Արդեօ՞ք ՀԵՐՈՍ կը ծնին, թէ՞՝ ՀԵՐՈՍ կը դառնան: Ժառանգականութեան արդի՞ւնք է ան, դաստիարակութեա՞ն, կեանքի հանգամանքներո՞ւ....դժուար է պատասխանել: Վստահաբար, նշուած բոլոր գործօնները ունին իրենց էական եւ նոյնիսկ վճռորոշ դերակատարումը: Հերոսը գերազանցօրէն ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ կրող անձն է՝ ազգին, հայրենիքին եւ հաւաքականութեան համար, որոնց հաւաքական շահին համար՝ ան պատրաստ կըլլայ զոհելու ամէն ինչ, նոյնիսկ իր ամէնէն թանկը՝ սեփական կեանքը, անսակարկ եւ անհաշիւ....Այս մտածումները ունեցայ, երբ կը կարդայի ՄՈՆԹԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ մասին, որուն ծննդեան տարեդարձն էր Նոյեմբեր 25-ին....Ճշմարիտ հերոս մը՝ ան, որ անսաց հայրենիքի կանչին, թողելով անձնական կեանքն ու բարօր կեանքը, անմնացորդ նուիրաբերեց ինքզինք յանուն ՀԱՅՈՑ ՀՈՂԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ սրբազան նպատակին, քանզի հաւատաց որ «եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը շրջենք մեր պատմութեան վերջին էջը»....Արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէր ան ներկայիս, երբ հայոց հողը տակաւ կը պարպուի իր ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ, ՀԱՅ ՀՈԳԻԷՆ, ՈԳԻԷՆ....
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել