Որեւէ հասարակութեան հիմքերու հիմքը ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է, ԿԱՄ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ.... Հայաստանի Հանրապետութեան քսանամեայ կեանքին մէջ, հասարակական-քաղաքական կեանքի որդեգրած արժէքները դարձան վայրի դրամատիրական քաղաքակրթութեան «արժէքները», որոնք կը պայմանաւորուին ազատ շուկայական հաշիւներով... Այլ խօսքով՝ ազգային մշակոյթով սննդաւորուած ու կենսաւորուած արժէքները փոխարինուեցան կեղծ մշակոյթի կամ նոյնիսկ հակամշակոյթի չարժէքներով....որոնց թելադրողը համաշխարհային շուկան է....ազգ ու ինքնութիւն ջնջող սպառողական համաշխարհային հասարակութիւնը, որ կապրի նիւթապաշտութեան, ընչաքաղցութեան, աւելին ու աւելին ունենալու մոլուցքով.... Եթէ ազգային զարթօնք մը տեղի պիտի ունենայ, անհրաժեշտ նախապայման է փոխել այս ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ, որ արդէն սկսած է շատոնց փտիլ արեւմտեան երկիրներու մէջ ալ.... Վկայ՝ տնտեսական ճգնաժամը, ընկերային-բարոյական խնդիրները, որոնց ականատեսն ենք ամէն օր՝ հեռուստացոյցի պաստառներուն վրայ....մարդ էակին մարդկային այլասերումը.... Պիտի ունենա՞նք այդ նոր ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ դէպի մեր հարազատ մշակոյթով սննդաւորուող ազգային-մարդկային արժէքները....եւ կերտենք վերջապէս մեր շատոնց սպասուած ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել