Պատմական Հայաստանը կամ Հայկական Բարձրաւանդակը (Մեծ Հայք) կը գտնուի Մերձաւոր Արեւելքի հիւսիս արեւելեան կողմը` Փոքր Ասիոյ եւ Իրանի բարձրաւանդակներու միջեւ։
Պատմական Հայաստանի սահմաններն են. հիւսիսէն՝ Փոքր Կովկասեան լեռնաշղթայ, հարաւէն Կորդուած լեռ, արեւելքէն՝ Ուրմիոյ լիճ, Արաքս եւ Ղարատաղի լեռներ, արեւմուտքէն եւ հիւսիս արեւմուտքէն՝ Անդիպոնտական եւ Անդիտաւրոսեան լեռներ։ Պատմական Հայաստանի տարածութիւնն է մօտ 300.000 քառ. քլմ.։
Հայաստան ունի լեռնային մակերեւոյթ։ Շրջապատի երկիրներուն բաղդատաբար, Հայաստան զգալիօրէն բարձր եւ իշխող դիրք մը ունի։ Ծովու մակերեսէն 1500-1800 մեթր միջին բարձրութեամբ եւ իր սահմաններուն վրայ երկարող բարձր լեռնաշղթաներով, ան կը տիրապետէ թէ՛ Իրանի եւ Փոքր Ասիոյ բարձրաւանդակներուն, եւ թէ Միջագետքի եւ Սուրիոյ տափաստաններուն։ Այս պատճառով ալ կը կոչուի լեռնաշխարհ կամ լեռնակղզի։
- Հայաստանի գլխաւոր լեռնաշղթաներն են՝
Ա) Հայկական Պար, որ Հայաստանի ամենաբարձր լեռնագօտին է.
Բ) Պոնտական Պար,
Գ) Հայկական Տաւրոս,
Դ) Փոքր կովկասեան լեռներ։
- Առանձին գագաթներ՝
1) Արարատ կամ Մասիս, որ կոնաձեւ, մեկուսացած հսկայ լեռնազանգուած մըն է, կը բարձրանայ Արարատեան դաշտի հարաւը։ Մարած հրաբուխ մըն է։ Ունի երկու գագաթ՝ Մեծ Մասիս (5165 մ.) եւ Փոքր Մասիս (3925 մ.)։ Մեծ Մասիսը 4000 մեթրէն վեր ծածկուած է մշտնջենական ձիւնով։ Ոչ մէկ գետ կամ գետակ կը բխի անկէ։ Բուսականութիւնը աղքատ է։ Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր գագաթն է։
Արարատը խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդին վրայ, որ կը հաւատայ, թէ Մասիսը քաջաց ոգիներու դիցարանն էր։
2) Արագած, որ հայկական լեռնաշխարհի մէջ վիթխարի լեռնազանգուած մըն է։ Կը բարձրանայ Սեւանայ լիճին արեւմտեան կողմը, Մասիսի հիւսիսը։ Բարձրութիւնն է 4035 մեթր։ Մարած հրաբուխ մըն է, որուն կատարը ծածկուած է մշտնջենական ձիւնով։ Ունի չորս կոնաձեւ գագաթներ. այդ պատճառով ալ կը կոչուի քառագագաթ Արագած։ Հայաստանի երրորդ բարձր լեռն է։ Անոր վերին լանջերը ջրառատ են. կողերէն կը բխին բազմաթիւ աղբիւրներ, որոնցմէ կը գոյանան լճակներ եւ գետակներ։ Բուսականութիւնը ճոխ է։
3) Սիփան, որ կը գտնուի Վանայ լիճին հիւսիս արեւմուտքը։ Բարձրութիւնն է 4434 մեթր։ Հայաստանի երկրորդ բարձրագոյն գագաթն է։
4) Հայկական Բարձրաւանդակի միւս գլխաւոր սարերուն մէջ յիշատակութեան արժանի են հետեւեալ գագաթները՝ Կապատջուղ՝ 3904 մ., Սրմանց՝ 3650 մ., Թոնտուրեկ՝ 3584 մ., Արտոս՝ 3550 մ., Նեմրութ՝ 3050 մ., Սուկաւէտ՝ 3445 մ.։
- Հայաստանի գլխաւոր դաշտերն են՝
1) Արարատեան դաշտ, որ Հայաստանի ամէնէն ընդարձակ եւ արգասաբեր դաշտն է։ Կը տարածուի Արագածի ստորոտէն մինչեւ Մասիսի ստորոտը։ Արարատեան դաշտին մէկ մասն են Շարուրի եւ Նախիջեւանի դաշտերը։ Բարձրութիւնն է 800-1000 մ., իսկ տարածութիւնը՝ 6600 քառ. քլմ.։ Ամբողջ դաշտը կ՛ոռոգուի Արաքս գետէն, որուն շնորհիւ այս դաշտը Հայաստանի ամէնէն բերքառատ շրջաններէն մէկն է։ Ունի խիտ բնակչութիւն եւ դարձած հայ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի կեդրոնը։ Հայաստանի մայրաքաղաքներէն մեծ մասը, ինչպէս՝ Արմաւիրը, Երուանդաշատը, Արտաշատը, Վաղարշապատը, Դուինը կառուցուած էին Արարատեան դաշտին մէջ։ Հոն կը գտնուի նաեւ Արդի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը։
2) Շիրակի դաշտ, որ կը գտնուի Արարատեան դաշտէն դէպի հիւսիս, Ախուրեան գետի աջ եւ ձախ ափերուն վրայ։ Բարձրութիւնն է 1200-1500 մ.։ Ախուրեան գետը կ՚ոռոգէ Շիրակի դաշտը։ Հին ժամանակ, Շիրակի դաշտը եղած է Հայաստանի ցորենի շտեմարանը։
- Հայաստան ջրառատ երկիր մըն է։ Ունի բազմաթիւ գետեր, գետակներ, լիճեր եւ ջրվէժներ։ Հայաստանի գետերը կը բաժնուին չորս խումբերու։
Ա. Կասպից ծով կը թափին Արաքս եւ Կուր գետերը։
1) Արաքս, պատմական Երասխ գետը, կը կոչուի նաեւ Արազ։ Արաքսը եղած է զուտ հայկական. որովհետեւ իր ամբողջ ընթացքով հոսած է Հայաստանի մէջէն։ Այդ պատճառով ալ, կոչուած է Մայր Արաքս։ Դարձած է հայ ժողովուրդի ուժի, ընբոստութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշը։ Սկիզբ կ՛առնէ Բիւրակնեան լեռներու Սրմանց գագաթէն, կը հոսի դէպի հիւսիս արեւելք, Հայկական Պարը ճեղքելէ ետք կ՛անցնի Բասենի, Արարատեան Շարուրի եւ Նախիջեւանի դաշտերէն եւ Մուղանի դաշտին մէջ Կուր գետին միանալով՝ կը թափի Կասպից ծով։ Իր ճամբուն ընթացքին Արաքս կ՛ընդունի բազմաթիւ հարկատուներ, որոնցմէ են՝ Ախուրեան, Հրազդան, Քասախ, Ազատ, Արփա, Մեղրի, Որոտան գետերը։ Արաքսի երկարութիւնն է 933 քլմ.։
2) Կուր, որ թէեւ հայկական ծագում ունի, բայց Անդրկովկասեան գետ է։ Երկարութիւնն է 1500 քլմ.։ Կը բխի Հայաստանի Արծիան լեռներէն, կը մտնէ Վրաստան եւ Ատրպէյճան, ապա, Արտահանի դաշտը։
Բ. Պարսից ծոց կը թափին Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը։
1) Եփրատ գետը Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն գետն է։ Երկարութիւնն է 2700 քլմ.։ Եփրատ ունի երկու ճիւղ՝ ա) Արեւմտեան, բ) Արեւելեան Եփրատ կամ Արածանի։ Երկու Եփրատները Խարբերդի դաշտին մէջ միանալով կը կազմեն Եփրատ գետը։ Եփրատ կը շարունակէ իջնել դէպի հարաւ եւ կտրելով Տաւրոսեան լեռները կը մտնէ Միջագետք, Իրանի մէջ կը միանայ Տիգրիսին կազմելով Շաթ Էլ Արապ գետը, կը թափի Պարսից ծոց։
2) Տիգրիս գետ, որու երկարութիւնն է 1900 քլմ., ունի երկու ճիւղ՝ ա) Արեւմտեան եւ բ) Արեւելեան։ Երկու Տիգրիսները Սղերդ քաղաքի մօտերը միանալով կը կազմեն Տիգրիս գետը։ Տիգրիս Կորդուաց լեռները ճեղքելէ ետք կը հասնի Միջագետք եւ կը թափի Պարսից ծոց։ Գ) Սեւ ծով կը թափին Ճորոխ, Ալիս եւ Իրիս գետերը։ Դ) Ներքին գետակները, որոնք մեծ գետերու օժանդակներն են, անոնց հոսքը ամբողջութեամբ կը գտնուի Հայաստանի մէջ։
- Հայաստան ունի բազմաթիւ լիճեր։ Հայաստանի երեք մեծ լիճերն են.
Ա) Սեւանայ լիճ, կոչուած է նաեւ Գեղամայ լիճ եւ Գեղարքունեաց ծով։ Կը գտնուի Հայաստանի հիւսիս արեւելքը։ Շրջապատուած է Արեգունիի, Սեւանի, Զանգեզուրի, Վարդենիսի եւ Գեղամայ լեռնաշղթաներով։ Ան ծովու մակերեսէն 1900 մեթր բարձրութիւն ունի եւ կը գրաւէ 1900 քառ.քլմ. տարածութիւն։ Աշխարհի լեռնային մեծ լիճերուն մէջ ամենաբարձր լիճերէն մէկը կը նկատուի։ Իր մէջ կը թափին բազմաթիւ գետակներ, իսկ իրմէ կը բխի միայն մէկ գետ՝ Հրազդան կամ Զանգու գետը։ Անոր ջուրը անուշ է եւ հարուստ ձուկերով։ Ամէնէն նշանաւոր ձուկերն են Իշխանաձուկը եւ Գեղարքունին։ Լիճին հիւսիս- արեւելեան կողմը կը գտնուի Սեւանայ կղզին, որուն վրայ կը գտնուի համանուն վանքը։ Վերջերս Սեւանայ լիճին ջուրերը պակսեցան եւ կղզին ցամաքին միանալով վերածուեցաւ թերակղզիի։
Բ) Վանայ լիճը կոչուած է նաեւ Տոսպայ լիճ, Ռշտունեաց լիճ եւ Բզնունեաց ծով։ Կը գտնուի Հայկական Բարձրաւանդակի հարաւը։ Շրջապատուած է Գրգուռ, Սիփան եւ Վարագ լեռներով։ Վանայ լիճը ծովու մակերեսէն 1720 մեթր բարձրութիւն ունի եւ կը գրաւէ 3764 քառ. քլմ. տարածութիւն։ Իր մէջ կը թափին քանի մը գետեր՝ Բերկրի, Խոշապ, Արճէշ, բայց լիճէն ոչ մէկ գետ կը բխի։ Վանայ լիճին ջուրը աղի է։ Իր մէջ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ բորակ։ Ունի չորս կղզիներ՝ Աղթամար, Լիմ, Կտուց, Առտէր։ Աղթամար կղզիին վրայ կը գտնուի Աղթամար վանքը՝ Ս. Խաչ եկեղեցիով։ Հայաստանի նախաբնիկները Վանայ լիճին շուրջ ստեղծած են Նայիրիի եւ Ուրարտուի պետութիւններն ու քաղաքակրթութիւնները։
Գ) Ուրմիոյ լիճ, որ կոչուած է նաեւ Կապուտակ ծով, կը գտնուի Հայաստանի հարաւ-արեւելքը, ծովու մակերեսէն 1330 մեթր բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնն է 5775 քառ. քլմ. հայկական լեռնաշխարհի ամէնէն մեծ լիճը կը նկատուի։ Ուրմիոյ լիճին ջուրը շատ աղի է. այդ պատճառով ալ անոր մէջ ձուկ չ՛ապրիր։ Ունի բազմաթիւ կղզիներ։
Հայաստանի փոքր լիճերէն են՝ Չըլտըր, Արփի, Արջակ եւ Ծովք լիճերը։
- Կլիմայ եւ բուսականութիւն. Հայաստանի կլիման ցամաքային եւ խիստ է։ Ամառը սաստիկ տաք կ՛ընէ, իսկ ձմեռը՝ սաստիկ ցուրտ։ Ցած վայրերու մէջ կլիման տաք է։ Այդտեղ հիանալի կերպով կ՛աճին խաղող, բամպակ, բրինձ եւ պտուղներ։ Լեռնային շրջաններուն մէջ կլիման բարեխառն է։ Ծովամերձ շրջաններուն մէջ, կլիման բարեխառն զով է։ Լեռները անտառածածկ են, իսկ հովիտները կ՛ընծայեն երկրագործական յարմարութիւններ։
- Հայկական Բարձրաւանդակը հարուստ է բնական հարստութիւններով. նշանաւոր են աղի, պղինձի եւ երկաթի հանքերը։ Հայաստան մասնաւորաբար հարուստ է իր շինանիւթերով։ Շինութեան համար ամէնէն շատ օգտագործուած քարը տուֆն է։ Կան նաեւ պազալթն ու կրանիթը։ Հայաստանի լեռնաշխարհին մէջ կը գտնուին նաեւ հանքային բաղադրութիւններով տաք եւ պաղ ջուրի աղբիւրներ։
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել