ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-Հեղինակաւոր «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձած է Խորհրդային Հայաստանի երկրորդ արդիւնաբերական քաղաքը հանդիսացող Գիւմրիի մէջ 7 դեկտեմբեր 1988-ին տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժին՝ ներկայացնելով քաղաքի ներկայի վիճակը:
«Ֆրանս 24»ի լրագրողները այցելած են վերանուանուած քաղաք, ուր «հազարաւոր մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ իրենց կերտած տնակներուն մէջ»:
Հաղորդավարը նաեւ յիշատակած է, թէ ինչպէս աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր այն ատեն իր «Փուր թուա Արմենի» երգով օգնութիւն հաւաքեց կործանած քաղաքին համար։
«Ֆրանս 24»-ը նաեւ ներկայացուցած է Գիւմրիի գարեջուրի գործարանը, որ դարձած է տարածաշրջանի մեծագոյն գործատունը:
«Եթէ դուք 20 տարի առաջ այցելէիք այս շրջանը պիտի տեսնէիք ամբողջովին փլած կառոյցներ, ամբողջովին կործանած գործարան մը, որուն վերակառուցումը նպատակայարմար չնկատեցին նոյնիսկ խորհրդային մասնագէտները», բացատրած է գործարանին տնօրէնը:
1990-ականներուն՝ քարը քարի վրայ դնելով, կառուցուեցաւ գործարանը, որ այսօր օրական մինչեւ 200 հազար շիշ գարեջուր կ՛արտադրէ:
Անիկա ապրուստ կը հայթայթէ բազմաթիւ աշխատակիցներու, այնպիսի քաղաքի մը մէջ, որուն բնակչութեան առնուազն 60 տոկոսը անգործ է։
«Ֆրանս 24»-ի լրագրողը դիտել կու տայ, որ, այնուամենայնիւ ամէն օր, երբ աշխատակիցները դուրս կ՛ելլեն գործարանէն, կը տեսնեն նոյն տեսարանը, ինչպէս բոլոր գիւմրեցիները արդէն 25 տարիէ ի վեր՝ նախորդ դարաշրջանի հետքերը…
Ներկայացնելով երկրաշարժէն ետք տրամադրուած միջոցներով ստեղծուած փոքրիկ տնակներուն՝ լրատուամիջոցը նշած է, թէ ինչ պայմաններու մէջ կ՛ապրի գիւմրեցի ընտանիք մը, նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ անօթեւան ընտանիքներուն բնակարաններու բաշխման գործընթացին մէջ առկայ փտածութիւնը:
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/shahea.ajemian/posts/374675866011856
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել