Ազգերու համաշխարհային ընտանիքին մէջ, երանի իւրաքանչիւր ԱԶԳ իր յատուկ տեղն ու դերը գտնէ, ներդաշնակ՝ իր էութեան, իր պատմութեան, իր մշակոյթին, իր դաւանած ու ապրած ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ.....եւ իր սեփական ԲՈՅՐՈՎ ու ԹՈՅՐՈՎ ճանչցուի աշխարհի մշակոյթներու անդաստանին մէջ....Նոյնն է պարագան մարդ էակին, որ պիտի ունենայ իր յատուկ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄԸ, իր ՏԵՂՆ ու ԴԵՐԸ՝ ազգային հաւաքականութեան մէջ, որ բխի իր սրտի, հոգիի, իմացութեան ՈՐԱԿԷՆ...Ազգի հաւաքական ՈՅԺԸ կարելի է գոյացնել այս կերպով, անտարակոյս, երբ ամէն անհատ ունենայ իր առաքելութիւնը՝ ամբողջութեան մէջ, հարազատ իր էութեան, հարազատ իր խառնուածքին, գիտակցութեան մակարդակին, ոգիին եւ հոգիին....Այս իտէալական կարգն ու սարքը մտածուած էր հազարամեակներ առաջ՝ Հելլէն մեծ փիլիսոփաներուն կողմէ....Արդեօ՞ք շատ է ԻՏԷԱԼԱԿԱՆ...Բայց ԻՏԷԱԼՆԵՐԸ կրնան կեանքի կոչուիլ, եթէ անոնք դառնան համատարած գիտակցութիւն, վճռակամութիւն, յանձնառութիւն....
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/538250506266066?notif_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել