Սիւնեաց աշխարհէն էր Եփրեմ Դաւթեանց. ծնած էր Գանձակի Բարսում գիւղը 1868թ.։ Հայրազուրկ էր, ծերունի մօր մը միակ զաւակը, որ հազիւ երիտասարդ՝ 17 տարեկանին, ուսումը կիսատ թողած, հեռացաւ իր ծննդավայրէն եւ միացաւ Երկիր անցնող ու թրքական լուծին դէմ ըմբոստացած առաջին հայ յեղափոխականներու շարժումին։ Եղաւ Մուշ, Սասուն, Վան եւ Կարին։ Այդ ընթացքին ուշադրութիւն գրաւեց իր խիզախութեամբ եւ մարտական ընդունակութիւններով։ Եփրեմ առաջիններէն եղաւ, որ միացաւ նորակազմ ՀՅԴ-ին եւ Յունոյի հրամանատարութեան տակ, իբրեւ տասնապետ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Սարգիս Կուկունեանի արշաւախումբին... Կարսի մէջ բանտարկուելէ եւ դատուելէ ետք, հինգ տարուան աքսորի դատապարտուեցաւ։ 1892-ին աքսորուեցաւ Սիպիր, Սախալին, ուր երկու տարի մնալէ ետք՝ յղացաւ գերաններով նաւակ մը շինելու եւ գետը նետուելով փախուստ տալու ծրագիր մը, որ գործադրեց հայ ընկերոջ մը եւ երեք ռուս ճակատագրակից բանտարկեալներու հետ։ Երեք ամիս տեւողութեամբ արկածախնդրալի ճամբորդութենէ մը ետք՝ Եփրեմ վերադարձաւ հայրենիք։ 1895–1897թթ. ուսուցչական աշխատանքի լծուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Հայերէնի կողքին պարսկերէն եւ թուրքերէն լեզուներուն իր ծանօթութիւնը օգնեց, որպէսզի ապահով շրջագայի Այսրկովկասի եւ Ատրպատականի գիւղերով եւ յեղափոխական գաղափարներով տոգորէ հայ երիտասարդութիւնը՝ «Դէպի Էրգիր» ուղղելով անոնց քայլերը։ Ուղարկուեցաւ Թաւրիզ, որ սահմանը կտրող հայ յեղափոխականներու եւ զինատար խումբերու խարիսխն էր՝ Դաշնակցութեան «Խարիսխ» զէնքի գործարանով եւ հայդուկային պատրաստուած գործիչներու կեդրոնացումով։ 1897-ին Եփրեմ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խանասորի արշաւանքին, իբրեւ ձիաւոր խումբի տասնապետ։ Արշաւանքի յաջող աւարտէն ետք վերադարձաւ Արցախ, քանի մը տարի եւս շարունակեց շրջիկ ուսուցիչ–գործչի իր գործունէութիւնը, մինչեւ որ 1902-ին, Ռոստոմի խորհուրդով, վերջնականապէս անցաւ Ատրպատական: Երբ Իրանի մէջ Սահմանադրական շարժման յեղափոխական առաջին խմորումները երեւան եկան՝ ՀՅԴ-ն զէնքով ու փորձառու մարտիկներով նետուեցաւ կռուի դաշտ՝ Եփրեմին վստահելով դաշնակցական ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը։ Մինչեւ Թեհրանի ամբողջական ազատագրումը եւ Շահի գահընկէցութիւնը շարունակուած կռիւներուն ընթացքին, Եփրեմ դրսեւորեց Իրանի Սահմանադրական շարժման իսկական հրամանատարի փառահեղ գործունեութիւն, որուն համար արժանացաւ ոչ միայն Խանի տիտղոսին, այլեւ Սարդարի՝ իրանական բանակի ընդհանուր հրամանատարի զինուորական աստիճանին։ Սահմանադրական նորահաստատ կառավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ նախ մայրաքաղաք Թեհրանի, ապա նաեւ ամբողջ Իրանի ոստիկանապետ։ Անպարտելի հռչակուած էր Իրանի ժողովուրդին կողմէ: 1912-ին, թագաւորական զօրքերուն դէմ փայլուն յաղթանակ մը տանելէ ետք, երբ Եփրեմ օգնութեան կը փութար իր վիրաւոր զինակիցին, դարանակալ գնդակը վերջ տուաւ անոր կեանքին։ Թեհրանի հայոց եկեղեցին բերուեցաւ վահանի վրայ։ Եւ արժանացաւ ազգային հերոսի ու Սահմանադրական շարժման անվիճելի հրամանատարի փառաշուք յուղարկաւորութեան եւ թաղումին։ Սուրջեի ճակատամարտում զոհված հայորդին թաղված է Թեհրանի Հայկազյան (այժմ՝ Դավթյան) դպրոցի բակում։

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել