստագէտներ ու մտաւորականներ, որոնք բարոյական ու հոգեմտաւոր մթնոլորտ կը ստեղծէին....ազգն ու հասարակութիւնը կը ոգեշնչէին բարձր արժէքներու եւ իրենց անհատականութեան հմայքով...Ներկայիս, անոնց տեղը կը մնայ թափուր....եւ տակաւ լեցուի հակա-արժէքներով, կեղծ մշակոյթով, մարդը գռեհկացնող բարքերով... Ո՞ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել