Նոյեմբեր 1920.
Հերոսական Հաճընի վերջին անկումը
Ն.
3 Նոյեմբեր 1920ը իր անջնջելի տեղը ունի հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան սեւ էջերու շարքին։ Նոյեմբերի այս օրը, 95 տարի առաջ, քեմալական զօրքը կործանեց հերոսական Հաճընը՝ ութ ամիսներ տեւած հայոց ինքնապաշտպանութիւնը ճզմելով եւ վերստին հրոյ ճարակ դարձնելով ու քարուքանդ աւերելով հայակերտ գեղեցիկ քաղաքը։
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման փառապանծ մատեանին մէջ իր յատուկ տեղը կը գրաւէ հերոսական Հաճընը, որ հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն՝ եղաւ անառիկ ամրոցներէն մէկը մեր ժողովուրդի ազատատենչութեան, ամէն կարգի ասպատակներու դէմ խիզախ դիմադրականութեան եւ, մանաւա՛նդ, հայաջնջումի թրքական դարաւոր քաղաքականութեան դէմ հայութեան հերոսական մաքառումին։
95 տարի առաջ, Հաճնոյ հայութիւնը աւելի քան ութ ամիս, մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու վճռականութեամբ, դիմադրեց քեմալական զօրքերու գրոհներուն։
Թուրքեւֆրանսական դաւադիր գործարքի ժամանակներ էին։ Առաջին Աշխարհամարտին պարտուած ու փուլ եկած Օսմանեան Կայսրութեան «աւար»էն յաղթական ախոյեանի իր բաժինը ապահովելէ ետք, Ֆրանսա դաւադրաբար կը փորձէր մերձենալ Քեմալական շարժումին եւ, զայն սիրաշահելու նպատակով, կը խոստանար ազատագրուած Կիլիկիան զիջիլ թուրք ազգայնամոլութեան նորայայտ առաջնորդին։
Թուրքեւֆրանսական այդ դաւադիր գործարքին արիւնալի փորձաքարը դարձաւ հայոց անառիկ ամրոց Հաճընը։ Մուսթաֆա Քեմալ որոշեց ուժեղ գրոհով կոտրել Կիլիկիոյ հայութեան դիմադրականութիւնը՝ հարուածը կեդրոնացնելով Հաճընի վրայ։
Հաճնոյ հայութիւնը ամիսներ ամբողջ քաջաբար ետ մղեց եղեռնագործ թշնամին, յաղթական մարտեր նուաճեց անհաւասար ուժերով մղուած ինքնապաշտպանութեան կռուի ընթացքին, բայց երբ Ֆրանսան ամբողջապէս քաշուիլ սկսաւ Կիլիկիայէն՝ անխուսափելի դարձաւ անկումը անպարտելի Հաճընին։
Հնագոյն ժամանակներէն եկած քաղաք էր Հաճընը՝ Քրիստոսէ առաջ Ա. դարուն կառուցուած իր հռոմէական բերդի աւերակներով հռչակաւոր։ Կը գտնուէր Տաւրոսեան լեռնաշղթայի եռանկիւնաձեւ բլուրի մը վրայ, Ատանա քաղաքէն 160 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք։
Հաճընի մէջ հայեր հաստատուած էին հին ժամանակներէ սկսեալ եւ մինչեւ այսօր պահպանուած, բայց այլեւս կիսաւեր Ս. Յակոբ Վանքը կառուցուած էր 11րդ դարուն։ Հայոց Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին Հաճըն ապրեցաւ իր ծաղկման փառքի օրերը եւ երկար դարեր պահպանեց հայկական իր դիմագիծը նոյնիսկ օսմանեան գրաւումէն յետոյ։
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին Հաճըն ունէր 35 հազար բնակիչ, որուն մօտաւորապէս 30 հազարը հայեր, իսկ մնացեալը՝ թուրքեր, որոնք կը բնակէին քաղաքի արուարձաններուն մէջ։ Քաղաքին առեւտուրն ու արհեստները հայերու ձեռքն էին. հայերն ունէին ինը եկեղեցիներ ու տասնեակաւոր դպրոցներ, որոնց շարքին հռչակաւոր էր «Սահակ-Մեսրոպեան» վարժարանը։ Հաճընի հայութիւնը ենթարկուեցաւ 1896ի համիտեան ջարդերուն եւ 1909ի իթթիհատական կոտորածին, իսկ 1915ի Մեծ Եղեռնի ժամանակ իր կարգին տարագրուեցաւ ու Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մեծ մասով զոհ գնաց թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրին։
1918ի աշնան, Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն եւ Օսմանեան Կայսրութեան պարտութենէն ետք, երբ Դաշնակից ուժերու՝ Ֆրանսայի ու Անգլիոյ միջեւ կնքուած Սայքըս-Փիքոյի պայմանագրով Կիլիկիան դրուեցաւ ֆրանսական հոգատարութեան տակ, շուրջ 8000 Եղեռնէն վերապրած հայեր վերադարձան Հաճըն եւ արագօրէն վերակառուցեցին իրենց հայրենի՛ քանդուած քաղաքը։
Բայց վերականգնումի եւ վերաշինութեան հայկական կենսունակութիւնը շուտով վերստին վտանգուեցաւ 1920ի գարնան, երբ Քեմալի հետ գաղտնի գործարքով՝ Ֆրանսա թուրք ազգայնամոլներուն զիջեցաւ հայկական Կիլիկիան եւ որոշեց իր զօրքը հեռացնել ամբողջ շրջանէն։ Քեմալական բանակը յարձակողականի անցաւ ու ֆրանսական զօրքերու հեռացման հետ գրաւեց, յաջորդաբար, Ուրֆան եւ Այնթապը, Մարաշն ու Սիսը՝ ճզմելով հայոց ինքնապաշտպանութիւնը եւ կոտորելով անզէն հայութիւնը։
Հաճընի հայութիւնը կանուխէն ձեռնարկեց իր ինքնապաշտպանութեան՝ միաժամանակ յուսալով, որ Դաշնակից Ուժերու կողքին կռուած Հայկական Լեգէոնի կազմութեան ձեռնարկած Ֆրանսան այդպէս առանձին՝ իր բախտին չի լքեր հայութիւնը՝ կատաղած թշնամիին դէմ։
Հաճընի հոգեւոր առաջնորդ Պետրոս Սարաճեանի նախագահութեամբ կազմուեցաւ ինքնապաշտպանական խորհուրդ մը՝ հայկական երեք կուսակցութեանց մասնակցութեամբ եւ միասնական ղեկավարութեամբ, ի մի բերելով Հայկական Լեգէոնի լուծարումէն ետք իրենց զէնքերը պահպանած հաճընցի հերոսամարտիկները։
Մարտ 1920ի առաջին օրերէն սկսեալ Հաճըն հերոսաբար դիմադրեց թրքական ամէն կարգի ներխուժումներուն։ Թէեւ լքուած ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ՝ Հաճընի հերոս հայութիւնը շուրջ ութ ամիս քաջաբար դիմադրեց քեմալականներու քաղաք մուտքին, բայց ժամանակն ու քաղաքական պայմանները գործեցին թուրքերու օգտին։ Հոկտեմբեր 1920ի վերջերուն, քեմալականները մտան Հաճըն եւ ձեռնարկեցին պաշարուած քաղաքին մէջ մնացած վեց հազար հայերու կոտորածին։ Չխնայեցին մանուկին, ծերունիին կամ կանանց։ Միայն 365 հայեր կրցան ճեղքել պաշարման շղթան եւ փրկուիլ թրքական արհաւիրքէն։ Նոյեմբեր 3ին աւարտած էր սպանդը Հաճնոյ հերոս հայութեան. ամբողջ քաղաքը հրոյ ճարակ դարձած ու քարուքանդ կործանած էր։
Հաճնոյ հայութեան հերոսամարտը մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն փառահեղ էջերէն մէկը կը հանդիսանայ եւ անջնջելի կը մնայ պահանջատէր հայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ՝ իր արժանաւոր հերոսներով ու ռազմական քաջագործութիւններով։
Նաեւ՝ անմոռանալի կը մնայ իր ահաւոր վախճանին խտացուցած դասերով, որովհետեւ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրէն ետք անգամ, փոխանակ ցեղասպան Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելու եւ քաղաքական հատուցման հարկադրանքին տակ դնելու, Եւրոպան մեղսակցեցաւ դահիճին հետ եւ դարձեալ հայութիւնը զոհաբերեց... ցեղասպանին։
Պատմութեան այդ դաժան դասը չեն մոռնար հերոսական Հաճընով ազգային իրենց ինքնութիւնն ու իրաւատիրութիւնը ամրագրած հայութեան իրերայաջորդ սերունդները։
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել