Այսօր, Հայաստանի մէջ, թէ Սփիւռքի հայագաղութներուն մէջ, կը տօնակատարուի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հիմնադրութեան տարեդարձը, կը վերարժեւորուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ գոյիմաստը հայ կեանքէն ներս... Տարիներ շարունակ, հայութեան միայն մէկ հատուածը կը տօնէր այս ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ, մնացեալը անոր տօնակատարութիւնը կը նկատէր ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ատենի ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ: ՄԵնք ընդհանրապէս ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆՑ ժողովուրդ ենք, եւ կը դժուարանանք որեւէ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ կամ ԵՐԵՒՈՅԹԻ ճիշդ տեղն ու դերը գնահատել իր չափին եւ մեր պատմութեան խորապատկերին մէջ, զերծ մնալով կուսակցական, կողմնակցական, հատուածական եւ այլ նկատառումներէ: ՄԱՅԻՍ 28-Ն մենք կը պարտինք գերազանցօրէն ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԵԱՆ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ եւ մի բուռ մարդկանց ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ՝ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ հայրենիքէն մեզի մնացած բուռ մը հողին...., հոգ չէ թէ ատիկա պարտադրուեցաւ թուրքին կողմէ: ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑԸ՝ սակայն, մեր ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՅԱՌՆՈՒՄՆ է վեց դարերու ՊԵՏԱԿԱՆԱԶՈՒՐԿ կեանքէն ետք: Իսկ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ միայն կրնայ երաշխաւորել ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ, ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆԿԱՏԱՐ ՏԵՆՉԵՐՈՒ, ՄԵՐ ՄԵԾ ԵՐԱԶԻՆ՝ ՄԷԿ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԷԿ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ: ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ ՏՕՆԸ՝ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ:
Նյութի աղբյուր՝ https://www.facebook.com/yeran.kouyoumdjian/posts/458057654285352?ref=notif¬if_t=close_friend_activity
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել