Սեպտեմբերին էր որ, Երեւանեան լրատուական կայքեր կը խօսէին Դաւիթ Գասպարեանի հրատարակած «Եղիշէ Չարենց. Գիրք մնացորդաց»ի արգիլման մասին: Արգիլումը մշակոյթի նախարարութեան որոշումն էր, որուն ի պատասխան Դաւիթ Գասպարեանը ջանասիրաբար  պատախան նամակ մը յղած էր՝ Հանրապետութեան նախագահին: Նամակները տեսայ ու կարդացի: Դաւիթ Գասպարեան կ´ըսէր նաեւ որ  այսպիսի  խնդիրներով չէր ուզեր ՀՀ նախագահը խանգարել: Կայքերը շատ յաճախ զգուշաւոր անտարբերութեամբ կ´անցնէին այս լուրին մօտէն, անգամ Դաւիթ Գասպարեանը կը դժգոհէր ըսելով թէ«մեր լրագրողները հարցէն ընդհանրապէս անտեղեակ լինելով, գրում են իրենց ուզածը... իրանց ուզածը՝ լուր սարքելն է»:

Առաջին հայացքով լուրը կը թուի ըլլալ շատ սովորական, բայց ինչ որ կը վերաբերի Չարենցին, այն արդէն յատուկ վերաբերմունքի, յատուկ հոգածութեան առարկայ կը դառնայ: Քանի մը օր ետք, լուրն արդէն կը մարի: Չարենցը կ´անցնի երկրորդ բլան. բայց միով բանիւ զգալի կը դառնայ անոր ունեցած գոյութենական հզօր ուժը եւ ուղղակի ազդեցութիւնը մեր կեանքերուն եւ էութեան վրայ: Նորէն Չարենցն է թեման, Երեւանի գրական ոլորտին մէջ ապրող մարդոց թեման: Թէ ինչ կը կատարուի գիրքին հետ, այն պարզ չէ: Բայց հետաքրքրականն այն է որ տակաւին Չարենցը կը մնայ հասարակութեան ու «գրական կեանքով» ապրող մարդոց ուշադրութեան կիզակէտը: Ճիշդ կեդրոնը, ու ամէն առիթի ան քաջութիւնը կունենայ իր գլուխը պարզելու, բան մը ըսելու, պոռալու- Չարենցը ան նոյնիսկ մեր մէջ է որ կը պոռայ- յաճախ ջղայնանալու, հեգնելու կամ արարելու պէս: Չարենցը չէ ատիկա, այդ մէկը մեր հաւաքական ոգին է, որ կը պարզուի, կը շարժի, կը մռլտայ, կը խենթանայ տարբեր առիթներով ու տարբեր անգամներ հանդէս կուգայ Չարենցի անուան տակ:

Կ´ուզեմ գրգռել լուրին էութիւնը- կապուիլ հոս- հոն, խօսիլ ընկերներու հետ, խօսիլ անոնց հետ որոնց համար Չարենցը էական արժէք է եւ ոչ գնայուն բան կամ խօսք: Նախ ըսեմ որ ամբողջ Երեւանի մէջ գիրքի արգիլման լուրը անընդունելի կը համարուի: Ուշագրաւ կ´ըլլայ, երիտասրդ գրաքննադատ՝ Արքմենիկ Նիկողոսեանի կարծիքը այդ մասին, գրաքննադատը այդ մասին իմ հարցիս պատասխանելով կ´ըսէ

«Կարող եմ ասել, որ կրկնվել է 1933 թվականի իրողությունը, երբ որ արգելափակվեց «Գիրք ճանապարհին»: Ի դեպ, ես «Գիրք մնացորդացը» չեմ համարում արգելված, որովհետև այդ իբր արգելափակված գրքից կարող են մարդիկ ձեռք բերել Երիտասարդականի անցումի տակի գրավաճառներից: Ես ինքս ունեմ: Մնում է պարզել, թե ինչպես են այդ գրքերը հայտնվել նրանց ձեռքում, եթե գիրքը հանձնվել է Չարենցի տուն-թանգարանին: Նոյն բողոքը  կ´արտայայտէ նաեւ, բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Գրիգորեանը որու կարծիքով՝ «Մարդ կարող է մի գրքում յայտնուած նիւթերի  կամ տեսակէտների հետ համաձայն չլինել, բայց ընդհանրապէս գիրքն արգելելը ընդունելի չեմ համարում»:

Այսպէս շղթայի օղակները մէկ- մէկ քակուեցան: Իսկ ինչ կը վերաբերի Չարենցիհարազատաներուն, այդ արդէն ուրիշ պատմութիւն է: Քանի մը անգամ Չարենցի թոռան՝ Աստղիկ Չարենցին գրելէ ետք, կը յաջողիմ  պատասխանամ մը ստանալ: Բայց անմիջական բարեկամութիւնս չկորսնցնելու նպատակով, անյարմար կը գտնեմ իր կողմէ գրուած տողերը հրատարակել, այդպէս ընդառած ըլլալով իր փափաքին: Պարզ ըսեմ որ Չարենցի պարագաները կը մերժեն ընդհանրապէս խօսիլ այս գրքին, անոր տպագրութեան ու ապա արգիլման հանգամանքներուն մասին:

Չեմ ուզեր չարանալ բայց տակաւին անհանգիստ եմ:Քանի մը օր ետք, Դաւիթ Գասպարեանի հետ հանդիպումս կը կայանայ: Կանուխ աշնան բաւական ջերմ առաւօտ մը, կ´ուղղուիմ իր գրասենեակը ուր յայտնի Չարենցագէտը կը խօսի յուզումով, բայց լիարժէք: Իր բառերուն մէջ առկայ է որոշ երանգի թախիծ մը, այսպէս չհասկցուած ըլլալու ներքին, խորունկ զգացում մը, առնուազն իր ձայնի ելեւէջները կը մատնեն այդ մասին: Մեր զրոյցի ամբողջ տեւողութեան նկատելի է, որ՝ Դաւիթ Գասպարեանի ձայնը քանի մը անգամներ կը խեղթուէր կոկորդին մէջ ու կը նայէր պատին ամրացուած Չարենցի խոշոր պատկերին:

Թեման իր լրումին տանելու համար հոս հարկ կը համարեմ փոքր մէջբերում մը կատարել Գասպարեանի հետ կատարուած բաւական խօսուն  զրոյցէն:Գասպարեան անդրադառնալով գրքի արգիլման հանգամանքներուն,կը բացատրէ իրավիճակը: Գասպարեան իր անձին հանդէպ ուղղուած,գրքին իր գրած յառաջաբանը մերժելի նկատած պատկան մարմիններուն, անգամ Չարենցի հարազատներուն, կը յորդորէ բաց աչքերով եւ ըմբռնումով կարդալ իր այս տողերը:

Ան կ´ըսէ՝ «Իմ համար Չարենցը մահ ու կենաց խնդիր է , իմ ամբողջ կեանքի իմաստը եղած է՝ Չարենցը հասկնալու, Չարենցի տարբեր երեսները հանրութեան ներկայացնելու ու անոր անտիպները գրի առնելու, ծանօթագրելու ու ձեռագիրները բանալու բաւական դժուարին գործը: Չարենցը այդ թուականներին, գիտեր որ պարանի օղակը մօտ էր իր վիզին: Մահը աչքի առաջ էր, Չարենցը չափազանց շիտակ էր, նա ուղղամիտ էր: Անգամ խորհրդանշանների չէր դիմում: Չարենցը  ուղիղ էր, շիտակ, սխրանքի պատրաստ եւ մահը աչքերին առած: Անգամ գաղտնագրումներ չունէր:  Էդ տարիներին, Չարենցը գրած է քաղաքական դէմքերի մասին: Այս գրքի մէջ, այդ ամբողջը կայ: Կան նաեւ սիրային բանաստեղծութիւններ, գրական միջավայրի մասին գրուած կտորներ: Նաեւ սիրային բանաստեղծութիւններ որոնց իմաստը ունի զգայավառ էրոտիկ բնոյթ, դա Չարենցն էր: Չարենցը մահուան միջից ազատութեան ձեւ էր որոնում: Այս ամէնինչին պէտք է մօտենանք հասուն մարդու աչքով: Նրանք ինձ մեղադրում են, էն որ յառաջաբանին մէջ, Չարենցի հասցէին ոչ նպաստաւոր բաներ կան: էնտեղ պաշտօնական մի կարծիք կայ՝ Չարենցի առողջական վիճակի վերաբերեալ: Չարենցը, մի աղջկայ վրայ էր կրակել, Մարիաննա Այվազեանի վրայ: 1926 Թուականի Սեպտ. 5-ին: Այդ օրերին, հետազօտել են Չարենցին եւ փորձաքննել են իրան: Չարենցին տուել են պաշտօնական եզրակացութիւն: Գուցէ դա պէտք էր իրանց եւ բնական էր այդ փորձաքննութիւնը, ես այդ կարծիքը տեղադրել եմ յառաջաբանին մէջ»:

Ուրեմն ի՞նչ պղծումի մասին է խօսքը: Գասպարեան կը բացատրէ Չարենցի դժուար ու վերջին տարիներու հոգեկան խլրտումներուն ու ապրած դժուարին պահերուն մասին, իր խօսքերով, Չարենց կը զգար մահուան ուրուականը իր աչքերուն առաջ ու այդ կերպ, այդ զգայվառ – բառը Դաւիթ Գասպարեանին է- զգացումներով կը փորձէր դուրս գալ սարսափէն: Դաւիթ Գասպարեան կը բացատրէ որ իր գիրը որպէս վկայարան ուղղուած է անոնց դէմ որոնք ՉԱՐԵՆՑԸ կը փորձեն խոտորեցնել, կը փորձեն փոխել անոր դէմքը, կը փորձեն պղծել անորՆայիրեան էութիւնը, անոր արական դիպուկ տեսակը, ոգին, ամէնինչը: Ապահովահաբար անոնցմէ մէկն է Ճէյմս Ռասըլ անունով, հայագէտ մը, որ չես գիտեր ուրկէ ուր եւ ինչու կը փորձէ նոր Չարենց մը հնարել: Չարենց մը որ աւելի մօտ է իրեն քան մեզի:

.......

Իսահակեանի արձանի մօտ եղող գետնացնումերը տակաւին կը շարունակեն մնալ բանուկ եւ խճողուած: Թերեւս վաղը ուրիշ մը, մօտենայ անցումներու գրավաճառներուն հարց տալու համար Չարենցի արգիլուած գիրքին մասին:

Խորքին մէջ մենք բոլորս Չարենցը կը կրենք մեր հոգիներուն մէջ: Քիչ մը վէճ, տխուր պատկերներ, թաց-թաց պատուհաններէ դուրս խոյացող յոյսի կաթիլներ, այս ամէնը եւ Չարենց:

Ան անհասանելի է, Երկիր Նայիրիի ամենազօր Արքան:

Անհաս փառքի ճամբան իրն է... իսկ մենք ընդամէնը ուղեւորներ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել