Մասիս Գասարճեան կը գրէ՝

Նկարին մէջ երեւցողները խեղճ հալէպհայեր են, որոնք առաւօտ կանուխէն հաւաքուած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մուտքին՝ ստանալու 4.000 սուրիական լիրա, որ կը հաւասարի 40 տոլարի օգնութիւն, որոնցմէ մեծամասնութիւնը տուն դարձած է ոչինչ ստանալով:
Երկու տարուայ մէջ որքան ահռելի եւ սարսափելի նկարներ եւ վիտէօներ տեսած եմ, այս նկարին չափ անոնցմէ մէկը չէր ազդած վրաս (կոչեցէք զիս ռասիստ՝ հոգ չէ), բայց այս վարուելակերպին արժանի չեն իմ հարազատները, դրացիները եւ բարեկամները:
Ուրիշ տարբերակ չունիմ, գետնի վրայ ալ չեմ, ուրիշ ձեւով աւելի լաւ միջոց կա՞յ կամ չկայ՝ չեմ կրնար պնդել, բայց կը դատապարտեմ այս մէկը եւ կը ցաւակցիմ այս անարգանքին ենթարկուող բոլոր անհատներուն, ներողութիւն կը խնդրեմ, որ ես ոչինչ չեմ կրնար ընել, կը հասկնամ, որ հաւանաբար չեմ արժանանար այդ ներողամտութեան:
Տակաւին ինչերէ՞ պիտի անցնի հալէպահայութիւնը...



