ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ սեփական խղճին հետ հաշտ ու խաղաղ ապրիլն է...Ի՞նչ փոյթ թէ մարդիկ քեզ այպանեն, տարօրինակ գտնելով միամիտ ճշմարտախօսութիւնդ, անոր մէջ այլ յետին նպատակներ ալ փնտռելով....Ի՞նչ փոյթ թէ այլոց շռայլուած բարձրագոչ գնահատանքը երբեք չհասնի քեզ....Ի՞նչ փոյթ թէ անշահախնդրութիւնդ անբնական երեւոյթ նկատուի ներկայ նիւթապաշտ եւ շահախնդիր աշխարհին մէջ...Ի՞ՆՉ ՓՈՅԹ....Կը բաւէ որ սիրով, արժանաւորութեամբ կատարես պարտականութիւններդ.... խօսքդ ըլլայ գործիդ հետ հաշտ....եւ միշտ ձգտիս ընելու աւելին, աւելի լաւը, բարին, գեղեցիկը, ճշմարիտը՝ միշտ ունկնդիր ՆԵՐՔԻՆ ՁԱՅՆԻԴ, որ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ՝ ԱՐԱՐԻՉԻ ՁԱՅՆՆ Է....ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԵՍ-ԻԴ, որ կարծես ամէն վայրկեան կը հսկէ ըրածիդ ու չըրածիդ վրայ, կը զգաստացնէ, կը յորդորէ, կը լուսաւորէ ճամբադ՝ կեանքի ուղեմոլոր ոլորաններուն վրայ....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել