
Լրագրող ընկերներէս մին, երկու օր առաջ Ֆէյս Պուքի իր «պատ»-ին տեղադրած էր՝ Հալէպահայ երիտասարդ բեմադրիչ՝ Աւօ Գաբրիէլեանի լուսանկարները: Մտածեցի ո՞վ է Աւօն, անցայ ուրիշ պատկերներու: Ժամը ուշ էր, կուզէի քնանալ: Սենեակս ցուրտ էր, վարժ էի արդէն: Դաւթաշէնի մեր փողոցը լուսաւոր էր, դրսում լոյսերը գեղեցիկ պատկեր էին ստեղծել: Աշնան մաքրութիւն ու տերեւների հոսք: Բայց ուրիշ ցուրտ մը կար սենեակին մէջ: Լիբանանեան պատերազմի ցուրտն էր որ կը սփռուէր: Գիտէի որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, մօտաւորպէս 17 հազար առեւանգեալ ու բանտարկեալներ կային, անյայտ կորած, կորսուած մարդիկ որոնց համար ամէն տարուան Նոյեմբերի 17-ին Լիբանանցի ծնողները կը հաւաքուէին, ոչ թէ յիշատակ մը յարգելու այլ բողոքելու …
Չեմ գիտեր այդ լիբանանցիներուն մէջ հայ կար թէ ոչ:
Ցուրտը կը մտնէր մօտս, կը նստէր անկողինին մօտ վրայ դրուած աթոռին, կը բարեւէր ու կ’ուզէր խօսիլ հետս: Քունս կը խանգարուէր: Ամբողջ գիշեր ինծի ցարդ անծանօթ Աւոյին պատկերը կը խանգարէր գիշերուան անդորրը: Ո՞վ էր Աւոն, ինչ գործ ունէր Հալէպի հանրային պարտէզին մէջ: Ի՞նչ կընէր Հալէպի պատերազմի թոհուբոհին մէջ, ի՞նչու չէր յայտնուած Երեւան ուրիշ ընկերներու կողքին, իր ընկերներուն կողքին:
Երջանիկ էր թերեւս Աւօն, որովհետեւ իր սիրած աշխարհին, իր սիրած ճամբաներուն, իր սիրած պատուհաններուն ու նեղ խորտուբորտ ճամբաներուն համար ելած էր ֆիլմ նկարահանելու:
Հալէպը իր հազուր ու մէկ գոյներով, ամայի ու մահ հոտող Հալէպը որուն երանութիւնը ինչ արագ կը փոխուէր վերակոչուելու՝ պատերազմի Հալէպ, պատերազմական գօտի Հալէպ:
……
Աւօն կը կրճատէր ժամանակները, ուղեղիս մէջ բանալով ֆլէշպէքեան պատկերներ: Ետ – առաջ, անցեալ - ապագայ հին խաղ մը:
Բաղրամեան փողոցէն կը հեռանանք, Երեւանեան աշնանային կէսօրէ ետք մը, նոյն խճողուած Երեւանը եւ ճանապարհին խցանումը: Թաքսու վարորդը կը պահէ իր քար լռութիւնը: Նոյն ինքաշարժին մէջ տեսախցիկ, ռէժիսօր եւ օբերատոր: Հոս ալ ֆիլմ կը նկարուի: Սակայն Եերեւանի մէջ արգելքներ չկան, շատ փայլուն կ’աւարտենք ամէն ինչ, սակայն կարծես նոյն հանդիպման պահն է որ կուշանայ, աւդոյին մէջ նստած պահուդ երբ պատուհանէն դրսի տեսարանները լռութեամբ կը դիտես կ’ըզգաս որ բան մը կը հեռանայ քեզմէ եւ ճանապարհը կրնայ ուրիշ տեղ առաջնորդել քեզ: Սա Պէյրութը չէ - սա Երեւանն է, բայց նորէն նոյն մտավախութիւնները, նորէն հին պատերազմին ձայնը որ մէջդ եւ որ կը փորձէ խեղդամահ ընել քեզ:
Ինչո՞ւ Աւոն եւ ինչո՞ւ հիմա:
Արդեօք ան Հալէպի ստուար հայութեան միակ ձայնը պիտի ըլլա՞ր, որ պիտի ուզէր բողոքել պատերազմին դէմ: Արդեօք ան Հալէպի նեղ փողոցներէն, անոր ամայի ճանապարհներէն, պատերազմի շղարշով ու փլատակներէն դուրս ցայտող մնայուն պատկեր մըն էր որ պիտի ուզէր անմահացնել:
Գրող մարդիկը գիտեմ, ապահով սենեակներու մէջ հիմա, իւրաքանչիւրը իր գլխուն ճառին նայելով, այսպէս վերէն նայողի պէս, նստած են բան մը գրելու: Պիտի գրեն ու կը գրեն իրենց ու մեր ուշացած մեկնաբանութիւնները Հալէպի դէպքերուն մասին: Պիտի գրեն ու կը գրեն Հալէպի ժողովուրդին պէտքերուն մասին: Պիտի գրեն անհամ գիրով մը:
Բայց պարոնայք երազը որ՞ն է: Ձեր քունը խանգարուած է հիմա ու դուք կ’ուզէք երազին թեւ տալ: Հալէպը վերածուած է մոխրիկի պատմութեան ճանապարհին, հոն միայն գայլերն են որ կը խաղան: Հոն անտառի օրէնքն է որ կը դառնայ ամէնօրեայ երգ:
Ի՞նչ է ճառը այս ամբողջ պատահածներուն: Կամ ո՞ւր է ելքը այս մահահոտ փակուղիէն, որուն ծայրի լոյսը չերեւիր: Տարբեր ընկերներ, տարբեր բաներ կը գրեն: Մին կ’ըսէ որ Աւոյին խնդիրը շուտով ուրախալի աւարտով պիտի պսակուի, ուրիշ մը կ’ըսէ թէ «քիչ առաջ Հալէպ զանգեգի Աւոյին համար»: Երրորդ մը համակարգիչի էկրանին առջեւ բառեր կը փնտռէ վիճակներուն զգօնութիւն տալու:
Իրօք ո՞ւր է Աւոն, այս գիրը գուցէ բողոքի պահ մըն է իրեն համար:
Իրեն ու իր նմաններուն, ովքեր գերադասեցին, պատերազմի դէմ ըլլալ: Ովքեր հաւատացին որ ինչ որ բան պէտք է փոխուի, ովքեր որ դէմ են արեան, դէմ են մահուան ու կը հաւատան կենաքին:
Ահա ճիշդ ատոր համար է որ Աւոն չկայ այսօր:
Աւոն ձերբակալուեցաւ եւ անյայտ է անորնհասցէն: Հայ երիտասարդ բեմադրիչը որ Արտաւազդ Փէլէշեանի մասին անգամ փոքր ֆիլմ էր նկարած եւ որ ունի խոստմնալից ապագայ կերտելու բոլոր – բոլոր տուեալները չկայ այսօր:
Ան առեւանգեալներու շարքին է հիմա:
Ապրող բացակայ մը:
Անյայտին ու մութին մէջ լողացող մը:
Իր պատկերը պիտի մնայ վառ ու պիտի խօսինք իր մասին այնքան ատեն որ իր ճակատագիրը անորոշ է եւ բնակութեան հասցէն անյայտ:
Գուցէ երբ այս տողերը հասնին իըենց լրումին, Աւոյին մասին լաւ նորութիւն մը ուրախացնէն մեր խռոված հոգիները:
Գուցէ մոռնանք այս ամէնինչը եւ վտարենք անկողինի աթոռին մօտ հիւր եկած ցուրտը ու նորէն սկսինք հաւատալ յոյսի ջերմութեան:
Գուցէ այս ամէնը:
Աւօն մէկն էր որ մեր փոխարէն, որ փորձեց հաւատքը գործի վերածել:
Ուզեց պատմել այս ամբողջին մասին, ուզեց ի վերջոյ բողոքել պատերազմին դէմ:
Հալէպ հոն հեռուն, պատերազմի ծուխերուն մէջէն իր կիսադէմքը կը պարզուի ու միւս բոլոր ընկերներուս որոնց համար կեանքը ամէնօրեայ մաքառում դարձաւ՝ ապրելու համար, ԿԵԱՆՔԻՆ վերադառնալու համար:
Աւարտին հարց պիտի տաք, կը ճանչնայի՞ր Աւոն:
Պատասխանս մէկ է՝ Աւօն մեզմէ մէկն էր ու պէտք է հաւատանք որ պիտի վերադառնայ:
Սագօ Արեան



